ԶԻՆԵԱԼ ՊԱՅՔԱՐԸ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ ՉՈՒՆԻ

Պատմութիւնը

Մեզի կը փաստէ,

Որ խօսքերը

Անիմաստ են,

Եթէ 

Արդարութիւնը

Չի

Պաշտպանուիր

Ոյժով

ԶԻՆԵԱԼ ՊԱՅՔԱՐԸ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ ՉՈՒՆԻ

Որքան կը մօտենայ Սեծ Եղեռնի սկիզբի 100-րդ տարելիցը այնքան հայկական միջավայրին մէջ կ՚աւելնայ աղմկարարութիւնը: Աւելի շատ կ՚աղմկենք, քան լուրջ աշխատանք կը տանինք: Ասիկա աւելի կը վերաբերի պետական ու դասական կառոյցներուն, մինչդեռ զանազան անհատներ, անձնական նախաձեռնութեամբ, յաճախ աւելի կարեւոր զործեր կ՚իրականացնեն, քան այդ հաստատութիւնները:
Այս աղմկարարութեան մաս կը կազմէ երեւոյթ մը, զոր կը բնորոշենք «իրաւական ախտ» եզրոյթով: Ասոր էութիւնը հետեւեալն է. եթէ հայութիւնը պատրաստէ իրաւական փաստաթուղթերու ամբողջական փաթեթ մը ու զայն ներկայացնէ համաշխարհային հանրութեան, յատկապէս՝ միջազգային դատական ատեաններուն, ապա արդարութիւն պիտի կատարուի հայութեան:
Սա պարզապէս «թղթէ շերեփ»ի քարոզչութիւն է, մինչդեռ այդ քաղաքական մուրացկանութիւնը դեռ 1878-ին Խրիմեան Հայրիկը կործանարար յայտարարեց հայութեան համար ու կոչ ըրաւ փարելու «ԵՐԿԱԹԷ ՇԵՐԵՓ»ին: Աւելին, դեռ Ե. դարուն, իր ասոյթը վերադրելով հայոց հին շրջանի թագաւորներէն մէկուն, Հայոց Պատմահայրը՝ Մովսէս Խորենացին, կը գրէր. «Սահման քաջաց՝ զէնն իւրեանց»:
Ցաւալի է նշել, թէ «թղթէ շերեփ»ի քարոզչութիւն սկսած են կատարել նաեւ մարդիկ, որոնք դեռ 2-3 տասնամեակ առաջ ոչ միայն կը քրարոզէին «Երկաթէ Շերեփ»ին անհրաժեշտութիւնը, այլեւ՝ որոշակի մասնակցութիւն կ՛ունենային հայկական ազգային ազատագրական ԶԻՆԵԱԼ պայքարին: Եթէ այս 180 աստիճան շրջադարձը կը կատարուի անզիտակցաբար՝ տուրք տալով մեր օրերու ուղեղալուացքին (հանդուրժողականութի՜ւն, երկխօսութի՜ւն, կնճռոտ հարցերու խաղաղ միջոցներով կարգաւորո՜ւմ եւ այլք), այդպիսիք կրնանք մոլորեալներ նկատել ու ներողամիտ ըլլալ անոնց նկատմամբ, իսկ եթէ կը կատարուի գիտակցաբար, ապա իրւաունք ունինք մտածելու, թէ գոյութիւն ունի ներքին դաւադրութիւն, նոյնիսկ՝ դաւաճանութիւն…
«Թղթէ շերեփ»ականներուն յիշողութիւն թարմացնելու համար, մէջբերենք 27 Յունուար 1973-ին ազգային ազատագրական զինեալ պայքարի ազդանշանը տուած ու անոր հոգեւոր հայր Գուրգէն Եանիգեանին խօսքերը՝ Չինոյի իր բանտախուցէն: Ծերունի հերոսը շատ ճիշդ կը սահմանէ Հայ Դատին էութիւնը՝ մեզմէ գողցուած ու թուրքին նուիրաբերուած մեր հողերուն վերադարձը եւ հայութեան հասցուած վնասներուն հատուցումը: Եանիգեանը կ՚աւելցնէ. «Պատմութիւնը մեզի կը փաստէ, որ խօսքերը անիմաստ են, եթէ արդարութիւնը չի պաշտպանուիր ոյժով: Որեւէ ցեղի ազատութիւնը չի տրուիր ոսկիէ պնակի վրայ»: Այսինքն՝ պէտք է հուժկու բռունցք, ոյժ, որ ծունկի բերէ թուրք թշնամին: Ահա՝ Եանիգեանի պատգամը, որուն ճշմարտացիութիւնը ոմանք այսօր վերատեսութեան կ՛ենթարկեն եւ ազատագրական պայքարի նոր «տեսութիւն» -ներ կը յօրինեն կամ օտարներէն պատճէնելով՝ կը բազմացնեն հայկական միջավայրին մէջ…
Ուսողութեան լեզուով ըսուած՝ հայոց բռնագրաւեալ հողերը թրքական լուծէն ազատագրելու համար, զինեալ պայքարը ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՊԱՅՄԱՆ է: Ոմանք կրնան վիճարկել, թէ անհրաժեշտ ըլլալով հանդերձ, բաւարար չէ: Չենք բանավիճիր այսպէս կարծողներուն հետ: Սակայն հիմնովին կր մերժենք այն բոլոր «ազատագրական» ծրագիրներրը, որոնք կը մերժեն զինեալ պայքարը կամ կը դատապարտեն զայն, եւ նոյնիսկ՝ զայն ահաբեկչութիւն կը բնութագրեն…
Հետեւաբար, Մեծ Եղեռնի սկիզբի 100-ամեակի սեմին, կոչ կ՜ուղղենք մեր ժողովուրդին՝ չտարուիլ սին պատրանքներով ու վերստին փարիլ զինեալ պայքարի գաղափարին, ՕՐ ԱՌԱՋ ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑՆԵԼ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԶԻՆԵԱԼ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԸ: Աշխարհը պարտք ունի հայութեան, եւ այդ պարտքը հատուցելու ԳԼԽԱՒՈՐ — եթէ ոչ ՍԻԱԿ միջոցը աշխարեը դղրդացնելն է հայկական բռունցքի ահարկու հարուածներով, այնպիսի ուժգնութեամբ ու տարողութեամբ, որոնց քով նոյնիսկ թոյլ թուին 1970-80-ականներուն թուրք թշնամին ու անոր դաշնակիցները սահմռկեցուցած հայկական բազուկի հզօր հարուածները:

« ՍՓԻՒՌՔ » թիւ 98
ՅՈՒՆՈՒԱՐ — ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2013 (ԱՐԱՑ-ՔԱՂՈՑ 4505-4506) 1ՔԱՐՎԱՃԱՌԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄԸ

1992-ին, Հ.Հ.-ի Պաշտպանութեան նախարարին հրամանով կազմուեցաւ 5-րդ վաշտը: Վաշտի կազմին մէջ ընդգրկուեցան Վանաձորի «Վանաձոր» եւ «Նժդեհ Ա.Ի.Մ.» (Ազգային Ինքնորոշում Միաւորում) ջոկատներու հիմքին վրայ ստեղծուած մոթօ-հրաձգային (զրահապատ կառք) 2 գումարտակներ եւ 1 հրետանային բաժին: Հրամանատարներ նշանակուեցան Կամօ Յովհաննիսեանը, Արշալոյս Փայտեանը եւ Ժորա Մեջինեանը: Գումարտակը՝ Կամօ Յովհաննիսեանի հրամանատարութեամբ կազմուեցաւ «Վանաձոր» ջոկատի հիմքի վրայ, որուն մեջ մտան նաեւ տղաներ «Յատուկ Գունդ»էն, «Զօրավար Անդրանիկ», «Մեծն Մուրատ» ջոկատներէն: Գումարտակի հրամանատարի առաջին տեղակալ նշանակուեցաւ Լիպարիտ Ղուլեանը, շտապի պետ` Հրայր Յարութիւնեանը, թիկունքի գծով տեղակալ` Սոկրատ Մարգարեանը (քաղաքային խորհուրդի պատգամաւորներ), անձնակազմի գծով տեղակալ՝ Եուրա Ստեփանեանը, սպառազինութեան
գծով տեղակալ` Ստեոպա Ղեւոնդեանը, հրետանիի գծով օգնական` խմբապետ Աբգարեանը՝ (միակ զինուորական կրթութիւն ունեցողը), զինծառայողներու սոցիալ իրաւական հարցերու գծով տեղակալ` Քերոբ Սարուխանեանը, հետախուզութեան պետ` Արթուր Ոսկանեանը (Պասմաչ): Գումարտակը տեղակայուեցաւ «Ծիծեռնակ» ճամբարին մէջ: Մինչեւ Քարվաճառի գործողութիւնը «Վանաձոր» ջոկատը մարտական մկրտութիւն ստացաւ Հ.Հ.-ի արեւելեան սահմաններու պաշտպանութեան ու Լ.Ղ.Ի. Մ.-ի ինքնապաշտպանական մարտերուն
մէջ, Լաչինի միջանցքի պաշտպանութեան ժամանակ: Յունուար-Փետրուար 1993-ի ընթացքին է որ զօրամասը կազմաւորուեցաւ ու համալրուեցաւ: Փետրուարի կէսերուն սկսան հետախուզական աշխատանքները Քարվաճառի շրջակայքին մէջ: Ռազմական գործողութիւնը
կ՛ընթանար գաղտնիութեան պայմաններուն մէջ՝ հրամանատարներու մակարդակով: 22 Մարտին, մինչեւ այս գումարտակին` սահմանային գօտիին մէջ տեղակայուիլը, զօրքի տեղաշարժման ժամանակ զոհուեցան 3-րդ առանձին մոթօ-հրաձգային վաշտի զինուորներ Արքատի Պաղտասարեանը եւ Սպարտակ Վարդանեանը: Հրաման կ՛արձակուի երեք բարձունքներու վրայ գտնուող հակառակորդին յենակէտերը վերադարձնելու: 25 Մարտի` լոյս 26-ին թշնամիին յենակէտերը կ՛անցնին գումարտակին վերահսկողութեան տակ, հակառակորդը կու տայ մեծ կորուստներ: Հայկական կողմը զոհեր ու վիրաւորներ չունենար:
27 Մարտին գումարտակը կու տայ առաջին զոհը՝ Արտաւազդ Սիմոնեանը: Հակառակորդը հրետանիի աջակցութեամբ կը փորձէ վերագրաւել կորսնցուցած դիրքերը: Կռիւին մէջ կը վիրաւորուին Մարթին Միսկարեանը, Վալթեր Սահակեանը եւ Սէյրան Սարգսեանը:
Քարվաճառի ազատագրման գործողութիւնը սկսաւ 1 Ապրիլին: Նոյն օրը զոհուեցան Գուրգէն Սահակեանն ու Արթուր Բեգլարեանը: Ռազմական յաջող գործողութեամբ` 2 Ապրիլին ազատագրուեցաւ շրջանի կեդրոն Քարվաճառը՝ պատմական Հայաստանի՝ Մեծ Հայքի Ծար գաւառի հինաւուրց Քարավաճառ գիւղը, յետագային` Հանդաբերդը: Միաժամանակ երեք ուղղութիւններով յարձակումներ իրականացուցին «Լէոնիտ»-ի ջոկատը` հրամանատարութեամբ Յովսէփ Յովսէփեանի, եւ 3-րդ մոթօ-հրաձգային վաշտը` գնդապետ Ալեքսանտր Թազագուլեանի հրամանատարութեամբ: Գործողութեան ընդհանուր հրամանատարութիւնը յանձնուած էր գնդապետ Եուրի Խաչատուրովին: Գործողութեան ընթացքին Չայքենդ գիւղին մօտ մեր առաջապահզօրախումբը հակառակորդի վերջապահ
զօրախումբի ծուղակին մեջ կ՛իյնայ, որուն պատճառով կը զոհուին գումարտակի հրամանատարի տեղակալ Լիպարիտ Ղուլեանը, դասակի հրամանատար՝ աֆղանական պատերազմի վեթերան Էտուարտ Պետրոսեանը, դիպուկահար՝ (արձակազէն) Խաչատուր Յարութիւնեանը, հետեւակի մարտական մեքենայի մասնագէտ-մեքենագէտ Ահարոն Պաղտասարեանը, կապաւոր Ահարոն Գէորգեանը, ենթասպայ Սերեոժա Մարգարեանը, հետախոյզ Գագիկ Խոսրովեանը եւ 3-րդ մոթօ-հրաձգային վաշտի պարտադիր ծառայութեան զինծառայողներ` Ալավերտիէն Յովիկ Մուրատեանը եւ Էտիկ Արզումանեանը: Գումարտակը կուտայ 18 վիրաւոր, որոնք մարտեր մղելով դուրս կու գան ծուղակէն: Հակառակորդը գլխովին կ՛ոչնչացուի: Յառաջացող մեր զօրամասերը 3 Ապրիլին Նատիրխանլի գիւղի ճամփաբաժանին մէջ կը միանան Մոնթէ Մելքոնեանի զօրախումբին եւ կը կանխուի հակառակորդին կողմէ սպասուող հակայարձակումը: Ամսուն 3-էն սկսեալ գումարտակը կը տեղաբաշխուի Քիլիչլի
գիւղին մէջ: Ամսուն 8-ին կը զոհուի Կամօ Քոչարեանը: Ամսուն 11-ին գումարտակը կը շարժի դէպի Եանշակ եւ Եանշակ Պինաμնակավայրերուն ուղղութեամμ: Յառաջխաղացման պահուն կը զոհուին Ժորա Մեջինեանն ու Գերասիմ Յովսէփեանը: Երկու օր ետք հիւանդանոցին մէջ կը մահանայ Վրոյր Պետրոսեանը: Մեր մարտիկներէն ութը կը վիրաւորուին: Գումարտակը 11 Ապրիլ էն յետոյ կը տեղաμաշխուի Եանշակ գիւղի դպրոցին մէջ, ուրկէ կ՛իրականացնէ
Օմարի լեռնանցքին պաշտպանութիւնը, որուն ընթացքին կը զոհուի Վաչիկ Այվազեանը:
Մինչև զինադադարը գումարտակը կը մասնակցի նաեւ Լ.Ղ.Հ.-ի Մարտունիի, Մարտակերտի, Հատրութի և Հ.Հ.-ի արեւելեան սահմաններու պաշտպանութեան: 1996-ին գումարտակը կը լուծարուի: Մարտական գործողութիւններու ընթացքին ջոկատէն եւ գումարտակէն 24 հոգի զոհուած են, վիրաւորուած` 38 հոգի, 45-ը արժանացած են Հ.Հ.-ի, 24-ը` Լ.Ղ.Հ.-ի պետական պարգեւներու, իսկ Յովիկ Յարութիւնեանը արժանացած է Լ.Ղ.Հ.-ի «Մարտական Խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշանի: Վանաձորի «Արծուաշէն Եւ Որդիներ» հայրենակցական հասարակական կազմակերպութեան եւ Երկրապահ Կամաւորականների Միութեան համատեղ ոյժերով 2 Ապրիլին կազմակերպուեցան շարք մը միջոցառումներ` նուիրուած
Քարվաճառի ազատագրման 20-ամեակին եւ այդ ազատագրական պայքարին իրենց կեանքը զոհած լոռեցի 9 ազատամարտիկներու յիշատակին: «Թէպէտ այդ օրուանից անցել է քսան տարի, սակայն յաղթանակի արժեւորումն ու զոհուած ազատամարտիկների յիշատակի ոգեկոչումը ժամանակակիցներիս պարտքն է: Մեր յարգանքի տուրքը մատուցելով զոհուած ազատամարտիկների յիշատակին եւ մէկ անգամ եւս փառաբանելով ազատամարտի մերօրեայ հերոսներին, լեգենդներին [առասպելներուն,- «Սփ.»] — ում հետ աշխատելու, ստեղծելու պատիւն ունենք հերթական անգամ հաւաստում ենք, որ ոչոք չի մոռացուել եւ ոչինչ չի մոռացուել»,- նշեց «Արծուաշէն Եւ Որդիներ» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Եուրա Ղուլեանը: «Այսօր տարիներ անց նորից յիշատակում ենք եւ յիշեցնում բոլորին, որ կանք, մեր ոգին չի մեռել եւ որ մեր պայքարը շարունակւում է»,- ըսաւ Ե.Կ.Մ.-ի Վանաձորի Խորհուրդի նախագահ Ռազմիկ Մատարեանը: Միջոցառման սկիզμը մասնակիցները այցելեցին Վազգէն Սարգսեանի կիսանդրիին եւ ծաղիկներ դրին` մէկ անգամ եւս յարգելով անոր յիշատակը: Այնուհետեւ այցելեցին Սօս Նալղրանեանի եւ Լիպարիտ Ղուլեանի գերեզմաններուն, զոհուած ազատամարտիկներու պանթէոնին մէջ խնկարկեցին քաջաբար ինկած ազատամարտիկներու յիշատակը: Կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգիստի կարգ: Ձեռնարկին ներկայ էին Երկրապահ Կամաւորականների Միութեան երիտասարդական թեւի անդամները՝ աշակերտ–աշակերտուհիներ, որոնք ծաղիկներ զետեղեցին զոհուած ազատամարտիկներու շիրիմներուն: «Մեր շատ ընկերներ իրենց գլուխը վար դրեցին այսօրուայ յաղթանակի համար, մեր պատանի երկրապահները, իրենց
հոգիի պարտքն ու պարտքի հատուցումն են անում այստեղ ծաղիկներ դնելով զոհուածների շիրիմներին»,- նշեց Ռազմիկ Մատարեանը: «Միջոցառումների շարքն ունի ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեան մեծ ու կարեւոր նշանակութիւն, եւ գտնում
ենք, որ նման նախաձեռնութիւնները ոչ միայն կարեւոր, այլեւ անհրաժեշտ են»,- ըսաւ Եուրա Ղուլեանը: Ձեռնարկներուն շարքը հոս չաւարտեցաւ: Երեկոյեան, Շարլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ «Ձօն Յաղթանակի» խորագիրով տօնական ու յիշատակման հանդիսութիւն: Ճեմասրահին մէջ կազմակերպուած էր ցուցահանդէս` նուիրուած Վանաձորի ջոկատներուն: Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ ՄԻԳ ռատիօընկերութեան պատրաստած «Կանք, Պիտի Լինենք» ժապաւէնը: Ներկայ էին ազատամարտիկներ, Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի վեթերաններ, հոգեւոր այրեր, ազատամարտիկներու ազգականներ, ուսանողներ, դպրոցականներ, զինծառայողներ: Վերջինն երս հանդէս եկան ցուցադրական ելոյթներով: Օրհնանքի խօսքով հանդէս եկաւ Տէր Վահան քահանայ Ազարեանը: Ելոյթ ունեցան Հ.Հ. Ե.Կ.Մ.-ի Լոռիի Մարզային Խորհուրդի նախագահ, գնդապետ Կամօ Յովհաննիսեանն ու Հ.Ա.Հ.Գ.Բ.-ի վեթերան՝ Վազգէն Սիսլեանը: Երեկոյեան, հայրենասիրական կատարումներով հանդէս եկան Լոռիի մարզի կեդրոն Վանաձորի լաւագոյն համոյթներն ու անհատ կատարողները: Հանդիսութեան ողջ ընթացքին կը թեւածէր հայրենասիրական ոգին, կ՛ոգեկոչուէր
զոհուած ազատամարտիկներուն յիշատակը: Հանդիսութիւնը վարեց եւ հայրենասիրական բանաստեղծութիւններով հանդէս եկաւ հանրաճանաչ ասմունքող՝ Ճիւան Սարգսեանը:

Քարվաճառ

ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ
ՔԱՐՎԱՃԱՌ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒԵԼՈՒ
ՄՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑՈՂԻՆ
Թամարա Գրիգորեան

Այս բաց նամակը իրապաշտօրէն կը ներկայացնէ հայ կնոջ մը փոխադրութիւնն ու ամրապինդ հաստատումը Քարվաճառի ազատագրուած հողերուն վրայ: Հոսկէ կը հասկնանք, որ ազգային դաստիարակութիւնն ու գիտակցութիւնը որքաԺն կարեւոր են Հայրենիքի հողերը չլքելու եւ ամէն տեսակ դժուարութիւններու տոկալով անոնց վրայ ապրելու եւ զանոնք ապրեցնելու համար: Գրութիւնը հայրենասիրական քարոզ չէ, այլ` հայրենատիրութեան գործնական օրինակ է բխած սիրտի խօսք:

«ՍՓԻՒՌՔ»

Բարե՚ւ:
Անկեղծ ասած` ես չգիտեմ, թէ ով է այս նամակի հասցէատէրն ու որտեղ է ապրում:
Բայց հաստատ գիտեմ, որ նա կա՚յ:
Երբ մօտաւորապէս մէկուկէս տարի առաջ ես ու ամուսինս (այն ժամանակ դեռ ամուսնացած չէինք) որոշեցինք տեղափոխուել Քարվաճառ, հարցերն ու կասկածները շատ-շատ էին: Մի կողմից հասկանում ենք տարածքի զարգացման անհրաժեշտութիւնը, միւս կողմից` այդքան մեծ փոփոխութիւն: Այստեղի հնաμնակները (նրանք, ովքեր տեղափոխուել են սրանից 10-13 տարի առաջ) մեզ ասում են, թէ հիմա Քարվաճառում ապրելը խաղուպար է, դուք պէտք է մի տասը տարի առաջ եկած լինէիք, որ իմանայիք, թէ դժուարութիւնը ո՚րն է: Հիմա այստեղ լոյս կայ, ջուր կայ, հեռուստատեսութիւն, խանութներ, տրանսպորտ` [փոխադրանի,- «Սփ.»] լաւից, վատից, անգամ համացանց կայ: Ի հարկէ, այդ ամէնը ճիշդ է: Բայց մենք այսօր թողել ենք Երեւանը, որտեղ թատրոններ կան, համերգասրահներ, պատկերասրահներ, խանութներ` հազար ու մի տեսակի, ու որ ամենակարեւորն է` մեր մտերիմ մարդիկ: Ինչո՞ւ եմ սա ասում. որպէսզի պարզ լինի, որ այսօր էլ այդ տեղափոխութիւնը համարեա նոյնք ան դժուար է, որքան եղել է 15 տարի առաջ, քանզի 90-ականների վերջին Հայաստանի միւս բնակավայրերում էլ ամէն ինչ իտէալական չէր:
Վերջնական տեղափոխումից առաջ այստեղ եղել եմ երեք անգամ: Ու ամէն երեկոյ
քնելուց առաջ մտածում էի` արդեօ՞ք ես կը կարողանամ այստեղ ապրել: Մի երեկոյ պատասխանը դրական էր լինում, միւս երեկոյ` անորոշ…
Սակայն երբ վերջնականապէս տեղափոխուեցի այստեղ` յաջորդ օրն իսկ հասկացայ,
որ կասկածելու ու մտածելու ոչինչ չկար. հենց այստեղ ես պիտի ապրեմ ու վե՚րջ:
Ասեմ քեզ, որ այստեղ ապրող մարդիկ սովորական են, բոլորի նման, շատերն այստեղ են տեղափոխուել կարիքից դրդուած` նախորդ բնակավայրում յաջողութեան չհասնելով, ու Քարվաճառը նրանց կեանքը նորից սկսելու մի հնարաւորութիւն է տուել: Կան նաեւ փախստականներ Հիւսիսային Արցախից: Թէեւ քիչ թուով, բայց կան մարդիկ, ովքեր Քարվաճառում են տարածքի զարգացման կարեւորութիւնը գիտակցելով միայն:
Մի գուցէ գալուց առաջ պատկերացումները մի քիչ խորհրդաւոր ու միսթիք [խորհրդաւոր,- «Սփ.»] լինեն, ես հիմա դրանք չեմ ցրի, μայց կը զգուշացնեմ միայն, որ սա ամենեւին էլ արկած չի, եթէ որոշել ես վերջնական տեղափոխուել: Պէտք է պատրաստ լինես դժուարութիւնների` կենցաղայինից մինչեւ հոգեբանական: Ոչ բոլորն են քեզ այստեղ սպասում. նոր եկող ընտանիքների համար տներ չեն կառուցւում: Բայց դա երբեք չի նշանակում, որ դու չպէտք է գաս: Եթէ հաստատ որոշես գալ, մինչեւ քո սեփական տունը կառուցելը, քարվաճառցիները քեզ դրսում չեն թողնի: Հասկանում եմ` ուրիշի տանն ապրելն իր դժուարութիւններն ունի, բայց դրանք անյաղթահարելի չեն ու ժամանակաւոր են: Ասեմ, որ մեր բախտն այս առումով բերել է: Մենք այժմ հոյակապ մարդկանց տանն ենք ապրում:
Բարեկամուհիս, ով ապրում է Ռուսաստանում, իմանալով Քարվաճառ տեղափոխուելու որոշմանս մասին` ի հարկէ, լաւ չհասկացաւ, թէ դա ինչ է նշանակում, թէ ես ուր եմ տեղափոխւում, բայց հասկացաւ, որ ինչ-որ մի տարօրինակ բան եմ անում: Ասում է` Ռուսաստանի օրինակով բացատրի, ասենք, Մոսկուայից ո՞ւր ես գնում: Մտածեցի, մտածեցի ու հասկացաւ, որ չեմ կարող բացատրել: Ասում եմ` Ռուսաստանում չկայ էդպիսի բան: Զարմացել է` այդ ի՞նչ է, որ Ռուսաստանում չկայ, μայց Հայաստանում կայ: Բա, ասում եմ, էդպիսի բաներ էլ են լինում, որ Հայաստանում կան ու Ռուսաստանում չկան: Ասում եմ` այդտեղ պատմութեան ընթացքում դարեր շարունակ հող կորցրած ու պետականութիւնից զուրկ մի ազգ չկայ, որ մէկ էլ յանկարծ դարաւոր կորստից յետոյ հող է ազատագրել իր արիւնով, իր երիտասարդ կեանքերի գնով… Այդտեղ հայ զինուորի արիւնով ազատագրած սրμազան հող չկայ,որին տէր կանգնել է պէտք: Հասկացա՞ր, ասում եմ, որ դու ինձ չես հասկանայ…
Իսկ դու, յոյսով եմ, հասկացար, թէ ինչո՞ւ է անհրաժեշտ, չնայած μոլոր դժուարութիւններին, մեծ ու փոքր խնդիրներին, գալ ու ապրել հէնց այստեղ: Ինչո՞ւ է անհրաժեշտ գիտելիքներդ ու կրթութիւնդ տալ այս տարածքի զարգացման ու ոտքի կանգնեցման համար:
Գիտե՞ս, ամէն օր երբ արթնանում եմ ու նայում եմ շրջապատող լեռներին, լեռների
կատարների մէջ կորած ամպերին եւ հեռուից հպարտ կանգնած Մռաւին` հասկանում
եմ, որ փրիմիթիվ [նախնական,- «Սփ.»] ու անիմաստ են շատուշատ հարցեր, որ կայ մի աւելի մեծ ու հզօր ոյժ, որ օգնում է տարածքի բնակիչներին ապրել ու յաղթահարել ամէն մի փորձութիւն, հասկանում եմ, որ այս հողը վաղուց է կարօտ հայի ու որ իր զաւակներին գրկաμաց է ընդունում…
Մի գուցէ սա քեզ հիմա փաթեթիկ [հոգեյոյզ,- «Սփ.»] թուայ, բայց սա ես առանց որեւէ պաթոսի [վերամբարձութեան,- «Սփ.»] զգում եմ ամէն օր, ամէն անգամ քարվաճառցի փոքրիկների հետ ներկայացման փորձ անելիս, հարցազրոյցի գնալիս, մարդկանց հանդիպելիս ու շրջանի գիւղերն այցելելիս:

Քարվաճառցի բնակիչ Թամարա Գրիգորեան

ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐՆԵՐԸ`
ԶՕՐԻ ԲԱԼԱՅԵԱՆԻՆ

Արցախեան Ազատամարտի Հրամանատարների Յայտարարութիւնը
Զգուշացում Զօրիբալայեաններին

Մենք` որպէս Արցախեան ազատագրական պատերազմի հրամանատարներ,զինուած պայքարով ու արեամբ վաստակած իրաւունքով մեր մարտական ընկերների, Հայրենիքի համար զոհուած հայորդիների եւ նրանց սերունդների անունից յայտարարում ենք.
Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, նրա տարածքային ամբողջականութիւնը, այդ թւում` Արցախի ազատագրուած հողերը կամ դրանց որեւէ մասը մէկ այլ պետութեանը կամ վերպետական կառոյցին զիջելու, ինչպէս նաեւ այդ արժէքները սակարկութեան առարկայ դարձնելու վերաբերեալ հրապարակային յայտարարութիւնները կամ գաղտնի համաձայնութիւնները դիտուելու են որպէս պետական եւ ազգային դաւաճանութիւն:
Ուստի նման դաւաճանական գաղափարների հեղինակներն ու տարածողները պատասխանատուութիւն են կրելու օրէնքի եւ համազգային դատաստանի առջեւ:
Արցախեան ազատամարտի դաշտային հրամանատարներ.
— Վլադիմիր Աղասարեան` Ասկերանի պաշտպանական շրջանի գումարտակի հրամանատար, «Մարտական Խաչ» շքանշանի ասպետ,
— Վահան Բադասեան` Հադրութի պաշտպանական շրջանի 1-ին գումարտակի հրամանատար, «Մարտական Խաչ» շքանշանի ասպետ, ներկայումս` Արցախի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր,
— Հենրիխ Յակոμեան` Ստեփանակերտի պաշտպանական շրջանի 1-ին գումարտակի (Բեկոր Աշոտի Գումարտակ) հրամանատար,
— Արթուր Սարգսեան` Հադրութի պաշտպանական շրջանի 4-րդ գումարտակի հրամանատար, «Մարտական Խաչ» շքանշանի ասպետ,
— Ժիրայր Սէֆիլեան` Շուշիի Առանձնակի Գումարտակի հրամանատար, «Մարտական Խաչ» շքանշանի ասպետ,
— Ռոմելս Ֆաթեան` Հադրութի պաշտպանական շրջանի 2-րդ գումարտակի հրամանատար, «Մարտական Խաչ» շքանշանի ասպետ:

ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ
ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ԲՌՆԱԲԱՐՈՒԻԼ
Հ. Հ.-Ի ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ
Գէորգ Եազըճեան

Ազատ լրագրող, պատմաբան Գէորգ Եազըճեանի ստորեւ լոյս տեսնող երեք գրութիւնները կը հրատարակենք խոր ընդվզումով եւ վիշտով, թէեւ խմբագրութիւնս համաձայն չէ այդ գրութեանց մէջ հանդիպող խիստ եւ ծանր որակումներուն, երբեմն` նոյնիսկ վիրաւորական
արտայայտութեանց հետ: Հակառակ հայոց լեզուի նշանակութեան մասին տեղի-անտեղի ճառախօսութիւններուն եւ գրաւոր ներբողներուն, հայոց լեզուն թրքավայել ցեղասպանութեան կ’ենթարկուի թէ՚ Սփիւռքի եւ թէ՚ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Ցաւալի է հաստատել, թէ վերջինիս մէջ հայոց լեզուասպանութեան դերակատարներ են պատմաբաններ, բանասէրներ, խմբագիրներ եւ իրենք զիրենք մտաւորական հռչակող
ուրիշ կերպարներ: Այս հայազգի արարածները անամօթաբար պաշտպան կը կանգնին հայոց լեզուն իր իսկ հայրենիքին մէջ յօշոտողներուն` ամենատարբեր սոփեստութիւններով փորձելով արդարացնել իրենց դաւաճանական վարքագիծը` վասն կտոր մը հացի չխորշելով ստորաքարշութենէ եւ ստրկամտութեան զանազան դրսեւորումներէ: Եւ դեռ կը շարունակեն գոռգոռալ ու մրոտել հայապահպանութեան եւ հայոց ինքնութեան մէջ հայոց լեզուի առանցքային դերին մասին… «ՍՓԻՒՌՔ»

Հ.Հ.-ի նախագահին կից Հանրային Խորհրդի անդամ, գրքերի հեղինակ եւ ինչոր ֆոնդ-հասարակական կազմակերպութեան նախագահ, կատաղի հայերէնատեաց էակ Իվան Սեմեոնովը վերջերս Երեւանում կայացած եւ Հ.Հ.-ի ազգային փոքրամասնութիւնների իրաւունքների պաշտպանութեան նուիրուած խորհրդաժողովում,
հերթական անգամ իր թոյնն է թափել հայերէնի դէմ ու ցաբռտել: Ի միջի այլոց, նա ասել է (ներկայացնում եմ բնագրի լեզուով` ռուսերէն` թիւրիմացութիւնների տեղիք չտալու համար) (**).
Ստորեւ` թարգմանութիւնը.
«Նա ընդգծեց, որ Հայաստանում որեւէ փաստաթուղթ ստանալու համար ամենուր էք պահանջում են գրաւոր տեսքով դիմել միայն հայերէնով, ինչը հակասում է ընդունուած միջազգային փաստաթղթերին» (հասկանալի է, որ այս արարածը նկատի ունի Հ.Հ.-ի անունից ստորագրուած փաստաթղթեր,- Գ.Ե.) («Տրուզեա Ռոսսիի» [«Ռուսաստանի Բարեկամներ»,- Գ.Ե.] ամսաթերթ, Երեւան, թիւ 7 (158), Յուլիս, 2013, էջ 5):
Ի դէպ, սոյն խորհրդաժողովին մասնակցել է Մոսկուայից եկած մի բարձրաստիճան չինովնիկ [պետական պաշտօնեայ (ռուսերէն, հեգնական),- «Սփ.»], Հ.Հ.-ում Ռուսաստանի Դաշնութեան դեսպանութեան մի ինչ-որ խորհրդական, «Ռոսկոսսոթրուտնիչեսթվօ» [«Ռուսական Պետական Համագործակցութիւն» պետական գործակալութեան յապաւումն է: Գործակալութիւնը Ռուսաստանի եւ աշխարհի շատ երկիրներու մէջ կը զբաղի ռուսերէնի եւ ռուսական մշակոյթի տարածման աշխատանքով,- Գ.Ե.], Հ.Հ.-ում ներկայացուցիչն
ու նրա մի քանի աշխատակիցներ, ինչը Հ.Հ.-ի ներքին գործերին միջամտելու փաստ է, որի համար սրանք պէտք է պատժուեն:
Սրանք արտաբերող Սեմեոնովն ու նրա թիկունքին կանգնած մեծապետականները թող պատասխանեն մի տրամաբանական հարցի. իսկ եթէ արաբ, պարսիկ, չինացի կամ մէկ ուրիշ ազգութեան մարդ Հ.Հ.-ում ցանկանայ իր ազգային-պետական լեզուով փաստաթուղթ ստանալ Հ.Հ.-ի պետական ու ոչ-պետական մարմիններից: այդ դէպքում` ի՞նչ է, Հ.Հ.-ի պետական ծառայողներն ու առհասարակ Հ.Հ.-ի μոլոր քաղաքացիները աշխարհի բոլոր պետութիւնն
երի լեզունե՞րը պէտք է իմանան: Էշութի՚ւն: Փաստօրէն, Սեմեոնովն ու սեմեոնովականները կոչ են անում աղբաման գցել Հ.Հ.-ի Սահմանադրութիւնն իր 12-րդ յօդուածով հանդերձ [Հ.Հ.-ի Սահմանադրութեան 12-րդ յօդուածը կը հռչակէ. «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական լեզուն հայերէնն է»,- «Սփ.»], մինչդեռ հէնց նրանց պէտք է գցել բարոյականութեան աղբանոցը:
Եթէ Հ.Հ.-ի ակադեմական հայագիտական ինսթիթութների [հիմնարկներ,- «Սփ.»] ղեկավարներ` Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Ինսթիթութի տնօրէն Հայկ
Դեմոյեանը օտարալեզու ատենախօսութիւն է ներկայացնում, իսկ Պատմութեան Ինսթիթութի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանը եւ նրա յանցակիցները պաշտպանութեան ընդունելով այդ օտարալեզու ատենախօսութիւնը` թուրքավարի բռնաμարում են հայոց լեզուն, Հ.Հ.-ի Բ.Ո.Հ.-ն [Բարձրագոյն Որակաւորման Յանձնաժողով` Հ.Հ.-ի մէջ պետական մարմին, որ գիտական աստիճաններ կը շնորհէ համապատասխան ատենախօսութիւնը պաշտպանածներուն` ատենախօսութիւնը համակողմանի վերաքննելէ յետոյ,- «Սփ.»] էլ, «վերեւների» ճնշման տակ, հաստատում է «պաշտպանուած» ատենախօսութիւնը` հայցուորին շնորհելով դոկտորի գիտական աստիճան [Հայկ Դեմոյեանի դոկտորական ատենախօսութիւնը «յաջողցնելու» համար բազմիցս անձամμ միջամտած է Հ.Հ.-ի նախագահի անձնակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանը` անշուշտ կատարելով իր «շէֆ»ին քմահաճոյքը…,- Գ.Ե.], ինչո՞ւ օտարազգի սեմեոնովները չուզենան նոյնպ էս բռնաբարել հայոց լեզուն իր իսկ հայրենիքում…

«ԱԶԳ»Ի ԽՄԲԱԳԻՐԸ
ԵՒ ՀԱՅՈՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԼԵԶՈՒՆ(*)

Երեւանեան «Ազգ» օրաթերթի ս. թ. Օգոստոսի 20-ի համարի 2-րդ էջում լոյս էր տեսել իմ արձագանգը Հ.Հ.-ի քաղաքացի, Հ.Հ.-ի նախագահին կից Հանրային Խորհրդի անդամ Իվան Սեմեոնովի` Հ.Հ.-ում հայերէնի դերի սահմանափակման պահանջով մի ելոյթին: Նիւթը «Ազգ»ին, ինչպէս եւ ուրիշ հասցէների ուղարկել էի
էլեկտրոնային փոսթով, թերթն էլ, շատ հաւանաբար` նրա գլխաւոր խմբագիր պրն. Յակոբ Աւետիքեանը յարմար էր գտել դա հրապարակել 2-3 աննշան կրճատումներով` առանց նշելու, որ նիւթն ստացել է էլ-փոսթով, ընթերցողին մօտ այն տպաւորութիւնը թողնելով, թէ շարունակում եմ աշխատակցել այդ օրաթերթին, մինչդեռ աշխատակցութիւնս դադարեցրել եմ աւելի քան 1.5 տարի առաջ, թէեւ դրանից յետոյ յիշեալ թերթում լոյս են տեսել իմ մի քանի գրութիւնները` ոչ իմ կամքով:
Նոյն թերթի Օգոստոսի 27-ի համարում, նոյն էջում եւ նոյն տեղում, «Անդրադարձ» խորագրի եւ «Մի Գրութեան Հետքերով» վերնագրի ներքոյ տպագրուել է գրութեանս վերաբերող մի նիւթ` որտեղ ոչ միայն խեղաթիւրուած են ներկայացուել իմ գրութեան մէջ բերուած փաստերը, այլեւ ինձ է վերագրուել Իվան Սեմեոնովին վիրաւորանքներ հասցնելու եւ անճիշդ տեղեկութիւններ ներկայացնելու զրպարտութիւն: «Ազգ»ի անստորագիր հրապարակման սկզբում յայտնւում է, թէ իմ գրութիւնը «մեծ վրդովմունք է առաջացրել ընթերցողների շրջանում» եւ թէ թերթը այս առթիւ ստացել է բազմաթիւ հեռախօսազանգեր, էլեկտրոնային նամակներ տարբեր գրութիւններ եւ այլն (թերթը «վրդովուած»ներից որեւէ մէկի անունը չի նշել), որոնց հեղինակները վրդովուել են, թէ վիրաւորել եմ «հայրենա-
սիրական մեծ ու կարեւոր գործունէութիւն» տարած Իվան Սեմեոնովին: Ենթադրելի էր, որ Սեմեոնովն այդ հայրենասիրական գործունէութիւնը տարած
պէտք է լիներ Ռուսաստանում, քանի որ նա ռուսազգի է, հետեւաբար եւ նրա հայրենիքն էլ Ռուսաստանն է: Բայց ո՚չ: Պարզւում է, որ նրա հայրենիքը…
Հայաստանի Հանրապետութիւնն է (որը, ով ուզի հաւանի կամ չհաւանի, հայոց եւ միմիայն հայոց հայրենիքի մէկ մասն է), ուր նա շատ օգտակար գործեր է արել` երկրաշարժից տուժածների ու Ազրպէյճանից փախստականների օգնութիւն է հասցրել եւ այլն: Իսկ թէ նման գործերը ի՞նչ կապ ունեն իմ գրութեան μուն հարցի` Հ.Հ.-ում հայոց լեզուի գործառոյթները սահմանափակելու, փաստօրէն` հայոց լեզուն իր իսկ հայրենիքում անարգելու նրա պահանջի հետ` երեւի «վրդովուած»ներին եւ «Ազգ»ի խմբագրութեանն են յայտնի միայն… Սակայն մախաթը չկարողանալով պահել պարկում, «վրդովուած»ները յայտնում են, որ Սեմեոնովի եւ նրա համախոհների «առաջարկը» եղել եւ մնում է «պարզապէս այն», որ Հ.Հ.-ի տրամադրած «տարբեր փաստաթղթեր` ծննդեան, ամուսնութեան եւ այլ վկայականներ (իսկ ինչ են այդ «այլ վկայականները»` միայն սրանց ու Աստծուն են յայտնի, թէեւ մենք էլ գիտենք, որ վերջնանպատակը Հ.Հ.-ում տրուող բոլոր փաստաթղթերին է վերաբերելու, պարզապէս սկզբում բաւարար է մի ճեղք առաջացնել ու նախընթաց ստեղծել) լինեն ոչ միայն հայերէն,
այլեւ զուգահեռ ռուսերէն թարգմանաբար`խնայելու համար նօտարական ծախսերն ու Ռուսաստանում տարμեր թիւրիմացութիւնների պատճառած տաղտուկը:
«Ազգ»ի Օգոստոսի 27-ի յիշեալ հրապարակումից պարզւում է, որ Հանրային Խորհրդում Ի. Սեմեոնովը այդ առաջարկն արել է Հ.Հ.-ում բնակուող ոչ միայն
ռուսների, այլեւ ուքրաինացիների համար: Իմ գրութիւնից «վրդովուած»ները իրենց պահանջը, Սեմեոնովի նման, հիմնաւորում են (sic!) նրանով, որ Հ.Հ.-ն «ի սկզբանէ պարտաւորուել է» դա անել` իր ստորագրած եւրոպական ինչ-որ փաստաթղթերով: Սրանց համար իԺնչ Հ.Հ.-ի Սահմանադրութիւն, իԺնչ նոյն Սահմանադրութեան 12-րդ յօդուած, իԺնչ Հ.Հ.-ի «Լեզուի մասին» եւ ուրիշ օրէնքներ, իԺնչ բան: Միայն թէ թարգմանչի եւ նօտարի ծախսեր չանեն եւ
Ռուսատանում «թիւրիմացութիւններ» չլինեն (երեւի Ուքրաինան էլ արդէն Ռուսաստան են դարձրել կամ այդպէս են իրականացած երազում որոշ մեծապետականն
եր…), հայոց լեզուի հերն էլ անիծած:
Զրպարտագրի վերջում, «Ազգ»ն իր անունից «խոր ցաւ» է յայտնում իմ գրութիւնը տպելով իր «թոյլ տուած սխալ տեղեկութիւնների եւ պատճառած վիրաւորանքի
համար» եւ ներողութիւն հայցում Իվան Սեմեոնովից եւ «ռուս համայնքից»:
Եւ այսպէս, Հ.Հ.-ում ընդամէնը 14 հազար հոգի հաշուող «ռուս համայնք»ին պէտք է ներողութիւն յայտնեն նրանցից աւելի քան հարիւրապատիկ հայերը`
մենակ թէ մեր քեռիները չնեղանան…
Իմ գրութեան մէջ, յղելով «Տրուզէյ Ռոսսիի» երեւանեան ռուսալեզու ամսաթերթին, յայտնել էի, թէ Սեմեոնովը վրդովւում է, որ Հ.Հ.-ում փաստաթղթեր ստանալու համար իրենից եւ ուրիշներից պահանջում են դիմումները ներկայացնել միայն հայերէնով, ինչը նա համարում է Հ.Հ.-ի ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւնների ոտնահարում: Իսկ իմ գրութիւնից «վրդովուած»ները այս մէջբերուած փաստը քեանտրպազի [լարախաղաց,- «Սփ.»] վարպետութեամբ շուռումուռ են տուել եւ օտարալեզու փաստաթուղթ ստանալու իրենց պահանջը (ո՞ւմ պարզ չէ, որ եթէ օտարալեզու դիմումնագիր են ներկայացնում, այդ լեզուով էլ փաստաթուղթ են պահանջում) վերածել «հայերէնին զուգահեռ» ռուսերէն փաստաթուղթ ստանալու պահանջի: Չափահաս տարիքի մարդի նման վարուելակերպը կա՚մ մանկամտութիւն է, կա՚մ` խեղաթիւրում, մինչդեռ երկուսն էլ ոչ միայն անյարմար, այլեւ ամօթալի են խելահաս անհատի համար:
Սոյն զրպարտագրի առթիւ երμ այսօր առաւօտեան հեռախօսազրոյց ունեցայ «Ազգ»ի գլխաւոր խմμագիր պրն. Յակոբ Աւետիքեանի հետ, զգայացունց նոր յայտնագործութիւնների ականջալուր եղայ: Աւելի քան կէսդարեայ իմ կեանքում առաջին անգամ լսեցի հայ մտաւորական եւ կուսակցապետ անհատից, թէ հայի հայրենիքը կարող է Հայաստանը … չլինել, թէ ռուսի հայրենիքը կարող է լինել … Հայաստանը եւ նման, պարզապէս անընդունելի տեսակէտներ, մինչդեռ «հայի միակ հայրենիքը Հայաստանն է», «Ռուսի միակ հայրենիքը Ռուսաստանն է» եւ նմանատիպ ձեւակերպումները աքսիոմներ [ապացուցման կարիք չունեցող հաստատումներ,- «Սփ.»] են, անքննելի ճշմարտութիւններ` աւետիքեաններն ու սեմեոնովները դա ընդունեն կամ ոչ: Այլակարծութիւնը այս հարցում ազգային ինքնութեան «կենտերացում» [սեռական այլասերուածութիւն,- «Սփ.»] է, այլասերում: Խորապէս ցաւալի է, որ այլոց ուղեցոյց լինելու կոչուած անհատը ինքը չունի տարրական գիտակցութիւն ազգի ինքնութեան եւ գոյութեան համար այնպիսի կարեւոր հասկացութիւնից, ինչպիսին «հայրենիք»ն է:
Աւելին, պրն. Աւետիքեանը փորձեց արդարացնել նաեւ օտարալեզու հանրակրթական դպրոցների գոյութիւնը Հ.Հ.-ում, ինչպէս նաեւ Հ.Հ.-ում ռուսներին, «հայերէնին զուգահեռ» ռուսերէն փաստաթղթերի տրամադրումը, այսինքն` Հ.Հ.-ի Սահմանադրութեամμ ամրագրուած Հ.Հ.-ի պետական միակ լեզուի գործառոյթի իրաւունքի ոտնակոխումը: Ցաւալի է հաստատել, որ Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրական Ֆաքուլթեթի [Բանասիրութեան Բաժանմունք,- «Սփ.»] շրջանաւարտ, Լիμանանում հայերէնի (աւելի ստոյգ` գրաբարի) իմ եւ շատ ուրիշների ուսուցիչն եղած ու շուրջ քառասուն տարի հայկական մամուլին ծառայող պրն. Աւետիքեանը չի պաշտպանում հայոց լեզուի շահերը այդ լեզուի իսկ հայրենիքում: Ամէն ինչ ինձ աւելի պարզ դարձաւ, երμ նա հեռախօսազրոյցի ընթացքում ինձ յիշեցրեց, թէ երկու միլիոն հայեր են ապրում Ռուսաստանում: Սա մի շանթաժ [նենգութիւն,- «Սփ.»] է, որ վարպետօրէն գործածում են ռուս մեծապետականները հայերիս հետ յարաբերուելիս` երμ նեղն են ընկնում կամ երբ ցանկանում են մեզ է՚լ աւելի ստորացնել ու ստրկացնել… Բոլորիս յիշողութեան մէջ դեռ թարմ է կանացի խալաթով [տան մէջ գործածուելու համար նախատեսուած թեթեւ վերարկու,- «Սփ.»] Ռուսաստանի Դաշնութեան դատարան բերուած եւ դա ռուսաստանեան հեռուստակայաններով օրերով ցուցադրուած Հ.Հ.-ի քաղաքացի Հրաչեայ Յարութիւնեանի հետ կապուած պատմութիւնը…
Թիւրիմացութիւնների տեղիք չտալու համար յայտնեմ, թէ ո՚չ ռուսամէտ եմ, ո՚չ էլ ռուսատեաց: Ինձ համար` ռուսներն էլ են օտար, ինչպէս անգլիացին, ֆրանսիացին, շուէտը եւ այլք: Պարզապէս, երբ այսօր եւս կանգնել ենք անխուսափելի երկընտրանքի առջեւ` Ռուսաստա՞ն, թէ՞ Արեւմուտք, նախընտրում եմ առաջինը` իբրեւ չարիքներից փոքրը, առ ի չգոյէ հայկական տարμերակի` այսօր, ինչի համար խոր ամօթ եմ զգում` դա ընկալելով իμրեւ իմ անձնական ձախողութիւնը նաեւ…
«Ազգ»ի Օգոստոսի 27-ի հրապարակումը եթէ ինձ վրդովեցրեց, միւս կողմից` մեծ ուրախութիւն պարգեւեց, քանի որ կատաղի, գրեթէ անմիջական, խեղաթիւրումներով եւ խնդրի հետ անկապ բաներով լի արձագանգից եզրակացրի, որ հերթական անգամ խփել եմ ճիշդ թիրախին: Բացառուած չէ, որ այս խժալուր աղմուկի հետեւում կանգնած է հէնց Հ.Հ.-ում Ռուսաստանի Դաշնութեան դեսպանութիւնը, քանի որ իմ գրութեան մէջ պահանջել էի պատասխանատուութեան ենթարկել Հ.Հ.-ի ներքին գործերին խառնուած ռուս պետական պաշտօնեաների: Այս թւում` դեսպանատան մի խորհրդականի: Իսկ «Ազգ»ի հայրենասէր (?) ու հայերէնասէր (??), (հայերէնի մասին տասնամեակներով ինչե՜ր ասես, որ չի գրել ու ասել պրն. Յակոբ Աւետիքեանը` Հ.Հ.-ում եւ գաղթաշխարհի տարμեր երկրներում) գլխաւոր խմբագիրը, փոխանակ ցոյց տալու իր վճռականութիւնը ի պաշտպանութիւն հայոց լեզուի` վերջինս իր պետական
լեզուն հռչակած պետութեան մէջ, հայ մտաւորականին անվայել կերպով պաշտպան է կանգնում Հ.Հ.-ում հայոց լեզուն բռնաբարել ցանկացողներին, թէեւ այս
իրողութիւնն ինձ ամենեւին չի զարմացնում համարեա ամէն ինչ գլխիվար շրջուած մեր օրերում…, Օ` ժամանակներ, օ՜՜ բարքեր,-պիտի ասէր յոյն դասական փիլիսոփան…
Սոյն գրութեամբ հայ հանրութեանը տեղեկացնելով այս μոլորի մասին, չեմ ակնկալում հայերէնի լուրջ պաշտպանութիւն Հ.Հ.-ում: Մեր հանրութեանը, այդ
թւում` իսկական մտաւորականներից շատ շատերին, այնքան են ստորացրել, մեկուսացրել կամ ոչնչացրել, որ Հ.Հ.-ում դժուար թէ յայտնուի թէկուզ ՄԻ ՔԱՆԻ ՏԱՍՆԵԱԿ հոգի, ովքեր կը պաշտպանեն ինձ` սոյն հարցում, մարդիկ, որոնց համար իսկապէս սուրբ է հայոց լեզուն, որի համար արժէ ոչ թէ «խայտառակուել» «Ազգ» պարտաւոր եցնող անունը կրող պարբերականում, այլեւ` նրա համար նոյնիսկ կեանքն իսկ զոհաբերել: Եթէ մեր լեզուն մեր հայրենիքն է, ինչպէս հրաշալիօրէն ձեւակերպել է Վարպետը [Աւետիք Իսահակեան (1875- 1957),- «Սփ.»], ապա հայոց լեզուի պաշտպանութիւնը հայոց հայրենիքի պաշտպանութիւն է, իսկ հայրենիքը պաշտպանելիս մեռնելը փառքերից մեծագոյնն ու ազնուագոյնն է, որին պարզապէս տենչում են իսկական հայերը:
Կ՛անցնեն ազգային այս կործանարար վայրէջքի օրերը, ու եթէ վերջնականապէս չկործանուենք եւ գոյատեւենք, ի վերջոյ մեզ համար էլ կը գան լաւ ժամանակներ: Ամէն դէպքում, ինձ, սեմեոնովներին ու աւետիքեաններին կը դատի անողոք եւ անաչառ դատաւորը` ԺԱՄԱՆԱԿը:

Երեւան, 6 Սեպտեմբերի 2013 թ.

Յ.Գ. Ընթերցողը կը համաձայնի, որ անհիմն տեղը մարդկանց «վիրաւորանք պատճառելն» ու «սխալ տեղեկութիւններ» տարածելը անազնուութիւն է հասարակ մարդու պարագային, առաւել եւս` իմ համոզմամբ, բարոյական բարձր նշաձողի պարտաւորութիւն ունեցող ոեւէ լրագրողի համար: Մէկ խօսքով, «Ազգ»ի անանուն
զրպարտիչը … իրականում` թերթի գլխ. խմբագիր Յակոբ Աւետիքեանը — ինձ մեղադրում է անազնուութեան համար: Սակայն ինչպէ՞ս հասկանամ այն, որ ընդամէնը 25 օր անց, նոյն թերթի Սեպտեմբերի 21-ի համարում տպագրուած` Վահան Քոչարի «Մի Լուսանկարի Պատմութիւն» հրապարակման վերջում նուաստս բնութագրւում է իբրեւ գրութեան հեղինակի` ինձ շատ սիրելի անձի «ազնիւ բարեկամը»: Այս հակասութիւնը բաւարար է ցոյց տալու «Ազգ»ի խմբագրութեան անսկզμունքայնութիւնն ու պատեհապաշտութիւնը: Այս հակասականութիւնն ու հայոց լեզուի շահերի Հ.Հ.-ում պաշտպանութեան նկատմամμ Յակոբ Աւետիքեանի երկդիմի վարու ելակերպը ինձ յիշեցրեց Հալէպի «Ոսկետառ» տպարանի հիմնադիր-սեփականատէր, արժանայիշատակ Գրիգոր Պուրճլեանի հայերէնախառն թուրքերէնով հեղինակած «Տէօրթ Կուսակցութիւն» («Չորս Կուսակցութիւն») չափածոյի` Ռ.Ա.Կ.-ին վերաբերող հատուածի հետեւեալ տողը, որ յաւելեալ մեկնաբանութեան չի կարօտում.
«Էրքեք պելլեն` աւրատ չըխար» («Տղամարդ կը կարծես, կին դուրս կը գայ»)…
[Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ Յակոբ Աւետիքեանի այդքան կրքոտ կերպով պաշտպանած Իվան Սեմեոնովը, տասնամեակներով ապրելով Հ.Հ.-ի մէջ, անոր քաղաքացին, նոյնիսկ Հ.Հ.-ի նախագահին կից Հանրային Խորհուրդի անդամ ըլլալով, հայերէն գիտէ՞ արդեօք եւ ան ի՞նչ լեզուով ելոյթ կ՛ունենայ Հանրային Խորհուրդին մէջ: Եթէ ելոյթները հայերէն չեն եւ Խորհուրդին հայազգի անդամները (արուեստագէտներ, գիտնականներ, հանրային գործիչներ, քաղաքական դէմքեր եւ այլք) այդ անբնականութիւնը կ՛ընդունին իբրեւ բնական երեւոյթ, կը նշանակէ, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը անկախ պետութիւն չէ, այլ` ընդամէնը Ռուսաստանի Դաշնութեան մէկ տարածքը…]

Գ.Ե.

ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՇՆՈՐՀԱԶԱՐԴ
ՀԱՅՐԱՊԵՏ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Աստուած օգնակա՚ն, Վեհափա՚ռ Տէր, Հայաստանեայց Առաքելական Սբ. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց պատմական Ժողովին առիթով քանի մը օրէ ի վեր կը գտնուիք Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի մէջ, այսինքն` հայոց Սրբազնասուրբ Վարդապետի` Մեսրոպ Մաշտոցի լուսաճաճանչ դամբարանէն ընդամէնը քանի մը հազար մեթր հեռու: Այս իրականութիւնը կը յայտնեմ նկատի ունենալով, յետագայ տողերով ցաւ ի սիրտ Ձեզի իմ փոխանցելիք հետեւեալ սրտակեղեք փաստերը:
Այսօր յետմիջօրէին Պէյրութէն իմ ստացած տպագիր նիւթերուն մէջէն յանկարծ յայտնուեցան Սμ. Խաչի տօնին առթիւ Այնճարի ճաշարաններէն մէկուն մէջ` Հ.Հ.- էն հրաւիրուած երգիչի մը մասնակցութեամբ խրախճանքի վերաբերեալ որմազդ մը եւ հարսանեկան հրաւիրագիր-հրաւիրատոմս մը, որով կը ծանուցուի Ռաֆֆիի եւ Թելլոյի Սբ. Պսակը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսանիստ Մայր Տաճարին մէջ` 21
Սեպտեմբեր 2013-ին: Ըստ ընկալեալ սովորութեան, տպուած են նաեւ խաչեղբօր եւ հարսնքրոջ անունները, նաեւ վերջերս նորաձեւութեան կարգ անցած` դրամատնային հաշուեհամար մը` իրենց խնդակցութիւնը
գումարային տեսքով արտայայտել փափաքողներուն համար (նորապսակներուն մականունները չեմ նշեր` յաւելեալ
խայտառակութենէ զերծ պահելու համար մեղրամիսի այս օրերուն հաւանաբար երջանկութեան երկինքներուն մէջ սաւառնող նորապսակները, նաեւ` անոնց ծնողները): Պիտի հարցնէք` իսկ ի՞նչ արտառոց բանկայ այս μոլորին մէջ: Ես ալ կրնայի նոյն հարցը տալ ուրիշ ոեւէ մէկուն, եթէ չըլլային հայութենէ պարպուած ոմանց համար,
«մանրուք» թուացող հետեւեալ իրողութիւնները.
Որմազդին ու անոր տակի մասին մէջ հայազգի սեփականատէրերու ծանուցումներուն լեզուն լատինատառ հայերէն + անգլերէն + արաբերէն բաբելոնեան խառնալեզու մըն է, իսկ հրաւիրագիրին լեզուն ՄԻՄԻԱՅՆ ԱՆԳԼԵՐԷՆ է:
Վեհափա՚ռ Տէր,
Թոյլ տուէ՚ք դիմել Ձեզի` իբրեւ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յառաջամարտիկի եւ այդ ուղղութեամբ նախաձեռնողի` հետեւեալ հարցումերով` ակնկալելով անոնց պատասխանները` նախընտրաբար հրապարակային ելոյթի ձեւով.
1. Անձամբ Դուք, նաեւ ու առաջին կարգին` իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, ինչպէ՞ս կը գնահատէք Լիբանանի նման արաբական երկրի մը մէջ հայազգի արարածներու` Մաշտոցը սրբացուցած Հայ Եկեղեցւոյ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայր Տաճարին մէջ Սբ. Պսակի հրաւիրագիրին մէջ հայերէնին հիմնովին բացակայութիւնը:
2. Արդեօք ժամանակը չէ՞, որ Ձեր հոգեւոր եւ վարչական իշխանութեան տակ գտնուող եկեղեցիներուն մէջ կատարուելիք Սբ. Մկրտութեան, Սբ. Պսակի եւ ուրիշ արարողութեանց համար պայման դրուի նման հրաւիրագիրներու կամ ծանուցագիրներու մէջ հայոց լեզուի ՊԱՐՏԱԴԻՐ առկայութիւնը, այլապէս արգիլուի նմանները մասնակից դարձնել որոշակի Սուրբ Խորհուրդներու արարողութեանց:
3. Մինչեւ այսօր ի՞նչ իրագործումներ արձանագրեց Ձեր նախաձեռնութեամբ ու հովանաւորութեամբ ստեղծուած Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Խորհուրդը, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի արմատախիլ ընելու հայերէնը կործանելու տանող լատինատառ գրութեան համաճարակը:
Վեհափա՚ռ Տէր,
Կը ներէք հրապարակաւ նման հարցադրումներ կատարելու համարձակութեանս համար, քանի որ գիտեմ, թէ հայկական միջավայրին մէջ նզովելի արարք կը նկատուի հաշուետուութեան մասին նոյնիսկ փսփսուքը…
Վեհափա՚ռ Տէր, Եթէ վերոբերեալ ապազգային (աւելի ծանր բնութագրում չգործածելու համար) երեւոյթներու նկատմամբ անտարբերութիւն ցուցաբերուի (աւելի ճիշդ` շարունակուի ցուցաμերուիլ), թոյլ տուէ՚ք
համարձակիլ յայտարարելու հրապարակաւ, թէ հիմք կ՛ունենամ կասկածելու հայոց լեզուի պաշտպանի Ձեր առաքելութեան յաջողութեան վրայ, ինչը ոչ միայն երբեք չեմ փափաքիր անկեղծօրէն, այլեւ` նման պարագային, միայն եւ միայն կը ցաւիմ:

Մատչելով ի համբոյր Ձեր Սբ. Միւռոնով օծուած Աջոյն,
Խորին ակնածանքով` Գէորգ Եազըճեան

Ամբողջությամբ այստեղ՝   ԶԻՆԵԱԼ ՊԱՅՔԱՐԸ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ ՉՈՒՆԻ

3 идей о “ԶԻՆԵԱԼ ՊԱՅՔԱՐԸ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ ՉՈՒՆԻ

Добавить комментарий