Ռուբեն Սևակ

Ռուբեն Սևակ
«Կէս օրէ վերջ, ժամը երկուքը նոր անցեր էր երբ կանգ առինք Թիւնէյի խանին առջեւ: Գիւղը չտեսանք, որովհետեւ մեր աջակողմը սարերու ետին կը մնար:

Մինչեւ այդտեղ, բոլորովին անմշակ հողի տարածութիւններէ անցեր եւ ճամբուն վրայ ոչ ոք տեսեր էինք: Խանն ալ մարդ չկար, եւ մէկ քանի հոգի հասան մեր կանգ առնելէն վերջ միայն: Գիւղացիներ էին, որոնք սակայն չկրցան մեզի մերձենալ: Իպրահիմ էֆէնտիի յաջորդող ենթասպաները, հաւատարմօրէն գործադրեցին անոր հաստատած դրութիւնները. – բնիկ ժողովուրդը մեզմէ հեռու պահել, ի հարկէ ամեն անգամ որ կարելի էր ասիկա:
Մեզմէ ոմանք, մանաւանդ եայլըներու մէջ գտնուողները, վար չիջան, կամ աւելի ճիշտը իւրաքանչիւր եայլըէ մէկ մարդ վար իջաւ, քիչ մը ուտելիք գնեց իրեն եւ ընկերներուն համար, ու կրկին կառք բարձրացաւ: Բայց մեր մեծագոյն մասը մարգերուն վրայ ճաշեց: Յետոյ սուրճ առինք, եւ այդ առթիւ ենթասպաները, որոնք աւելի մերձենալի մարդիկ էին քան Իպրահիմ էֆէնտին, մեզի յանձնարարեցին որ աճապարենք, որպէսզի մութը չկոխած հասնինք Չանգըրը:
Խնկարկելով... Ռուբեն Սևակ

Խնկարկելով… Ռուբեն Սևակ | Պահպանվել է Ռուբեն Սևակի ինքնալուսանկարը։

Վեց ժամ դրեր էինք Գալէճիքէն Թիւնէյ, եւ կառապաններէն իմացանք որ նոյնքան ճամբայ ունինք մինչեւ մեր աքսորավայրը:
Օդը գաղջ ու մեղկացնող անուշութիւն մը ունէր, եւ մինչեւ Թիւնէյ չէինք նեղուած, բայց ոմանք կը նախատեսէին թէ անձրեւ պիտի ունենանք, եւ կը յանձնարարէին որ կառապաններուն տարածել տանք կառքերու ծածկոցները որոնք ծալուած էին մասամբ: Ես այդ նպատակով մեր կառապանին մօտեցայ, եւ իրեն հետ ձեռք ձեռքի լաւ մը ծածկեցինք մեր կառքը, յետոյ նստայ խճուղիին կողքն ի վեր սեպացած սեւ ու սուր ցցունքներով ժայռի մը վրայ: Այդպէս նստած, կը դիտէի կանանչով յղփուն մարգերը որոնք խանը կը գրկէին միանգամայն երեք կողմերէն, եւ որոնց վրայ տակաւին միրիններէն շատերը երկնցած կը մնային, իրենց երազկոտ աչքերը յառած երկինքին:
Չեմ կարծեր որ մասնաւոր բանի մը վրայ խորէի այդ միջոցին: Միտքը կը սիրէ ծուլանալ, երբ մեր զգայարանքները խնջոյքի մէջ կ’ըլլան: Եւ անշուշը չէի կրնար գիտնալ թէ ճիշտ ու ճիշտ 81 օր վերջ, 1915 Օգոստոս 5ին, երբ 26 ընկերներու հետ զիս ալ Չանղըրըէն հանելով Էնկիւրի կը տանէին, կառապան զինուորի մը պարզ անուշադրութեան հետեւանքով կառքէն պիտի իյնայի այդ միեւնոյն սեւ ապառաժին վրայ ուր հիմա նստեր էի հանդարտ ու անփոյթ, աջ ոտքս պիտի կոտրէր, պիտի պարտաւորուէին զիս թողուլ հիւանդանոցի մը մէջ, ու պիտի փրկուէի այն սպանդէն որուն ընկերներս զոհ պիտի երթային Էնկիւրիէն մեկնելէն քիչ ետքը:
Չէի կրնար գիտնալ նաեւ որ իմ արկածէս շաբաթ մը ետք, Թիւնէյի այդ տխրահամբաւ խանին առջեւ, ոչխարներու պէս պիտի մորթուէին Վարուժանն ու Սեւակը, իրենց նոյնքան դժբախտ ընկերներուն՝ Օրթագիւղցի հացագործ Արթին աղայի, կազմարար Օննիկ Մաղազաճեանի եւ երկաթագործ Ուրֆացի Վահան Քէհետեանի հետ, հինգն ալ թեւերնէն կապուած եւ բոլորովին մերկացուած, — որպէս զի իրենց հագուստներն ու ներքնազեստաները չարիւնոտին, չաղտոտին, արժեքէ չիյնան:
Ո՞վ եղաւ այս հինգէն «բախտաւոր»ը որ է՜ն առաջ սպանուեցաւ, առանց միւսներուն մարտիրոսութիւնը տեսնելու: Որովհետեւ բախտ մըն էր իրոք…: Ու չեմ գիտեր թէ կեանքէն ի՞նչ կը մնար իրենցմէ վերջինին մօտ որ, կարգը իրեն չեկած, յոջորդաբար տեսաւ իր ընկերներէն չորսին վիճակած ահաւոր վախճանը, լսեց անոնց հռնդիւնները, պոռչտուքը, եւ այն ահռելի ցաւի կանչերը որոնց հաւանականաբար արձագանք տուին մերձակայ սարերը: Եւ տեսաւ ու լսեց այն ցնորագին գիտակցութեամբ թէ ինքն ալ նոյն զարհուրանքին մէջ պիտի խարկուի: Ապրի՜լ այդ պահը… Բայց կ’ապրէ՞ր իրոք, թէեւ դեռ ողջ էր…
Լոկ այս վերջինին ո՞վ ըլլալը գիտենք, շնորհիւ կառապան Հասանի կողմէ Գոնիայի (եւ ոչ թէ Էնկիւրիի, ինչպէս գրուեցաւ 1919-ին) պատերազմական ատեանին առջեւ տրուած վկայութեան: Հասան ըսած էր թէ վերջին սպանուղը մորուսաւոր մըն էր, եւ այդ հինգին մէջ միակ մորուսանին տարաբախտ Ռուբէն Սեւակն էր…»
Արամ Անտոնեան, «Աքսորի ճամբուն վրայ. Յիշողութիւններ.
Կոմիտաս վարդապետ աքսորի մէջ»
Աղբյուր՝ Արմեն Քեշիշյանի էջ:
Խնկարկելով… Ռուբեն Սևակ
Կարդացեք կենսագրությունը՝ Ռուբեն Չիլինկիրյան

Добавить комментарий