ԱՅՆԹԷՊԱԿԱՆ ԱՍՈՅԹՆԵՐ, Պատմութիւն Այնթէպի Հայոց ՝ Երուանդ Պապայեան


Առածները ժողովրդային ստեղծագործութիւններ են, արտայայտիչ ժողովուրդի իմաստութեան եւ հայելի՝ ապրուած կեանքի:
Անոնք անխարդախ վկայութիւններ են կեանքէն, իր լաւ եւ վատ կողմերով: Դարաւոր անցեալի տէր ազգ՝ անշուշտ թէ հայն ալ պիտի ունենար հարուստ պաշար մը առածներու, որոնք դժբախտաբար ձեւափոխուած կամ այլափոխուած են իբրեւ հետեւանք մեր անվերջ տեղափոխութիաններուն, կրելով նաեւ աղաւաղումներ եւ նոյնիսկ լեզուի փոփոխութիւն: Այնթապի հայութիւնը Ենիչէրի տիրապետութեան շրջանին պարտաւորուած թրքախօս դառնալու, իր առածներն ալ վերածած է թրքերէնի: Անոնցմէ հազարէ 
աւելի հաւաքած ենք, ես եւ ընկերս Պր. Գուրգէն Եազըճեան: Վ.Ն. Կիւլէսէրեան

Այբ

Այբ

Ա.

Ազգականի ըրածը կարիճը չ՛ըներ:
Ազգականի հետ կեր ու խմէ, առեւտուր մի՛ ըներ:
Ազնուածին աշջիկը օտարի չեն տար:
Ալիւրին վրայ թափած իւղը կուրուստ չէ:
Աղը թափողը քիթը կը բռնէ:
Աղուէս կայ գլուխ կը թռցնէ, գայլին անունն է ելած:
Աղուէսի համար որոգայթ էր լարած, էշ որսաց:
Աղուէսէն վկայ են ուզած պոչը ցոյց է տուէր:
Աղուհացի յարգը գիտցող եղիր:
Աղջի՛կ քեզի եմ, հարսնուկ դո՛ւն իմացիր:
Աղջիկը տե՛ս լուացքի տաշտին ետեւ կամ բաղնիքը:
Աղջկան տունը տամպրտմտում (երգունուագ), տղուն տունը լռութիւն:
Աղքատը բարեկամ չ՛ունենար:
Աղքատի հաշուով թմբուկն է շահաւոր:
Աղքատի ողորմիլ Աստուծոյ փու տալ է:
Աղքատութիւնը ամօթ չէ, ծուլութիւնն է ամօթ:
Աղօթարանը (Ճամի) ո՛րքան մեծ ըլլայ մոլլան իր գիտցածը կը կարդայ:
Աղօթարանը (մեսճիտ) չշինուած կոյրեր կը շարուին:
Աղօթարան(ճամի) մոմը ուտող կատուին աչքերը կը կուրնան:
Աղոթքն ալ գաղտնի , մեղքն ալ:
Աղօրիք եկողը կարգի պիտի սպասէ:
Աղօրիքը հեղեղ է տարեր, չախչախը (ուռնակ) կը փնտռէ:
Աղօրիքէ եկողէն բաղարջ կը յուսան:
Աղօրիքի մէջ ցորեն ունեցողին ալիւր կը վստահին:
Աճապարողը իջեւան չի հասնիր:
Ամէն աքաղաղ իր հաւնոցին հերոսն է:
Ամէն ծաղիկ իր հոտն ունի:
Ամէն կին մածուն մակարդելու իր կերպը ունի:
Ամէն մարդ իր սիրածը կը համբուրէ, պայրամն ալ պատրուակ:
Ամէն մարդ իր խելքը կոյտէն է առեր:
Ամէն մարդ մէկ հոգ ունի, ջաղազպանը՝ երկու, մին ցորեն, միւսը ջուր:
Ամէն շրջան իր թագաւորը ունի:
Ամէն որոտումի անձրեւանոց մի՛ բանար:
Ամէն վերելք իր վայրէջքը ունի:
Ամէն քաղաքի մէջ տուն մը ունեցիր:
Ամէն քար իր տեղը յարգ ունի:
Ամէն քար մի՛ վերցներ, մէկուն տակէն օձ կ՛ելլէ միւսին տակէն թունաւոր ճճի:
Ամուսնացեալը տուն մը ունի, ամուրին՝ հարիւր:
Ամուրիի աչքով աղջկան չի նայուիր:
Ամուրիին համար կին արձակել դիւրին է:
Ամուրիին համր կին ծեծել դիւրին է:
Ամուրիութիւնը սուլթանութիւն է:
Այծը իր հոգին հոգ կ՛ընէ մսագործը՝ միսը:
Այլոց վէրքը պատի խոռոչ է:
Այպանողի քով՝ քառապատիկ:
Այս իմ սաղմոսը չէ:
Այրի կնկան փէշն իրեն թշնամի:
Անհոգ պառկած գիշերդ դրացիին էշը գող կը տանի:
Անմազ սափրիչէ մազի դեղ գնելու ելլել:
Անմէջ պիստակ կը կոտրէ որ թշնամիի աչք հանէ:
Անունին մի՛ նայիր, ալիւրին նայիր:
Անցեալի վերյիշումը խելքի պակասութիւն կը բերէ:
Անցուկը մոռցուկ է:
Անօթի արջը չի խաղար:
Անօթի հաւը կորեկ կ՛երազէ:
Անօթի շունը փուռը կը փլցնէ:
Անօթի մի՛ ձգեր, գող կ՛ընես, շատ մի՛ խօսիր, կը շփացնես:
Անօթիին հետ օրհասականը կը վիճի:
Անօթիին վիճակէն անօթին կը հասկնայ:
Աշխատողը կը փայլի, պառկողը՝ ընդհակառակը:
Աշխատող ձիուն վիզը մանեակ կը կախեն:
Աշխարհս իւղոտ մի պատառ է, երանի~ վայելողին:
Աչքէ հեռու սրտէ հեռու:
Աչքը տեսածէն կը վախնայ:
Աչքը չի տեսներ, երեսը չ՛ամչնար:
Աչքը տեսածը կ՛ուզէ, բերանը՝ ճաշակածը:
Ապառիկ գինի խմողը երկու անգամ կը գինովնայ:
Ապառիկ լոյս վառելով հարուստի հաշիւ տեսնել:
Աջ աչքը ձախին օգուտ մը չունի:
Առանձնութիւն Աստուծոյ վայել է:
Առանց աշխատանքի կեր չկայ:
Առանց աշկերտութեան արհեստ սորվիլ հարամ է:
Առանց երազի գործ չ՛ըլլար:
Առանց հրաւէրի եկողը բազմոց չ՛ունենար:
Առանց պատճառի մահ չկայ, գլխացաւը՝ պատրուակ:
Առանց փուշի վարդ չ՛ըլլար:
Առաջնորդդ որ ագռաւ է քիթդ աղբէն չի վերնար:
Առատաձեռն թէ ագահ նոյնն է, ագահինը մէկ ագճէ (ստակ) աւելի:
Առատաձեռնի գրպանը ծակ կ՛ըլլայ:
Առատութեան օրերը նեղ անցընողը նեղ օրերը առատ կ՛անցընէ:
Առիւծը պառկած տեղէն յայտնի կ՛ըլլայ:
Առիւծի արուն ալ կայ էգն ալ:
Առուակը կը մաքրուի՝ անունը կը մնայ:
Ասեղով հոր չի փորուիր:
Աստուած ազգի մը որ պատուհաս պիտի տայ նախ մեծերը կ՛առնէ:
Աստուած եղբայրները մէկ ստեղծած է բայց բախտերը՝ տարբեր:
Աստուած խանձողը (քէօսէէ) մինչեւ յատակը չի վառեր:
Աստուած ձի որ տայ հրապարակ չի տար, հրապարակ որ տայ ձի չի տար:
Աստուած ձիւնը լերան համեմատ կու տայ:
Աստուած մատ չունի որ մարդուն աչքը խոթէ:
Աստուած մէկ, գործը հազար:
Աստուած մեղրամոմ վառողին մեղրամոմ կու տայ, ճարպ վառողին՝ ճարպ:
Աստուած ուղտին չեւ չտայ:
Աստուած օղ ականջ ունեցողին կու տայ:
Արաբի ձին քուրձով ալ յայտնի է առանց քուրձի ալ:
Արագիլը շիւղը կը չափէ ու կը կլլէ:
Արագիլին օրը լաց-լացով կ՛անցնի:
Արագ վազող ձիուն աղբը ցանցառ կ՛իյնայ:
Արդարութեան կտրած մատը չի ցաւիր:
Արիւն առնելիք երակ չէ մնացեր:
Արիւնը արիւնով չեն լուար:
Արիւնը ջուր չ՛ըլլար:
Արհամարհուած քարը գլուխ կը ճեղքէ:
Արհեստաւորը չի խաբուիր:
Արհեստաւորին կինը մինչեւ կէսօր անօթի կը մնայ:
Արհեստաւորին ոտքը պէտք է կոտրուկ ըլլայ:
Արհեստը մարդս ամօթապարտ չի ձգեր:
Արհեստը շատ, կինն անօթի:
Արհեստը ոսկի ապարանջան է:
Արհեստ մը սորվէ պատի մը ծակը խոթէ:
Արու թռչունը բոյն չ՛ունենար:
Արու իշուն չգռացողը չ՛ըլլար:
Արջին սրինգ կը նուագէ:
Արտը կը փոխադրէ հո՛ն ուր անձրեւ կու գայ:

Բ.

Բազէին աչքը որ կը բացուի միս կը տեսնէ, ագռաւինը՝ աղբ:
Բաժակը գետին չինկած ձայն չի հաներ:
Բաղնեպանին դրամը աղբին կապուած պիտի ըլլայ:
Բաղնիք մտնողը առանց քռտնելու դուրս չ՛ելլեր:
Բաղնիքը չտեսած դուռին է սիրահարեր:
Բաղնիքին մէջ խենթ կայ:
Բանող աղօրիքին արգելք մի՛ ըլլար:
Բարակը (շուն) մեծցեր, քուրձը պզտիկցեր է:
Բարեկամ բարեկամի կալուած չի շնորհեր, ուղիղ ճամբայ ցոյց կու տայ:
Բարեկամ բարեկամի սիրոյն հոտած հաւու միս կ՛ուտէ:
Բարեկամը գլխուն կը նայի, թշնամին՝ ոտքի:
Բարի անունը ոսկիէն ու արծաթէն նախընտրելի է:
Բարի ըսուածին խաչը ծոցէն կ՛ելլէ:
Բարի ծառը վատ պտուղ չի տար:
Բարի մարդոց վրայ ձաւար կը փռեն:
Բարիք խնդրէ դրացիիդ որ բարիք գտնես:
Բարիքի դէմ բարիք՝ ամէն մարդու գործ, չարիքի դէմ չարիք՝ արի մարդու գործ:
Բարեկամութեամբ ոտքի ելլողը վնասով կը նստի:
Բարձ փոխելով բախտ չի փոխուիր:
Բժիշկը՝ բժիշկ չէ, փորձառուն է բժիշկը:
Բնաւորութիւնը կը քաշէ, փիսը կը հոտի:
Բոզը երդում չի բռներ:
Բոզը 40 շապիկ կ՛ունենայ, մէկը ինք կը հագնի 39-ը կը հագցնէ ուրիշներուն:
Բոյրով պարապողը բոյր կը հոտի, աղբով պարապողը՝ աղբ:
Բորոտ շունը ջուրը ակէն կը խմէ:

Գ.

Գարին ու յարդը կ՛ուտէ, դէմինը կենդանիի տեղ կը դնէ:
Գաւազանը դրախտէն ելած է:
Գաւազանի ցաւը կ՛անցնի, գէշ խօսքին ցաւե կը մնայ:
Գաւաթ մը ջուր տուողին յիշատակը չի կորսուիր:
Գեղեցիկ աղջիկը իր պակասութիւնը չի ցուցներ:
Գեղեցիկին քէօքէնն ալ կը վայելէ, տգեղը արդուզարն ի՞նչ ընէ: (Քէօքէն = փուշի տեսակ մը: Առածը ունի հետեւեալ փոփոխակն ալ . Տգեղէն խոյս կու տայ վարդը, գեղեցիկին քէօքէնն իսկ կը ժպտի: Հետեւաբար, առածին իմաստը կ՛ըլլայ.
Գեղեցիկը գլխուն փուշ ալ դնէ կը մնայ գեղեցիկ, մինչ տգեղը նոյնիսկ վարդով չի դադրիր ըլլալէ տգեղ:
Գեղեցկութիւնը հացի գաթըգ չ՛ըլլար (փոր չի կշտացներ):
Գետին կը նայի տուներ կը քանդէ:
Գինիէ դարձող քացախը զօրաւոր կ՛ըլլայ:
Գինովին նամակ չի գրուիր:
Գիշերով աղջիկ տեսի չեն երթար:
Գիտցողը գիտէ, չգիտցողը խուրձ մը խոտ կը կարծէ:
Գիրկը նստեր մօրուքը կը փետէ:
Գիրքը դուրսէն կը կարդան:
Գլուխդ տո՛ւր, գաղտնիքդ մի՛ տար:
Գլուխդ քու ձեռքովդ կապէ:
Գլուխը չերերող ծառ չ՛ըլլար:
Գնա՛ մեռիր, եկո՛ւր սիրեմ:
Գնչուին քով գոհար չի գտնուիր:
Գնչուն երբ ձի նստի կը կարծէ թէ պէյ եղաւ, իսկ շողգամը կերակուի մէջ , իւղ:
Գողին պէյերն ալ պարտական են:
Գործէն չ՛աւելնար , ակռայէն (ուտելիքէն) կ՛աւելնայ:
Գործը գիտցողը կարօտ չի մնար (կամ աշքատը թէ որ գործը գիտնար տունը գորգ կը փռէր):
Գործ մը սկսիլ կէս ընել է:
Գոց դուռը կը բանայ, բաց դուռը կը գոցէ:

Դ.

Դանակի վէրքը կը բուժուի, լեզուին բացածը չի բուժուիր:
Դանդաղաշարժ արհեստաւորէն արագաշարժ մուրացկանը լաւ է:
Դատարան առանձին մտնողը պեխը ոլորելով դուրս կու գայ:
Դատարանը դատաւորին կալուածն է:
Դատարանի մէջ գտնուածներն են երդում ու գաւազան:
Դատարանի մէջ պէտք է քեռի ունենաս:
Դատաւորը դատարա|ն պիտի կանչես:
Դատաւորը լսածին համաձայն վճիռ կու տայ:
Դատաւորի| հետն ես թէ դռնապանին:
Դգալով կերակուր կու տայ, կոթովը աչք կը հանէ:
Դերձակին չուէ՛ ըսեր են,՛ «Ասեղս գլխուս վրայ է» ըսեր է:
Դերձակին պակասութիւնը լրացնողը արդուկն է, մարդուն պակասութիւնը գոցողը՝ հագուստը:
Դժկամութեամբ կերուած կերակուրը կա՛մ փոր կը ցաւցնէ կա՛մ ակռայ:
Դժոխք գացողը վերադարձեր է, դրամի գացողը չէ վերադարձեր:
Դժոխքէն կրակ գնողը ուր պէտք է պառկի:
Դուն քեզի օգնէ որ Աստուած ալ քեզի օգնէ:
Դուռը կոտրելով փայտ կ՛ընէ «իմա շատ հիւրասէր է»:
Դուրսէն տեսնողը զիյարէթ (ուխտատեղի) կը կրծէ, ներս մտնողը՝ յիմարացած դուրս կ՛ելլէ:
Դրա՛մը դրամ կը շահի:
Դրամով վճարողը սուլիչը կը փչէ:
Դրացիի այգիէն կողով կը լեցնէ:
Դրացիի աչքով պրպտուք չ՛ըլլար:
Դրացի դրացիին մոխիրին կարօտ է:

Ե.

Եզը ընկերը որ չգտնէ արօրի չի գար:
Եզս խոշոր ըլլայ արօրի չգայ:
Եթէ գլուխը ինծի մնայ, սափրելը դիւրին է:
Եթէ էշ մարդեր չըլլային, իշուն գինը ու|ր կը հասնէր:
Եթէ ժամանակը քեզի չի յարմարիր, դուն ժամանակին յարմարէ:
Եթէ հովիւը ուզէ թէքէյէն (արու այծ) դալամա (կաթ) կը հանէ:
Եթէ Պէյը չքալէ ապտալը (բոշայ) թո՛ղ քալէ:
Եթէ տանդ մէջ մեծ մը չունիս, մեծ փեթակին հարցուր:
Եթէ ցորենի հաց չունիս, ցորեն լեզու ունեցիր:
Եղունգ եթէ ունիս, գլուխդ դու՛ն քերէ:
Եղջիւրը ականջէն յետոյ կ՛ելլէ, բայց զայն կ՛անցնի:
Եռացող կաթսան կափարիչ չի բռներ:
Երբ անձրեւ գայ, հաւերուն կեր տուող շատ կ՛ըլլայ:
Երպ չգաւորը գողութեան ելլէ, լուսինը կանուխ իրիկունով կը ծագի:
Երկաթագործէ ածուխ չի գնուիր:
Երկաթագործի սիրտը երկաթէն կարծր պիտի ըլլայ:
Երկաթը չի թրջուիր, խենթը չ՛ուղղուիր:
Երկաթը տաք-տաք կը ծեծեն:
Երկար ապրողը չի գիտեր, շատ պտըտողը գիտէ:
Երդիքը որ այրի, մուկն ալ միասին կ՛այրի:
Երեւցող գիւղը առաջնորդ չ՛ուզեր:
Երկճիւղ ցիցը գետին չի մտներ:
Երկու գիւղ աւեր դառնալէ մէկ գիւղ թո՛ղ ղէն մնայ:
Երկու հացի մէջ կտոր մը պանիր:
Երկու ձեռքը ձայն ունի, մէկ ձեռքն ի|նչ ունի:
Երկու մարդ թէ որ ըսեն գլ խարկդ գլուխդ չէ ձեռքդ գլխուդ տար:
Երկու չափէ, մէկ ձեւէ:
Եփած ապուրի պաղ ջուր մի՛ խառներ:

Զ.

Զամբիւղ հիւսողին շիւղ կու տայ:
Զա՛րկ Աստուծոյ զարկածին, տո՛ւր Աստուծոյ տուածին:
Զարնողը քեռիին չի հարցներ:
Զօրին (զօրաւորին) թեւը չի պրկուիր:
Զօրով գեղեցկութիւն չ՛ըլլար:
Զօրով չէ այլ եօլով (կերպ, ձեւ):

Է.

Էշդ ամո՛ւր կապէ, դրացիդ գող մի՛ հաներ:
Էշէն վար չ՛իջներ, խօսքէն ետ չի դառնար:
Էշը առիւծի մորթ երբ հագնի, կը կարծէ որ առիւծ եղաւ:
Էշը էշ ըլլալով հանդերձ մէկ անգամ կը չոքի:
Էշը իշուն քով որ կապես կա՛մ վարքէն կ՛առնէ կա՛մ բարքէն:
Էշը ուխտավայր երթալով «հաճի» (ովխտաւոր) չ՛ըլլար:
Էշը քշողը տտռոցին պիտի հանդուրժէ:
Էշի կամքին որ մնայ կապ մը ազատքեղ չի շալկեր:
Էշին ոյժը չի հասնիր, համետը կը ծեծէ:
Էշին պէտք է գիտցնել իր յիմարութիւնը:
Էշին ռեհան հոտոտել տուեր են, բերանը բացեր է:
Էշին քիւրտ են ըսեր, երեք օր կերակուր չէ կերած:
Էրիկին յիմարը կնիկէն առաջ ոտքի կ՛ելլէ:
Էրիկին սատանան կնիկն է:

Ը.

Ըլլալիքը կ՛ըլլայ, տխմարն է որ կը տառապի:
Ընտանիքիս ծառան եմ, ուրիշներու՝ աղան:

Թ.

Թագաւորի գանձատունը որ մտնէ, պարապ կ՛ելլէ:
Թաթը այրած արջը ձագերը ոտքին տակ կ՛առնէ:
Թէ՛ մոմը կը վառի թէ՛ աշտանակը կը մաքրուի:
Թէ՛ պայտին կը զարնէ թէ՛ գամին:
Թէքքէն (տերվիշներու մենաստան, վանք) սպասողը ապուրը կը խմէ:
Թմբուկը ուրիշին ուսը կախեր թմբիչը իր ձեռքն է առեր:
Թմբուկին ձայնը հեռուէն զօրաւոր կու գայ:
Թշնամիդ մրջիւն իսկ ըլլայ մի՛ արհամարհեր:
Թոնիրի շուրջ այգի տնկել:
Թռչունը թռչունի երեսին կ՛երգէ:
Թռչուն կայ միս կ՛ուտէ, թռչուն կայ միսը կ՛ուտուի:
Թռչունէ վախցողը չի ցաներ, թէ որ ցանէ՝ չի քշեր:

Ժ.

Ժողովուրտը եթէ ոտքի ելլէ, թագաւորը գահէն վար կ՛առնէ:

Ի.

Ի ծնէ խենթին հմայեակը օգուտ չի բերեր:
Ինչ կ՛ակնկալես քրոջմէդ, քոյրդ կը մեռնի քաղցէն:
Ի՜նչ կը քաշէ խեղճ ոտքը յիմար գլխու երեսէն:
Ի՛նչ որ դնես կաթսային նո՛յնը կու գայ կափարիչին:
Ի՛նչ որ ցանես զայն կը հնձես:
Ինք կը նստի մոխրանոցը, հոգին կը սաւառնի հիւրանոցը:
Ինքն ինկողը չի լար:
Ինքն իր գլուխը կապելու անկարող, կ՛ելլէ ուրիշի հարսնքուրութիւն կ՛ընէ:
Իսկական բարեկամը նեղ օրերու մէջ յայտնի կ՛ըլլայ:
Իրաւունքը զօրութիւն է:
Իր յարգը չճանչցողը արժէքը վար կը զարնէ:
Իւղը մածունէ|ն կ՛ելլէ թէ մածունը իւղէն:
Իւղոտ գաւակի դմակ կախել:

Լ.

Լեղի սմբուկը ցուրտ չի զարներ:
Լեռը լերան նշանածս է ըսեր, աչքը վրան է մնացեր:
Լեռը լերան չի միանար, մարդ մարդուս կը միանայ:
Լեռը լերան վրայ կ՛ըլլայ, ընտանիք ընտանիքի վրայ՝ ո՛չ:
Լեռը ո՛րքան բարձր ըլլայ, վրայէն ճամբայ կ՛անցնի:
Լերան չափ հայր մը ունենալու տեղ մատնոցի չափ մայր մը ունենայի:
Լերան վրայի կաքաւին հազարը մէկ թարայի է:
«Լեպ» չըսած «լէպլէպի» հասկնալու է:
Լուսինը երբ հիննայ, աստղ կը շինէ:
Լուսինը 15 օր լոյս է 15 օր խաւար:
Լուրը կա՛մ պզտիկէն առ կա՛մ խենթէն:

Խ.

Խաթուն կին բեր որ պէյ ծնի:
Խաղախորդը հաւնած մորթը գետին կը զարնէ:
Խենթի գլուխը եղջի|ւր կը բուսնի:
Խենթին լեզուն տէրը կը հասկնայ:
Խենթին համար ամէն օր տօն է:
Խենթին հետ փիլաւ ուտելու տեղ խելացիին հետ քար կրէ:
Խենթին նամակ չի գրուիր:
Խենթին ջաղացքը հովը կը դարձնէ:
Խենթութիւնը եթէ երթայ, հետքը կը մնայ:
Խիղճը մաքուր, հաշիւը մաքուր:
Խնձորը երկինք նետէ, մինչեւ իյնայ Աստուած ողորմած է:
Խնձորին եւ տանձին լաւը արջերը կ՛ուտեն:
Խոճան կարդալու ատեն կը սխալի:
Խոյին համար եղջիւրը բեռ է:
Խոտը քաշէ՛ արմատին նայէ:
Խօսքը բաց մորթ է, որ կողմ քաշես կ՛երթայ:
Խօսք կայ խօսելիք, խօսք կայ կլլելիք:
Խօսքը տուողէն աւելի առնողը ուշիմ պիտի ըլլայ:

Ծ.

Ծակը մեծ, կարկտանը փոքր:
Ծայրն էր պառկեր, մէջտեղը գտնուեցաւ:
Ծառը իր արմատով ծառ է:
Ծառը իր տերեւներով կը խշրտայ:
Ծառը ո՛րքան բարձրանայ, երկինք չի հասնիր:
Ծառին կացին են զարներ, կոթը ինձմէ ըսեր է:
Ծառին որդը մէջէն է:
Ծեր եզը հարաւ չ՛ունենար:
Ծերութիւնը կատակ չէ:
Ծիծեռնակը լաւ թռչուն է կ՛ըսեն. գնա՛ Եմէնէն հարցուր:
Ծխող մը ծխողին՝ մէկ գլանիկ պարտական է:
Ծնողքէն անէծք առնողը օր չի տեսներ:
Ծնած տեղդ մի՛ նայիր, կշտացած տեղդ նայէ՛:
Ծոյլին ըսեր են. օրը մէկ կանգուն կրնաս քալել: Հարցուցեր է. Լայնքին թէ երկայնքին:
Ծոյլին ըսեր են. Պաքսիմատ կ՛ուտես: Հարցուցեր է. Չոր է թէ թրջուած:
Ծովէն անցանք կամուրջի| վրայ պիտի խեղդուինք:
Ծովի ափունքը փոթորիկ պակաս չ՛ըլլար:
Ծուռ նստինք , շիտակ խօսինք:

Կ.

Կաթիլ- կաթիլ լիճ կ,ըլլայ, կաթիլներէն ալ՝ հեղեղ:
Կաթսայ մը ապուր առնող փորիդ մէջ զոյգ մը գաղտնիք չի սեղմիր:
Կաթսան կը գլտորի կը գտնէ կափարիչը:
Կալի մէջ աշխատող եզին դունչը չեն կապեր:
Կա՛մ այս հօտը կ՛արածես, կա՛մ այս երկրէն կը հեռանաս:
Կամքը որո՛ւ որ սիրէ, գեղեցիկն ա՛ն է:
Կաշառքը երբ դռնէն մտնէ, արդարութիւնը պատուհանէն դուրս կ՛ելլէ:
Կատուի պէս եօթը հոգի ունի:
Կարաւանի մէջ մէ՛կ ուղտ կը փրփրի:
Կարաւանի ջորին եթէ չխրտչեցնես, բան մը չի պատահիր:
Կարաւան մը ուղտը իշու մը ետեւ կը կապեն:
Կէսը չ՛ուտեր, ամբողջը չի կիսեր, փորն ալ անօթի չի ձգեր:
Կին արձակողը կոճիկին (թօփուզ) չի նայիր: Կինը՝ լիճ, այրը՝ հեղեղ:
Կին կայ միսը թոք կ՛ընէ, կին կայ թոքը կ՛ընէ միս:
Կին չգտնուող տունըդատարկ դրամարկղի կը նմանի:
Կին չունեցողը խելք ալ չ՛ունենար:
Կծծիէն հաւկիթ գնողը դեղնուցը չի գտներ:
Կնիկի ինչքը դրան փակաղակ է (մանտալ), մտնես կը դպի, ելլես կը դպի:
Կոկորդը քառասուն հանգոյց ունի:
Կոկորդին ( շատակերութեան) սիրոյն հորն ինկաւ:
Կոյրը Աստուծոյ ինչպէս կը նայի, Աստուած ալ կոյրին այնպէս կը նայի:
Կոյրին ըսած են: Ապրանքին լաւը ինչպէ|ս գիտես: Ըսեր է. Գինէն:
Կոյրը կոյրին առաջնորդ չի կրնար ըլլալ:
Կոյրին ձեռքը գաւազան մի՛ տար:
Կոյրին ուզածն է երկու աչք, մէկը ծաւի, միւսը գորշ:
Կոշտին գլխուն վերեւ նստելէն աւելի լաւ է նուրբին ոտքերուն ծայրը նստիլ:
Կովին երեսը կը նային կաթը այդպէս կը կթեն:
Կուշտը ի|նչ գիտէ անօթիին վիճակէն:
Կռնակը դարձնողին զարնող շատ կ՛ըլլայ:
Կռնակ-կռնակի տուէք որ մարդ ըլլաք:
Կրակը ինկած տեղը կ՛այրէ:

Հ.

Հալածելով շուն չի բռնուիր:
Հալէպի ճամբուն վրայ ուղտի հետք կը փնտռես:
Համբերութիւնով ազոխը կ՛ըլլայ խաղող եւ թութի տերեւը՝ մետաքս:
Հանրութեան եթէ դահիճ մը պէտք է, իմ ըլլալս պայման է:
Հաջել չգիտցող շունը վրան յարձակում կը բերէ:
Հասակովդ գտեր ես բայց բնութեամբդ՝ ո՛չ:
Հասկցողին մժղուկը սազ է, չհասկցողին թմբուկն ու զուռնան իսկ քիչ են:
Հարուստը ինչք կ՛աւելցնէ, աղքատը՝ զաւակ:
Հարուստը իր կառքը լերան վրայէն կ՛անցընէ, աղքատը հարթ ճամբուն վրայ իր ուղին կը կորսնցնէ:
Հարուստը կը մեռնի ինչքը կը մնայ, քաջը կը մեռնի անունը կը մնայ:
Հարուստի դրամը աղքատին ծնօտը կը յոգնեցնէ:
Հարուստին տղան ստեպղին կ՛ուտէ, աղքատին տղան՝ շաքար՝ Հարսանիքի փիլաւով բարեկամ չի սիրաշահուիր:
Հարսը հարս չէ, եկած տունը պիտի հարս ըլլայ:
Հարսին կամքը ուզեր է, տալն է առաջ քշեր:
Հարցուփորձով լեռներ կ՛անցուին:
Հացդ ջուրը նետէ, ձուկը չգիտնայ, Աստուած գիտէ:
Հացը ծոցը պահեր, ծոմ կը բռնէ:
Հացը հացագործին տուր, վրան ալ մէկ հաց:
Հաւը հաւ ըլլալով ջուր խմելու ատեն երկինք կը նայի:
Հաւը որ երթայ աղտեղութիւնն ալ միասին կ՛երթայ:
Հեռուի սուրբը զօրաւոր կ՛ըլլայ:
Հերիւնին կից չեն զարներ:
Հինգ մատին հինգը նոյնը չեն:
Հիւսնին դուռը թելով (սըրըմ) կապուած կ՛ըլլայ:
Հիւրը ակնկալածը չ՛ուտեր, գտածը կ՛ուտէ:
Հիւրը հիւր չ՛ուզեր, տանտէրը՝ երկուքն ալ:
Հիւրը տանտիրոջ կապեալ գառնուկն է:
Հիւրին ակնկալածը տանտիրոջ երկու ժում կ՛ըլլայ:
Հոգին չելած բնութիւնը չ՛ելլեր:
Հովով եկողը հեղեղով կ՛երթայ:
Հորթ մը ամբողջ նախիրը կը խանգարէ:
Հրդեհին փքոցով կը վազէ:
Հրկիզուած կալէն տասանորդ չեն առներ:

Ձ.

Ձգէ՛ խմանը մինչեւ իյնայ:
Ձեռքէ ելածը ձեռք չի մտներ:
Ձեռքը խմոր, փորն անօթի:
Ձեռքը ձեռքէ վեր է, մինչեւ երկինք հասնի:
Ձեռքը ձեռք կը լուայ, երկու ձեռքն ալ՝ երես:
Ձեռքը որ չէս կրնար կտրել, համբուրէ՝ գլուխդ դիր:
Ձեռքին տաք աման է դպեր:
Ձեռքով ընողը գլխովը կը քաշէ:
Ձի — Էշ կը կռուին, աղքատը ոտքի տակ կ՛երթայ:
Ձի ծախողը գլխուն չի նայիր:
Ձի, կին եւ զէնք վարձու չեն տրուիր:
Ձի հեծած՝ ձի կը փնտռէ:
Ձի ձի ընողը հեծնորդն է:
Ձիուն՝ գարի, քաջին՝ փիլաւ:
Ձիուն մահը գարիէն ըլլայ:
Ձիուն՝ փոր, քաջին՝ քիթ:
Ձիւնը կը հալի աղտը մէջտեղ կ՛ելլէ:
Ձմերուկ եւ սեխ, պառկելով կը մեծնան:
Ձմերուկ կտրելով սիրտ չի պաղիր:
Ձուկը գլխէն կը հոտի:

Ղ.

Ղենջակը թրջուեցաւ:

Ճ.

Ճանբայէդ ետ մնացի՝ր, ճամբու ընկերէդ՝ ո՛չ:
Ճամբայ մի՛ երթար անփորձի հետ, հազար փորձանք կը բերէ գլխուդ:
Ճամբան՝ քալելով, մեղքը՝ լալով, պարտքը՝ տալով:
Ճամբու վրայ մածուն թափող կայ:
Ճանճը աղտոտ չէ, բայց ստամոքս կը խառնէ:
Ճանճը մեղրի վրայ ալ կը թառի աղբի վրայ ալ:
Ճանճի թեւով գացողն իսկ կը հաշուէ:
Ճերմակ շուն, սեւ շուն, բոլորը շուն:
Ճերմակ շունը բամպակի վնաս ունի:
Ճերմակ ստակը սեւ օրերու համար է:
Ճնճղուկը ի|նչ է որ ձագը ի՛նչ ըլլայ:
Ճրագի տակ չէ մեծցած:
Ճրագին լոյսը յատակը չ՛իյնար:

Մ.

Մահամերձ շունը մզկիթի մօտ կ՛աղտոտէ:
Մահը իրաւունք է, ժառանգութիւնը՝ արդար:
Մահ կայ մահ է, մահ կայ լուծ է:
Մահն ու ամուսնութիւնը իրենց ժամանակն ունին:
Մայրդ սխտոր, հայրդ սոխ, դուն ուսկից բուսար շաքա՛ր:
Մայրիկէն ծծած կաթը քիթէն բերնէն եկաւ:ձ
Մայրիկին անունը իր աղջկան օժիտ է:
Մայրիկին նայէ՛ աղիկը առ, եզերքին նայէ՛ կտաւը ա՛ռ:
Մատը երկար եղողը չէ որ կ՛ուտէ մեղրը, ա՛յլ բախտ ունեցողը:
Մատնող եթէ չըլլար աղուէսը շուկաները կ՛իջնէր:
Մարդը կը բռնեն խոստովանութենէն, իսկ կենդանին՝ պախուրցէն:
Մարդը մարդ ընողն ալ կնիկն է բորոտ ընողն ալ:
Մարդ ըսուածը անթեւ թռչուն է:
Մարդ կայ մարդու վայել, մարդ կայ կենդանիի անվայել:
Մարդ կը ծրագրէ Աստուած կ՛առաջնորդէ:
Մարդ հարուստ չի կրնար ըլլալ, հարուստն ալ՝ մարդ:
Մարդ մարդը ջուր խմելու ատեն ալ կը հասկնայ:
Մարդ մարդու հայելին է:
Մարդոցմէ դուրս՝ խաղախորդը, բանջարանոցէ դուրս՝ դդումը:
Մարդոցմէ չամչցողը Աստուծմէ ալ չի վախնար:
Մարդս մարդ ընելու համար պէտք է.
Մարդը եթէ մարդ չըլլայ մարդն ինչ ընէ:
Մարդու անձին ծանր եկողը կրնայ շահին նպաստաւոր ըլլալ:
Մարդուն միսը չ՛ուտուիր, մորթը չի հագուիր, անուշ լեզու ալ եթէ չունենայ ինչ ունի:
Մարդուս աչքը ափ մը հողը կը կշտացնէ:
Մարդուս անունը ելլելէն լաւ է աչքը ելլէ:
Մեծ գլուխը մեծ ցաւ կ՛ունենայ:
Մեծ ձուկը մանր ձուկը կ՛ուտէ:
Մեծ մարդիկ փոքր սխալ չեն գործեր:
Մեծը չճանչցողը զԱստուած եւս չի ճանչնար:
Մեծցող ձուկը գլուխէն յայտնի կ՛ըլլայ:
Մեղուի փեթակին շիւղ մի՛ խոթեր:
Մեղուն ալ չի գիտեր թէ մեղրը ինչէ կը շինուի:
Մեղրը հին փեթակէ կ՛ուտուի:
Մեղր ձեռնողը իր մատը կը լիզէ:
Մեղր չտուող մեղու:
Մեռած ոչխարին դանակ կը խնայես:
Մեռելը պէտք է արժէ իր լացը:
Մեռնողին ինչքը հետը կը մեռնի:
Մեռնողին հետ մեռնող եղած է:
Մէկ անգամ կքող ձիու գլխուն չեն զարներ:
Մէկ հացով երկու շուն բաժնելու անկարող:
Մէկ ձեռքը արիւն միւս ձեռքը կուպր:
Մէկ ձեռքը ինչ ունի, երկու ձեռքը ձայն ունի:
Մէկ ձեռքով երկու ձմեռուկ չի չռնուիր:
Մէկ կրամ միսը հազար պակասութիւն կը գոցէ:
Մէկ քարով երկու թռչուն զարնել:
Մէկը կ՛ըսէ կրօնին համեմատ, միւսը կը հասկնայ հաւատքին համեմատ:
Մէկը կ՛եսէ տանիք միւսը կը հասկնայ պատ:
Մէկը ջուր չի գտներ խմելու, միւսը կամուրջ չի գտներ անցնելու:
Մժղուկը կը քամէ ուղտը կը կլլէ:
Միամիտին ոչխարը գայլը չ՛ուտեր:
Միամիտին սիրտը կատարեալ:
Մի՛ կտրեր պոչը էշուդ, մէկը կարճ կ՛ըսէ, ուրիշը՝ երկար:
Մինարէն գողցողը նախ տեղը կը պատրաստէ:
Մինչեւ գէրը նիհարնայ, նիհարը հոգին կու տայ:
Մինչեւ խելացին մտածէ, խենթը տղան կ՛ամուսնացնէ:
Մինչեվ կէսօր՝ կարէ՛ կնիկ, կէսօրէ ետք՝ քակէ՛ կնիկ:
Մինչեւ կէսօր քիզիր (գիւղապետի գործակատար), կէսօրէ ետք՝ վեզիր (նախարար):
Միսը ապառիկկ,ըլլայ բայց թոքը՝ ո՛չ:
Միսը եղունգէն չի զատուիր:
Միս ըսէ, շուն ըսէ:
Մուկը ա՛յս ծակէն ելաւ մի՛ւս ծակը մտաւ:
Մուկ կ՛անցնի ճամբայ կ՛ըլլայ:
Մուկի մեզը ծովի ջուրին օգուտ կը բերէ:
Մուկ չեղած ծակ բանալու կը սկսի:
Մուրացկանին աճուռ են տուեր, ծուռ է ըսեր ու չէ հաւներ:
Մուրացկանի աչքը դգալի վրայ է:
Մրջիւնէ օրինակ ա՛ռ ձմրան համար պաշար դի՛ր:
Մօտիկ դրացին կեռակայ ազգականէն լաւ է:
Մօրը մանածը հայրիկին հիւսածը:
Մօրուքը ջաղացքին մէջ է ճերմկցուցեր:
Մօրուքին խնդալ:
Մօրուք ունենայի խօսքս մտիկ կ՛ընէին:
Մօրուքին տակէն անցի՛ր:
Մօրուք սրբեմ ընել:

Յ.

Յաճախորդը կը քաշէ գինէն, ջուլհակը կը քաշէ լայնքէն. ո՛չ յաճախորդի քով կրօն մնաց, ո՛չ կտաւի վրայ լայնք: Յարդանոցը հո՛րթը կը պարպէ:
Յարդի տակ ջուր կը ձգէ, վրան ելած կը քարոզէ:
Յիմարի հետ ճամբու ընկեր մի՛ ըլլար, գլխուդ հազար փորձանք կը բերէ:
Յիմար մը եօթը փաղի փորձանք է:
Յիշէ՛ զիս մի ընկոյզով, փոյթ չէ թէ որ դատարկ ելլէ:
Յօնք շինելու տեղ աչք մի՛ հաներ:

Ն.

Նայելով եթէ կարելի ըլլար արհեստ սորվիլ, շունը մսագործ կ՛ըլլար:
Նապաստակը դէմն անցեր է արդէն:
Նապաստակին կ՛ըսէ.- վազէ՛, բարակին կ՛ըսէ.- բռնէ:
Նապաստակը լերան գժտուեր է, լեռը լուր չէ ունեցեր:
Նաւը փրկողն է նաւապետ:
Ներսս զիս կ՛այրէ, դուրսս՝ զիս տեսնողը:
Նոր սափորի ջուրը պաղ կ՛ըլլայ:
Նուէր տրուած ձիու գլուխին չեն նայիր:
Նուշը որ շատ ուտես կուտի համ կու տայ:

Շ.

Շատ աքլոր ունեցող գիւղին առաւօտը ուշ կ՛ըլլայ:
Շատի համար որ աշխատիս քիչը մի՛ արհամարհեր:
Շունը դրամի համար չէ որ կը հաջէ:
Շունը եթէ փողոցի (կամ շուկայի) շուն է, հօտի պահապան չ՛ըլլար:
Շունի իր աղբը կ՛ուտէ երբ անօթի ըլլայ:
Շունը իր կերածն է որ կը հանէ:
Շունը իր շնութիւնը կ՛ընէ:
Շունը կը հաջէ, կարաւանը կը քալէ:
Շունը ձմեռը կ՛անցնէ, բայց եկուր անոր մորթին հարցուր թէ ի,նչ կը քաշէ:
Շունը շունին կը հրամայէ ան ալ իր պոչին:
Շուն-շունի պոչ չի ձգեր:
Շունը տուն չ՛ունենար:
Շունի ակռան՝ խոզի մորթը:
Շունի աղօթքը երբ լսելի ըլլար, երկինքէն ոսկոր կը տեղար:
Շունի երեսը վարդի ջուր չեն թափեր:
Շունի զարնելէ աւելի լաւ է վախցնել:
Շունի լակոտը շուն կ՛ըլլայ, գայլինը՝ գայլ:
Շունի հանդիպելէ աւելի լաւ է ցանկապատը անցնիլ:
Շունի հետ տոպրակ չի մտցուիր:
Շունի ոտքը քարէ կը խնայես:
Շունի չեն զարներ տիրոջը որպէս յարգանք:
Շունի սոխի նայելուն պէս կը նայի:
Շունին դատաւորը գաւազանն է:
Շունին պոչը մամուլի տակ դնելով չի շտկուիր:
Շունին տխմխր բագլաւայէ բաժին կ՛ակնկալէ:
Շունին քաջը դիակի շուրջ յայտնի կ՛ըլլայ:

Ո.

Ողորմածութիւնը կրօնքին կէսն է:
Ողջ գլուխդ Աւետարանի տակ մի՛ դներ:
Ոչխար չգտնուած տեղը այծին Ապտիւլքերիմ Աղա կ՛ըսեն:
Ոռը վարտիք չունի գլուխը ռեհան է խոթեր:
Ոսկի ածող հաւը չեն մորթեր:
Ոսկիին յարգը սեղանաւորը գիտէ:
Ոստը թաց եղած ատեն կե ծռի:
Ոտքդ երկարէ վերմակիդ համեմատ:
Ոտքը այրած շունի նման կը շրջի:
Ոտքը չքալած գլուխը չի քալեր:
Որբը աղօթարանի մէջ հայր, իսկ բաղնիքի մէջ շատ մայր կ՛ունենայ:
Որբին խորհուրդ տուող շատ կ՛ըլլայ, հաց տուող՝ քիչ:
Որսկան շունը երեսէն յայտնի կ՛ըլլայ:
Որ վաճառորդը «մածունս թթու է» կ՛ըսէ:

Չ.

Չամչցողի զաւակն է ամչցեր:
Չգիտնալ ամօթ չէ, չսորվիլն է ամօթ:
Չեն հարցներ.- որո~ւ աղջիկն ես: Կ՛ըսեն. որո~ւ հարսն ես:
Չըթ-չըթ ընողը պայտն է, գործ լրացնողը՝ ստակը:
Չին-չին-ը կը հնչէ կապիկը կը խաղայ:
Չլացողին ծիծ չեն տար:
Չորի պատճառած թացն ալ կ՛այրի:
Չիպուխը (ծխափող) դարձնելով կը ծակեն:
Չքաւորութիւն եւ հպարտութիւն միասին չեն ընթանար:
Չքերուող տեղդ կը քերես դարյեալ:

Պ.

Պահէ՛ յարդը, կու գայ ատենը:
Պառկող աղուէսը չի կրնար որս բռնել:
Պառկող առիւծէն լաւ է շրջող աղուէսը:
Պառկող եզին կեր չեն տար:
Պառկող շունի պոչին մի՛ կովեր:
Պատը ականջ ունի: Պարապ կուժի մէջ կը փչէ:
Պարապ նստելու տեղ անվարձ աշխատէ՛:
Պարապ տակառի ձայնը մեծ կ՛ելլէ:
Պարտքը տալով, մեղքը լալով:
Պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալ:
Պոլսէն եկող էշը վեց ամիս ձիու հմայք կ՛ունենայ:

Ջ.

Ջուրը դէպի ցածը կը հոսի:
Ջուրը կտրուած ջաղացքի կը նմանի:
Ջուրը հոսած տեղը նորէն կը հոսի:
Ջուրը ո՛րքան ծեծես նորէն ջուր է:
Ջուրը չտեսած մի՛ մերկանար:
Ջուրի մէջի ձուկը սակարկութեան չի գար:
Ջուրի սափորը ջուրի ճամբան կը կոտրի:

Ռ.

Ռուպ վաճառողին ռուպ չի ծախուիր:

Ս.

Սեղանը մեծին, ջուրը պզտիկին:
Սեւ գիրը չի ճերմկիր:
Սեւ լուրը շուտ կը հասնի:
Սէրը կոյր է:
Սիսեռին հարցուցեր են. «Դեղնութիւնդ ինչէ|ն է».- Փուքի ուռուցքէն , ըսեր է:
Սիրահարին համար Պաղտատ հեռու չէ:
Սիրտը այրած էշը ձիէն արագ կը վազէ:
Սխտորը հաշիւ ընողը խաշ չի կրնար ուտել:
Սոխակը ոսկի վանդակի մէջ դրեր են, «Ա~խ հայրենիք» ըսեր է:
Սոխին անոյշը չ՛ըլլար:
Սուտը ոսկոր եթէ ունենար, խօսողին կոկորդը կը մնար:
Սուտն ու հաւատքը միատեղ չեն քալեր:
Սուրը իր պատեանը չի կտրեր:
Սուրը տոպրակի մէջ չի թաքցուիր:
Ստախօսը թշնամի է Աստուծոյ:
Ստախօսին գլուխը եղջիւր կ՛ունենայ:
Ստախօսին ճրագը մինչեւ առաւօտ չի վառիր:
Ստախօսին տունը այրեր է, հաւատացող չէ գտնուեր:
Սրտէ սիրտ ճամբայ կայ:

Վ.

Վախը լեռները սպասել կու տայ:
Վախը օգուտ չ՛ըներ մահուան:
Վախկոտ փերեզակը ո՛չ շահ կ՛ընէ ո՛չ վնաս:
Վախցիր անկէ որ չի վախնար Աստուծմէ:
Վաղուան սագէն այսօրուան ճնճղուկը լաւ է:
Վառեակները աշնան կը համրեն:
Վառօդը պէտք է չոր պահել:
Վարդը սիրողը փուշն ալ կը սիրէ:
Վարպետի ապտակ չուտողը չի կրնար վարպետ ըլլալ:
Վարպետիմուրճը հազար կ՛արժէ:
Վէրք բանալ գիտէ, աղ ցանել չի գիտեր:
Վէրք չեղած տեղ որդ կը ցանէ ու լաթ կը կապէ:
Վիրաւոր մատի վրայ չի միզեր:

Տ.

Տան հաշիւը շուկայի չի գար:
Տեսնուող գիւղը առաջնորդ չ՛ուզեր:
Տուն քանդողը տուն չ՛ունենար:

Ու.

Ուզածը ըսողը չուզածը կը լսէ:
Ուզողին՝ մէկ երեսը, չտուողին՝ երկու երեսը սեւ կ՛ըլլայ:
Ութսունէ ետք սազ չեն նուագեր:
Ուղիղ խօսողին գլուխը ծակ կ՛ըլլայ:
Ուղտապանի հետ խօսողը տան դուռը մեծ շինել կու տայ:
Ուղտը՝ արածողը գիտէ իսկ ցաւը՝ քաշողը:
Ուղտէ ինկողը չէ ամչցած, էշէ ինկողը ամչցեր է:
Ուղտէ ինկողը չէ մեռած, էշէ ինկողը մեռած է:
Ուղտէ կ՛իյնայ, կոփ-հոփ ըսելէ չի դադրիր:
Ուղտէն մեծ փիղ կայ:
Ուղտի նման պահեստէն կ՛ուտէ:
Ուղտին զանգակ կախել:
Ուղտին հարցուցեր են.- Խիզդ ինչո|ւ ծուռ է: Ըսեր է. Որ տեղս շիտակ է:
Ուղտին պարճ (խմորի գունտ) որ տան վիզը կ՛եկնցնէ:
Ուտողը չի գիտեր, մանրողը գիտէ:
Ուրացումը դատարանի կղպանքն է:
Ուրբաթը Շաբաթէն առաջ եկաւ:
Ուրիշէ ուտողը գիրցեր, քսակէն ուտողը նիհարցեր է…:
Ուրիշի ձին նստողը շուտ վար կ՛իջնէ: Ուրիշի վրայ շապիկ չի հիննար:
Ուրիշին հերիւն խոթելէ առաջ, դուն քեզի ասեղ մը խոթէ:

Փ.

Փախած ձուկը մեծ կ՛ըլլայ:
Փորձուածը կրկին փորձել յիմարութիւն կը հանեն:

Ք.

Քանի՛ ագահը կայ, տնանկը անոթի չի մնար:
Քառասուն ճնճղուկէն մէկ սագը լաւ է:
Քառասուն տարիէն ո՛չ բարեկամ կը մնայ ո՛չ ալ թշնամի:
Քառասուն տարին անգամ մը կնկան խոսք մտիկ ըրէ:
Քիթը եթէ երեսէն առնուի երեսը այլանդակ կ՛ըլլայ:
Քիչ խօսէ շատ մտիկ ըրէ:
Քիւրտին նուէրը ծամօն մը ձիւթ է:
Քոսոտ շունը ջուրը ակէն կը խմէ:
Քունը պզտիկ մահ է:
Քուռակը մեծնալով էշ կ՛ըլլայ:
Քչիկ մը ողորմութիւն, մեծ փորձանք կրնայ վանել:
Քրիստոնէութեան կէսը ողորմութիւն է:

Օ.

Օձէ խայթուողը քնացեր է, անօթին չէ քնացեր:
Օձը կը գալարի – կը շրջի ելած ծակը կը մտնէ:
Օձը հողը չափով կ՛ուտէ:
Օձը պզտիկ եղած ատեն պէտք է սատկեցնել:
Օրը չանցած ինչե~ր կրնան ծագիլ:
Օրուան մը պէյութիւնը «պէյութիւն» է:

Վ. ԿԻՒԼԷՍԷՐԵԱՆ Յաւելուած Կոյրերու թաղին մէջ հայելի ծախել. Ակնարկութիւն անոնց՝ որ աննպատակ գործերու կը լծուին: Շերտ մը պանիր՝ երկու լաւաշ հացի մէջ. Ակնարկութիւն հաճելի եւ փնտրուած մարդերու: Օդի մէջ հով լեցնել. Ակնարկութիւն դատարկապորտ մարդոց որ գործ օր կ՛անցընեն: Արեւ ըլլաս մարդու լոյս չես տար. Ակնարկութիւն անոնց որ ծառայել, բարիք ընել չեն սիրեր: Դդումը իր գլխուն վրայ ճաթեցաւ. Ակնարկութիւն անոնց՝ որ անմեղօրէն դատապարտութիւն կը կրեն: Հնաւուրց պատմութիան մը կայ այս ասացուածքին կապուած: Հին-հին օրերուն, ամբաստանեալներու խումբի մը մէջէն իսկական յանցաւորը գտնելու համար կը կիրարկուի եղեր գլուխները ջրադդումով (կոչուած նաեւ դդմակ, որ կ՛ունենայ երկայն կոթ եւ չորցուելէ ետք կրնայ գործածուիլ իբրեւ ջրաման) հարուածելու «արդարադատութիւնը»: Ամբաստանեալները ծալապատիկ կը նստին եղեր շարքով եւ տղեկ մը ըտս կարգի ջրադդումով կը զարնէ եղեր անոնց գլուխին. Դդումը որուն գլխուն վրայ որ ճաթի ան կը համարուի եղեր յանցապարտ ու ենթակայ՝ պատիժի: Յայտնի եղաւ որ հայրդ դօշակակաիր է եղեր: Հացագործներու մէջ ընդհանրացած ասացուածք մը, ակնարկելով այն բանուորներու որ թերավարժ են եւ բնութեամբ չոր ու յաճախ վարպետ կը փոխեն «անգործներու վաշտ»ին դրօշակակիր հանդիսանալով: Գր. Յ. Պարսումեան

Նյութը տրամադրեց  Մարի Պէշպուչաքլեան-Քահքէճեանը

 

Одна идея о “ԱՅՆԹԷՊԱԿԱՆ ԱՍՈՅԹՆԵՐ, Պատմութիւն Այնթէպի Հայոց ՝ Երուանդ Պապայեան

  1. Пингбэк: Այնթապի ասույթներ արհեստների մասին | Արհեստագործ

Добавить комментарий