ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ ARAM HAYKAZ

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ ARAM HAYKAZ

Արամ Հայկազը կանանց մասին

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ ARAM HAYKAZ  АРАМ АЙКАЗ

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ ARAM HAYKAZ ( ՉԵՔԵՄՅԱՆ ԱՐԱՄ ԱՐՍԵՆԻ ) АРАМ АЙКАЗ

Մարդ մը պէտք է սիրէ իր կինը ու չաշխատի, չակնկալէ հասկնալ զայն, իսկ կին մը պէտք է քիչ մը սիրէ ու շատ մը հասկնայ իր ամուսինը, որ երջանկութիւն տիրապետէ տան մէջ:
***
Եթէ կնոջդ պէտք չեղած բան մը գնես, շռայլութիւն է: Զգուշացի՛ր:
***
Շատ մը կիներ երախաներու պէս «Ո՛չ» ըսել կը սիրեն, ու շատ մը մարդեր՝ երախաներու պէս կը հաւատան այդ «Ո՛չ» ին:
***
Օրագրութիւն պահողը բարի աղջիկներն են, չարերը ժամանակ չեն ունենար այդ բանին համար:
***
Կին մը, որ հետդ պիտի չամուսնանար ինչ ըլլալուդ համար, կ’ամուսնանայ ինչ ունենալուդ համար:
***
Կիներու աչքերն ու լեզուն շատ անգամ տարբեր բան կ’ըսեն. իմաստութիւն պէտք է՝ որոշելու համար, թէ ո՛ր մէկուն պէտք է հաւատալ:
***
Կանանց լայնքը, նայած թէ ո՞ւր երթալու կը պատրաստուին, կը փոխուի:
***
Աղջկան մը մեծագոյն հարստութիւնը իր հետ չէ, այլ այրերու գլխուն մէջ գտնուող երեւակայութիւնն է:
***
Առջի օր կին մը կ’ըսէր, թէ ծերացած ըլլալու է, որովհետեւ զինք հալածողը այլեւս իր տարիքն է միայն…
***
Աստուած Եւայէն առաջ Ադամը ստեղծեց, որպէսզի իր գլխուն վերեւ կենալով՝ խրատ տուող չգտնուի:
***
Կիները ամուսնանալէ ու եկեղեցիէն տուն գալէ անմիջապէս վերջ կը սկսին իրենց ամուսինները բարեկարգել, վերաշինել, սրբագրել… Եւ հինգ տարի վերջն ալ կու լան՝ ըսելով, թէ «Հին մարդը՝ իր առած մարդը չէ, փոխուած է»:
***
Մարդ մը կ’ամուսնանայ դատողութեան պակասի պատճառաւ, կը բաժնուի՝ համբերութեան պակասի պատճառաւ, կը վերամուսնանայ՝ յիշողութեան պակասի պատճառաւ:
***
Ամուրիները կիներու մասին շատ աւելի բան գիտնալու են, քան ամուսնացածները, այլապէս իրենք ալ ամուսնացած պիտի ըլլային:
***
Առջի օր ծանօթ մը, գանգատելով իր տան մէջ տեղի ունեցած փոփոխաթեան մասին. կ’ըսէր. «Երբ ամուսնացայ, տուն եկած պահուս շունս կը հաչէր, ու կինս մուճակներս կը բերէր, հիմա դերերը փոխուած են․ շունս է, որ մուճակներս կը բերէ»:
***
Ամուսնութիւն մը կնքելու համար երկու անձի համաձայնութիւնը անհրաժեշտ է` ամուրիի մը եւ աղջկան մը անհամբեր մօրը:
***
Դրախտին մէջ ծառին վրայ եղող խնձորը չէր, որ մեր ղժբախտութեան պատճառ եղաւ, այլ՝ անոր տակ եղող զոյգը:
***
Աւելի դիւրին է խելացի, բայց տգեղ աղջիկ մը գեղեցկացնել, քան գեղեցիկ, բայց ապուշ մէկը խելացի դարձնել:
***
Կիներ կան, որոնց ունեցածին վրայ եթէ ուրիշներէ փոխ առածնին ալ աւելցնելու ըլլաք, նորէն կշիռ չեն ներկայացներ:
***
Սիրուած ըլլալու գիտակցութիւնը կնոջ մը երջանկութեան շէնքին հիմնաքարն է:
***
Մեռնող մարդու մը ու մեռնող կնոջ մը մէջ գտնուող տարբերութիւնը այն է, որ մինչ առաջինին սիրտն է, որ դադար է առած, միւսին մէջ դադար առնողը լեզուն է:
***
Մուկերը կը վախնան մարդերէն, մարդերը՝ կիներէն, ու իրենց կարգին՝ կիները՝ մուկերէն:
***
Սիրահարները կը նմանին ամպերու վրայ քալող տխմարներու, բայց տեսնուած չէ, որ տխմար մը սիրահարի:
***
Կինը մեծ մանուկ մըն է, զոր կրնանք ուրախացնել խաղալիքներով, քնացնել՝ գովեստներով ու գրաւել՝ խոստումներով:
***
Չամուսնացած մարդիկ կիներու մասին կարծիք յայտնելու իրաւունք չունին, որովհետեւ ամուսնացած ու անոնց հետ ապրող մարդերն իսկ անոնց մասին շատ բան չեն գիտեր, բացի անկէ, որ անոնք երբեմն կու լան:
***
Կնոջ մը համար ամենէն դժուար բանը իր չափահասութեան տարիքին հասնելու տարին եւ թուականը որոշելն է:
***
Կին մը, եթէ իրեն վստահուած գաղտնիքին որմէ լսած ըլլալը չըսէ, զայն պահած ըլլալ կը կարծէ:
***
Կին մը խօսելու հաճոյքին համար այնքա՜ն շատ կը խօսի, որ խորհելու ժամանակ չունենար:
***
Կին մը, եթէ մէկը չսիրէ իսկ, երբ գիտնայ, թէ անոր կամ մէկու մը ցանկալի է, անով երջանիկ կ’ըլլայ: Այդ է իր գոյութեան իմաստը:
***
Կին մը հոսուն ջուրի ակ մըն է, որուն վրայ ամէն ոք կը հակի՝ իր ծարաւը յագեցնելու համար, եւ զարմանալի չէ, որ այդ պահուն միայն իր նկարը տեսնէ՝ անոր մէջ ցոլացած:
***
Անցեալ ունեցող կինը ու ապագայ ունեցող մարդը յարգի են:

Արձակագիր Արամ Հայկազը (Չեքեմյան Արամ Հայկազի)  ծնվել է 1900 թ․-ի մարտի 22-ին, Շապին-Գարահիսարում, մահացել է 1986 թ․-ի մարտի 10-ին, Նյու Յորքում։

Տես՝ Hayagitaran

3 идей о “ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ ARAM HAYKAZ

Добавить комментарий