ԱՅՆԹԷՊԱԿԱՆ ՄԱՆՐԱՊԱՏՈՒՄՆԵՐ (ԱՆԵԿԴՈՏՆԵՐ)

ԱՊԱԶԱ ՄԱՆԻԿ

ԺԹ. Դարու կէսին Այնթապ ունեցած է զուարճախօս ու պատրաստաբան հայ մը: Ապազա Մանիկ, որուն մասին զանազան անեկդոտներ բերնէ բերան հասած են մինչեւ մեր օրերեը: Կ՛ըսեն թէ, թուրք մեծաւորներու խնճոյքներուն Խիկար Իմաստունն էր ան եւ իր զուարթ խօսքերով ու սրամտութիւններով շէնութիւն կը բերէր հաւաքոյթներուն: Գայմագամ Պաթթալ Պէյ եւ Ճենանի Զատէ Րեսիմ Փաշա եղած են բարեկամ ու պաշտպան Ապազայի եւ տարուէ տարի հայթայթած՝ անոր տան պաշարները: Ապազա իր մեծազօր պաշտպաններուն ապաւինած՝ ունեցած է համարձակութիւնը ծաղրելու պէյեր ու էֆէնտիներ եւ նոյնիսկ հեգնելու անոնց դաւանանքը:

Այնթապի Սուրբ Աստվածածին հայկական տաճար Ayntapi Surb Astvatsatsin ekegheci

Այնթապի Սուրբ Աստվածածին հայկական տաճար Ayntapi Surb Astvatsatsin ekegheci

Գ.

ԱՊԱԶԱՅԻՆ ՎՐԻԺԱՌՈՒԹԻՒՆԸ

Օր մը Ապազային տունը հիւր կու գայ եւ պէտք կ՛ըլլայ գիշերը քիչ մը աւելի նստիլ: Չըրային* շիրիկը հատնելու վրայ է, շիրիկամանը՝ պարապ: Ապազա կը շտապէ մօտակայ իսլամ խանութպանի մը որ ճրագը մարած մեկնելու պատրաստութեան մէջ էր.
-Ամա՛ն, դրացի՛, կ՛ըսէ, մեզի քիչ մը շիրիկ, ճրագնիս մարելու վրայ է:
Խանութպանը որ ծանօթ էր Ապազայի զուարթ ու կատակասէր խառնուածքին, առիթ կը համարէ հետը խաղ մը խաղալու եւ շիրիկամանը առած կը մտնէ ներս ու մութին մէջ, փոխանակ շիրիկ լեցնելու ամանին մէջ կը միզէ: Ապազա տուն կը դառնայ ուրախութեամբ եւ ճրագը կը լեցնէ բերած շիրիկով, որ սակայն չէր բռնկեր եւ ճըզտ-խըսս ձայներ հանելով կը մարի շարունակ:
Ապազա կը կռահէ թէ խանութպանը մօրուքին է խնդացած Շիրիկի տեղ մէզ ծախելով իրեն. Այսուհանդերձ, կը ձեւանայ անգիտակ եւ ըստ սովորականի կ՛երթայ – կու գայ մարդուն խանութին առջեւէն տալով ամէնօրեայ բարեւը եւ առիթ չձգելով որ խնդայ կամ կատակէ ըրած շահատակութեան համար: Շաբաթ մը կամ երկու կ՛անցնին այսպէս:Օր մը խանութպանը, Ապազայի ճամբան կտրելով.
-Դրացի՛, սա ակռայիս ցաւին դեղ մը, տե՛ս ի՛նչ եղաւ երեսս, կ՛ըսէ ցոյց տալով ուռած դէմքը:
-Գլխո՛ւս վրայ, դրացի, կը պատասխանէ Ապազա եւ կը խոստանայ այդ օրն իսկ դարման մը ճարել ու բերել: Վրէժի առիթը եկած էր: Անմիջապէս կ՛երթայ մօտակայ արտ մը եւ կտոր մը չոր քակոր առած տուն կու գայ. Զայն կը ծեծէ, փոշիի կը վերածէ, քչիկ մը չամ սախըզի հետ կը խառնէ եւ քառանկիւն թղթիկի մը մէջ ծրարած իրիկուան դէմ կը տանի խանութպանին ու կ՛ըսէ.
-Այս գիշեր, ընթրիքէն յետոյ, այս փոշին ցաւած ակռայիդ չորս կողմը ցանէ ու լաւ մը շփէ, ապա բերանդ գոց պառկէ, առտուն բան չի մնար, երեսիդ ուռեցքն ալ կ՛իջնէ: Երկու խօսակիցներ ուրախ ու զուարթ կը բաժնուին իրարմէ, մին փրկարար դեղ մը գտած ըլլալուն, իսկ միւսը վրէժը լուծած ըլլալու գոհունակութեամբ:
Առաւօտուն, հազիւ լուսցած, խանութպանը ափ կ՛առնէ Ապազայի տան դուռը.
-Ծօ՛, Ապազա, կ՛ըսէ , այդ ի՛նչ էր տուածդ, գիշերը չկրցայ քնանալ, կարծես քակ կար բերանս:
-Ի՛նչ պիտի ըլլայ, բարեկա՛մ, կ՛ըսէ Ապազա խնդալով. անցեալ օրուան շիրիկիդ քիւսպէն էր տրուած… :*
* ( Դար մը առաջ Այնթապի անծանօթ էին քարիւղի լամբարն ու լուցկին. Կը վառէին շիրիկ, ձէթ կամ մոմ, իսկ որպէս լուցկի կը գործածէին հալած ծծումբի մէջ թաթխուած տեղական դերձանի հիւսքեր որ երբ չորնար, կայծքարով բռնկցուած աբեթի ծայրէն բոց կը ստանար եւ իր կարգին կը վառէր մոմը կամ կանթեղին պատրոյգը)
(Խարկուած քիւնճիւն (շուշմայ) հնձանի մէջ ճմլուելով կ՛արտադրէ թահինը, որմէ քամուած (այնթապերէնով՝ քիւսիւրմէք) ընտիր ձէթն է շիրիկը: Դիրտը կը կոչուէր քիւսպէ զոր կ՛ուտէին թէ՛ անասունները եւ թէ մարդիկ:

Յ. Տէր Մելքոնեան
Պէյրութ

ԱՊԱԶԱ ԵՒ ՊԱԹԹԱԼ ՊԷՅ

Պաթթալ Պէյ մէկն էր Այնթապի մեծահարուստ թուրքերէն որ անցեալ դարու կէսերուն ապրած եւ երկար ատեն եղած է քաղաքին Գայմագամը (կառավարիչ): Անոր զաւակները, Թահիր եւ Քամիլ Պէյեր, մեր օրերուն անուն ունէին իբրեւ հարուստ իշխանազուներ:
Ապազա Մանիկի անունը սրտօրէն կապուած է Պաթթալ Պէյի անունին հետ, որուն սարքած երեկոյթներուն յաճախ ներկայ կ՛ըլլար իբրեւ զուարճախօս:
Օր մը Պաթթալ Պէյ կը հրամայէ Ապազային որ երեկոյթի ներկայ եղողները մէկ մէկ կենդանիի նմանցնէ ըստ իր դատողութեան՛ շէնութիւն մը բերելու համար երեկոյթին, նախապէս յայտնելով ներկայ պէյ ու աղաներուն թէ ըլլալիքը պարզ կատակ մըն է եւ ո՛չ ոք պատճառ պիտի ունենայ նեղսրտելու:
Ապազա ներկայ աղաներն ու պէյերը ուշի-ուշով քննութենէ մը անցընելէ յետոյ, ըստ անոնց նմանութեան ու բարքին մին էշի, միւսը աղուէսի, երրորդ մը մուկի, ուրիշներ ձիու, ուղտի, օձի, կարիճի, ջորիի, ոչխարի, աքաղաղի կը նմանցնէ անվերջ խնդուք եւ քահքահ պատճառելով: Բայց երբ կարգը կու գայ տանուտէր ու իր պաշտպան Պաթթալ Պէյին, կը վարանի եւ լուռ կը կենայ: Պաթթալ Պէյ լռութիւնը խզելով երբ կը հարցնէ.
-Հապա ե|ս ինչի կը նմանիմ…: Ապազա սիրտ կ՛առնէ ու.
-Դուք ալ, Տէ՛ր իմ, Ալապաշ գամփռի կը նմանիք, կ՛ըսէ:
Ներկաները զսպուած քրքիջով կը մնան սահմռկած, մինչ Պաթթալ Պէյ նմանութեան նեղութենէն զայրացած ոտքի կ՛ելլէր խոյանալու Ապազայի վրայ: Ապազա հազիւ ժամանակ կ՛ունենայ հիւրասրահէն խոյս տալու եւ կանանոց ապաստանելու: Խանըմը որ յարգանք ունէր Ապազայի անձին հանդէպ, կը միջամտէ եւ ամուսինը դիմաւորելով կ՛ուզէ անուշի կապել:
-Դո՛ւն ալ Ապազա՛, կ՛ըսէ, սխալ ըրած ես, միթէ աւելի լաւ բանի չէի|ր կրնար նմանցնել Տէրս:
-Խանըմ, կը գոչէ Ապազան, ինչպէ|ս կրնայի ուրիշ բանի նմանցնել, մենք ժողովուրդս, մեծով-պզտիկով, հօտ մըն ենք եւ մեր ամէնուն պահապանը ի՛նքն է, իր շնորհիւ է որ անխռով կը քնանանք. եթէ սխալ է ըսածս՝ ես պատրաստ եմ խօսքս ետ առնելու:
Պաթթալ Պէյ Ապազայի այս մեկնութենէն մեղմացած՝ կը ներէ եւ ձեռք-ձեռքի կը վերադառնան հւրասրահ ի մեծ զարմացում ներկայ պէյերուն եւ աղաներուն, որոնց դատողութեամբ Ապազայի ըրածը մահուան վճիռով միայն կրնար քաւուիլ:

Գ.Յ. Պարսումեան
Հալէպ

*** Պաթթալ Պէյ որ Ապազայի հիացող ու պաշտպան էր, օր մը կ՛ըսէ.
-Ապազա՛, վերարկուդ մաշեր է, չե|ս տեսներ:
-Պէ՛յս, կ՛ըսէ Ապազա, արժեմ-չարժեմ ամէն մարդու խօսք խօսելու եւ բան հասկցնելու վերարկո|ւ կը դիմանայ…:
***
Քանի մը Պէյեր օր մը Ապազայի ընկերութեամբ երբ կը շրջագայէին, ճամբու մը եզերքը կը նշմարեն մարդկային թարմ քակորի շեղջ մը: Պէյերէն մէկը. -Ապազա՛, կ՛ըսէ, գիտցի՛ր նայիմ թէ այդ քակորը հայո|ւ թէ թուրքի կը պատկանի:
-Հա՜յ հա՜յ, կը պատասխանէ սրամիտ ու պատրաստաբան Ապազան, այդ գիտնալէ դիւրին ի|նչ կայ. Եթէ հայու ըլլար ձերինները մինչեւ հիմա շատո՜նց կերած կ՛ըլլային…:

Գ.Յ. Պարսումեան
Հալէպ

«ԵՐԵՍՈՒՆ ՕՐ ԾՈՄ ԲՌՆՈՂԻՆ…»

Րամազան ամսուն սովորութիւն է որ իսլամներ սահրա կազմակերպեն եւ իրենց ցերեկուայ ծոմը քակած գիշերը արթուն նստին մինչեւ ուշ ատեն, անվերջ ճաշակելով բազմաճոխ սեղաններէ:
Նման առիթով մը Պաթթալ Պէյի ապարանքը հաւաքուած խումբ մը պէյեր ու աղաներ կ՛ուզեն փորձի ենթարկել Ապազայի հասկացողութիւնն ու սրամտութիւնը:
Ներկաներէն մին խօսքը Ապազային ուղղելով.
-Յիսուն օր ծոմ բռնող սա ձեր խենթերուն կրնա՛ս հայհոյել, կ՛ըսէ.
Ապազա, վարկեան մը մտածելէ ետք,
-Պէ՛յս, կ՛ըսէ հարցում ուղղող մեծաւորին, չե|ս հաճիր այդ յիսունէն տասը ինծի շնորհել:
-Հա՜յ հա՜յ, կ՛ըսէ պէյը միամտաբար, դո՛ւն ուզեցիր ե՛ս ալ շնորհեցի:
Ապազա հինգ օր Պաթթալ պէյէ եւ հինգ օր ալ ուրիշ աղայէ մը «շնորհ» ստանալէ ետք կը բանայ օրհնեալ բերանը եւ պատկերալից հայհոյանքով մը կը լուայ երեսուն օր ծոմ բռնողները:
Բոլոր ներկաները կը մնան շանթահար, բացի Պաթթալ Պէյէ որուն շրթներուն վրայ ժպիտ կար. Հոր մը փորձած էին փորել Ապազան մէջը ձգելու եւ իրենք ինկած էին այդ հորին մէջ. Ապազա ծաղր ու ծանակ էր ըրած երեսուն օր ծոմ բռնող իսլամները: Բարեբախտաբար ներկայ էր իր պաշտպանը, Պաթթալ Պէյ, որուն շուքը բաւական եղաւ որ Ապազան խոշտանգումի չենթարկուի իր գործած «անքաւելի մեղք»ին համար:

Միհրան

ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ ՆԱՒ

Այնթապ երեք բլուրներու վրայ շինուած քաղաք էր, ատկէ՝ իր քանի մը ճամբաները որ ցից վերելքներ էին: Գայաճըգի եւ Աղեօլի զառիվերները տանելի էին. Նուազ տանելի էր Քիւրտ Թէփէինը, անտանելին սակայն ա՛յն էր՝ որ Ս. Աստուածածին Եկեղեցիի հարաւակողմը, Վարդանեան Կրթարանի առջեւէն կը ցցուէր դէպի Հայկանուշեան վարժարան եւ ապա կը բարձրանար մինչեւ Հալլաճեան Որբանոց ու Ամերիկեան Հիւանդանոց, դէպի այն բլուրը որ կը կոչուէր Թէփէ Պաշը:
Քաղաքի ամէնէն բանուկ ճամբաներէն մէկն էր այդ զառիվերը, Հայիկը Ժամ Մահալլէսի կապող եւ հայաբնակ բոլոր թաղերը եկեղեցի առաջնորդող: Ձիւնառատ տարիներուն երբ ձիւնը բազմահազար ոտքերու կոխան ըլլալէ կը դառնար սառ, եկեղեցիի այդ վայրէջքին վրայ քանինե՛ր իրենց բազուկն ու սրունքը զոհ կը մատուցանէին, տեւական յաճախորդ հայթայթելով չըխըճը եւ չէքիճիներու…:
Կը պատմեն թէ նման սառապատ օր մը Ապազա գայթումով ոտք ու բազուկ չկոտրելու համար ճանչուորի մը տունը կ՛երթայ եւ կը խնդրէ անոնց լուացքի կաթսան: Շալկած զայն կը բերէ վայրէջքի կատարը եւ առօք-փառօք կը բազմի մէջը, ապշութեան մատնելով դիտողները: Յանկարծ փալտըր-քիւլտըր աղմուկ մը թաւագլոր վայրէջքի: Թաղը ամբողջ դուրս կը թափի լսելով այդ անսովոր աղմուկը որ ոմանց վախ եւ շատերու քրքիջ պատճառած էր: Ճանչուոր մը երբ կը հարցնէ.
-Այս ի|նչ է, Ապազա՛:
Ապազա կը պատասխանէ ժպտագին.
-Ի՛նչ պիտի ըլլայ, այս ալ ցամաքային նաւ է:

Եագուպ Պէրէճիքլեան

ԿԵԱՎՈՒՐ ՉԷ ԵՂԵՐ

Դէպի Արասա իր սովորական ճամբուն վրայ իսլամ մսավաճառ մը կ՛ուզէ խաղալ Ապազայի եւ երբ կը նշմարէ մօտենալը, խանութին առջեւ սլքտացող շունի մը ուղղելով խօսքը՝
-Օ՛շտ, ի՛թ կեավուր, կ՛ըսէ.
Ապազա, աւանդական եւ կրօնասէր մարդ, կը սգացուի այդ ստորին անարգանքէն բայց առանց յայտնի ընելու իր ցասումը, որպէս թէ միս գնելու համար, կը մտնէ խանութէն ներս, նուկի մը միս կտրել կու տայ եւ զայն կը ձգէ շունին առջեւ որ կը շարունակէր սլքտալ հոն:
Շունը կը խոյանայ միսին վրայ եւ վայրկեանի մը մէջ կը լափէ զայն:
-Հէմշէրի՛, կ՛ըսէ Ապազա, խօսքը ուղղելով մսավաճառին, շունը կեավուր չէ եղեր, եթէ կեավուր ըլլար չէր ուտեր, քանի որ քրիստոնեաներս Մեծ Պահքի մէջ ենք հիմա…:

Գր. Սիւթճեան

ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ ՓՐՈՖ. ԱԼԵՔՍԱՆ ՊԷԶՃԵԱՆԷ

Փրոֆ. Ալեքսան Պէզճեան ո՛րքան գիտնական ուսուցիչ նո՛յնքան գիտնական բանախօս մը եղած է:
Պերճախօս մը չէր ան, բառին հռետորական իմաստով: Բայց ժամերով կրնար հմայուած պահել իր ունկնդիրները: Խօսքերը համեմելով զուարթ անեկդոտներով կամ սրամիտ ակնարկութիւններով, որոնք ժպիտ ու ծիծաղ կը կորզէին հաւաքուած բազմութենէն:
Ստորեւ քանի մը նմոյշներ Խոճային այդ կարգի ճառախօսութիւններէն, որոնք կը ցոլացնեն իր սրամտութիւնը, ազնուութիւնը եւ փափկանկատութիւնը:

Ա.
ՈՍԿԻԻՆ ԱՐԺԷՔԸ

1880-ական թուականներուն, Կ.Թ. Գոլէճի վկայականաց բաշխումի մէկ հանդէսին, շրջանաւարտներու ուղղուած իր Հուսկ Բանքին մէջ կ՛ըսէ Խոճան, խօսքը ուղղելով հաւաքուած բազմութեան, որուն մէջ կարեւոր տոկոս մը կը կազմեն ծնողները.
— «Գոլէճի շրջանը աւարտող եւ վկայականի արժանացող այս պարոնները, իմ կարծիքով, մէկ մէկ ոսկիներ են: Բայց ատիկա ըսել չէ թէ ամէնքն ալ ուսումնապէս ու մտաւորապէս նոյն կշիռը ունին: Ոսկի կշռելը գիտէք: Երբ ոսկիները մի առ մի կշիռքի վրայ դնէք, պզտիկ տարբերութիւններ մը չէ|ք գտներ, որոնք սակայն ոսկիին արժէքին չեն ազդեր: Մեր շրջանաւարտ պարոններն ալ ճի՛շդ այդպէս են. կրնան իրարմէ պզտիկ տարբերութիւններ ունենալ իմացապէս եւ ուսումնապէս, բայց ոսկի ըլլալէ չեն դադրիր»:

Բ.-
ԽԵՆԹՈՒԹԻՒՆԸ

Պատմողն էր Յարութիւն Նաշալեան.
— Անգամ մը փրոֆ. Ալեքսան Պէզճեանը հրաւիրուած էր բանախօսելու Վարդանեան Կրթարանի կիրակնօրեայ լսարանին մէջ: Իբր բնաբան ընտրած էր Խենթութիւնը եւ աւելի քամ 45 վայրկեան խօսեցաւ այդ մասին: Թուելէ ետք խենթութեան հասարակութեան ծանօթ տեսակները, աւեցուց. «Ես պիտի ըսեմ ամէն տեսակ մոլութիւններն ալ խենթութիւն են. այսպէս, պատերազմասիրութիւնը, շահամոլութիւնը, հպարտութիւնը, նախանձը, ագահութիւնը, ազգամոլութիւնը եւ այլն եւ այլն:
«Մեր նախահայրերը խենթութեան տեսակը թէեւ եօթանասուն հռչակած են, բայց պիտի յայտարարեմ ձեզի՝ թէ խենթութեան տեսակը 500-է աւելի է եւ ամենախելացի կարծուած ուսումնական մարդիկն իսկ ունին խենթութեան նոպաներ կամ մոլութեան ջիղեր:
«Թերեւս հարցնողներ ըլլան.
— Խոճա՛, դուն ալ խենթութիւն մը ունի՞ս:
«Ո՛չ պիտի չկրնամ ըսել, քանի որ ես ալ պասթոնի (գաւազան) «Խենթ» եմ: Իսկ եթէ չէք հաւատար ըսածիս, գացէ՛ք մեր տունը եւ տեսէ՛ք թէ ննջասենեակիս անկիւնը քանի| տրցակ գաւազաններ կան…:
Եւ բանախօսութիւնը վերջացուց սա թելադրանքով.
— «Որեւէ բանի մոլին մի՛ ըլլաք եւ գոհացէք չափաւորութեամբ ու ժուժկալութեամբ»:

Գ.
ԽՈՃԱՅԻՆ Ա՛ՅԼ ՄԷԿ «ԽԵՆԹՈՒԹԻՒՆ»Ը

Պատմողն է Տիկին Սիրանոյշ Յ. Սանոսեան:
Փրոֆ. Պէզճեան Հայ Աւետ. Միութեան ժողովներուն համար կամ ա՛յլ առիթներով երբ Մարաշ գար ընդհանրապէս կ՛իջեւանէր մեր տունը – Վեր. Կարապետ Յարութիւնեանի տունը: Մայրիկիս օգնելու համար շատ անգամ ճաշի սեղանը ես կը շտկէի: Նախաճաշի մեր սեղանին վրայ կ՛ունենայինք, բացի թէյ ու կաթէ, պանիր, հաւկիթ եւ մի քանի տեսակ անուշեղէն: Օր մը, երբ նախաճաշի սեղանը շտկած կը պատրաստէինք բազմելու, փրոֆեսէօրը զիս կարմրցուց.
-Աղջի՛կս, ըսաւ, կ՛երեւի չես լսած որ ձեր հիւրը խենթ տամար մը ունի…:
Ամէնքս զարմացած մեր նայուածքը ուղղեցինք Խոճային: Խենթութիւն մատնող բան մը չկար երեսին վրայ, բայց որոշ էր որ կը ջանար ժպիտը զսպելու: Ապա, խօսքը շարունակելով.
-Եթէ չէիր իմացած՝ ուրեմն այսօր իմացի՛ր թէ խոճան սոխի խենթ է. Ան նախաճաշի ատեն ալ սոխ կը խործածէ, ըսաւ: Դասս առած էի: Այնուհետեւ, ամէն անգամ որ Ալեքսան Խոճա մեզի գար մեր սեղանէն սոխը պակաս չէր ըլլար…:

Գ.Պ.
Դ.
«ԴՈՒՆ ԴՐՍԷՆ, ՄԵՆՔ ՆԵՐՍԷՆ»

Ինքնասափրումի դրութիւնը տակաւին չէր մտած Այնթապ: Այր մարդիկ շաբաթէ-շաբաթ կամ տասնհինգ օրն անգամ մը կ՛երթային որոշ սափրիչի մը խանութը, իրենց մազը կտրել տալու ածիլուելու համար:
Ալեքսան Խոճա բացառութիւն մը չէր. Ա՛ն ալ ունէր իր սափրիչը որ կը կտրէր մազը եւ կը յարդարէր մօրուքը:
Օր մը սափրիչին խանութը երբ հերթի կը սպասէր, կը տեսնէ որ աշակերտներէն մէկը աթոռի վրայ բազմած մազը կտրել կու տայ: Մազառատ տղայ, սափրիչին մկրատը արագ-արագ կը հնձէր:
-Ահա՛ այսպէս, կ՛ըսէ յանկարծ Խոճան, խօսքը ուղղելով սափրիչին, դուն դրսէն մենք ներսէն պիտի մաքրենք այս գլուխը, եւ այդ տեսակէտով կրնանք «արհեստակից» նկատուիլ:

Ե.
ՄԱՆՈՒԿՆԵ՛Ր, ԵԹԷ ԿՐՆԱՔ ՔԻՉ ՄԸ ՀԱՆԳԻՍՏ ԿԵՑԷ՛Ք

Ընտանեկան այցելութեան օր մըն է: Խումբ մը տիկիններ իրենց մանուկներով այցի եկած են Խոճայենց տունը: Բակը դարձած է մանուկներու խաղավայր. Ուրախ զուարթ կը վազվզեն ու կը ճչան:
Մարիամ Խաթուն, փրոֆեսէօրին Տիկինը, որ զբաղած է իր հիւրերով, մանուկներու գոռում-գոչումէն զզուած ու ջղայնացած, կ՛ըսէ ամուսնոյն.
-Ալեքսա՛ն, ըսէ՛ սա տղոց որ քիչ մը հանդարտ կենան ու դադրեցնեն խաղը եւ աղմուկը՝ որ մեր խօսածները լսենք:
Խոճան, հանդարտաբարոյ, համբերատար եւ միշտ խոհական, պատշգամէն կը ձայնէ տղոց:
-Մանուկնե՛ր, եթէ կրնաք քիչ մը հանդա՛րտ կեցէք…:


Զ-
«ԵՍ ԷՇՍ ԲՌՆԵՑԻ»

Կ.Թ. Գոլէճի գիշերօթիկները, երեկոյեան սերտողութենէն ետք, ննջարան մտնելէ առաջ բացօթեայ դադար մը ունէին որ ընդհանրապէս ժամանցային խաղերով կ՛անցնէր: Սովորական խաղերէն մէկն էր պահուըտուքը կամ աչքակապուկը: Ան որուն աչքը կը կապուէր պիտի ջանար բռնելու խաղակիցներէն մէկը եւ եթէ յաջողէր՝ ձայն պիտի տար ու ըսէր.
-Ես էշս բռնեցի… եւ ապա, աչքին կապը քակած, պիտի ելլէր անոր կռնակը՝ մինչեւ խաղի սահմանաքարը:
Օր մը, կը պատահի որ Ալեքսան Խոճա աչքակապուկի տաք մէկ վայրկեանին սերտարանէ իջնէ տուն երթալու համար: Խաղի կանոնին անտեղեակ եւ որպէս «չէզոք» մարդ երբ կը փորձէ անցնիլ խաղացողներու մէջէն, որս կ՛ըլլայ ու կը բռնուի: Բռնողը մեծ ուրախութեամբ կ՛արձակէ յաղթանակի ճիչը.
-Ես էշս բռնեցի, բայց հազիւ աչքերը բացած կը մնայ շանթահար: Հազար ներողութիւն կը խնդրէ եւ երբ կը ծռի որ փրոֆեսէօրին ձեռքը առնէ Խոճան իր սովորական պաղարիւնութեամբ կ՛ըսէ.
-Տղա՛ս, կ՛երեւի զիս հայրդ կարծեցիր եւ փափաքը ունեցար որ քեզի էշ ըլլամ…*:
(Քաղուած Յ.Ս.Նաշալեանի Զուարճալի Պատմուածքներէն)

ՍԱՓՍԸԶԵԱՆ ԿԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՅԱԿՈԲ ԱՂԱՅԻ ԿԵԱՆՔԷՆ

Յետագայ անեկդոտները քաղուած են Սափսըզեան կամ Մանուկեան Յակոբ Աղայի կեանքէն: Ծնունդով մարաշցի էր Յակոբ Աղա որ 1880-ական թուականներուն Այնթապ եկած է Տօքթ. Շեփըրտի միջոցաւ աչքի գործողութեան մը ենթարկուելու համար: Այնթապի օդն ու ջուրը հաւնած ան կը տեղափոխուի եւ կը դառնայ այնթապցի: Կը զբաղէր հիւսուածեղէնի գործով, նախ՝ գոտի, ապա ըզար (սաւան) եւ տոգումա (կտաւ), ի վերջոյ ալաճա (մանուսա): Եղած են տարիներ որ 60 տեզկեահ (հիւսամեքենայ) աշխատցուցած է:
Կը պատկանէր բողոքական համայնքին: Կրօնասէր էր ու բարեմիտ: Անուանի դաշնակահար մը եղաւ իր աղջիկը, Ազնիւ Մանուկեան (Տիկին Քեմանչիսթ Ռուբէն): Անեկդոտներու թիւ մէկ հերոսն է Շնորհոքեան Արմենակ, Այնթապի յայտնի կատակասէրներէն ու հեգնարաններէն, ծանօթ նաեւ Քէահկէճի Արմենակ անունով:

Ա.
ԿԱ՛Մ ՄԵՌԻՐ ԵՒ ԿԱ՛Մ ՊԱՏՈՒՀԱՆԸ ՓԱԿԷ

Յակոբ Աղա բարեկամական կապով կապուած էր Տոքթ. Շըփըրտի հետ, այն օրէն ասդին որ Մարաշէ փոխադրուած էր Այնթապ: Քայքայուած առողջութիւնը դարմանելու համար ատեն-ատեն կը ներկայանար Տոքթորին եւ բժշկական քննութեան կ՛ենթարկուէր: Օրին մէկը Տոքթ. Շեփըրտ կ՛ըսէ իրեն.
-Յակո՛բ աղա, չոր ու արեւոտ տան մը մէջ պէտք է բնակիս եթէ կ՛ուզես ութ-տասը տարի եւս ապրիլ:
Յակոբ Աղայի տունը Թէփէ Պաշըյի բարձունքին վրայ էր, երկյարկանի սիրուն տուն մը որ մէկ թերութիւն ունէր, պատուհանները դէպի հիւսիս կը նայէին: Հարաւակողմը կը գտնուէր Այնիլի Պալըյենց տունը:
Իր տան պակասութիւնը դարմանելու եւ առողջութիւնը փրկելու սիրոյն օր մը Յակոբ Աղա կը դիմէ Պալըյին, կը պարզէ իր վիճակը, կը յիշէ Տոքթ. Շեփըրտի թելադրած դարմանը ու կ՛աւելցնէ.
-Դրացի՛, մեր ա՛յսքան տարուան բարեկամութեան եւ բարի դրացիութեան սիրոյն արտօնէ՛ որ սենեակէս դէպի հարաւ, քու տունիդ նայող պատուհան մը բանամ որ կարենամ խերով-բարով անցընել կեանքիս համարուած տարիները:
Այնիլին, բարեկամութեան ու բարի դրացիիութեան նո՛յն տաք զգացումներով տոգորուած, ամենայն սիրով կը յօժարի, մանաւանդ որ սահմանաւոր տարիներու համար էր իրեն ուղղուած խնդրանքը: Ու կ՛ապրէին ուրախ ու երջանիկ աւելի եւս զօրացած իրենց մտերմութեան մէջ:
Տարիները տարիներու կը յաջորդէն. Ութը կ՛ըլլայ տասը, տասը կ՛ըլլայ տասներկու: Յակոբ Աղա առոյգ է ու կայտառ ինք հիւանդութիւնը մոռցած է, հիւանդութիւնն ալ՝ զինք: Սպասելէ ձանձրացած, օրին մէկը Այնիլին կը բռնէ իր դրացին եւ առանց յառաջաբանի.
-Յակո՛բ Աղա, կ՛ըսէ, ըսած ժամանակդ շատոնց լրացաւ. ա՛լ կը բաւէ. Կա՛մ մեռիր եւ կամ ալ պատուհանը փակէ…:


Բ.
ՅԱԿՈ՛Բ, ԱՅԴ «ԵՂԲԱՅՐ»ՆԵՐԸ ՈՎՔԵ՞Ր ԷԻՆ

Շնորհօք Ըսէփի տղաներէն Արմենակ եւ Յովհաննէս ատեն մը մանուսայի աշխատաւոր եղած են Սափսըզեանի մօտ: Կաղանդի իրիկուն մը, մի քանի ա՛յլ բանուորներու հետ, անոնք այցի կու գան իրենց վարպետին, անոր նոր տարին շնորհաւորելու համար: Ընթրիքի սոֆան շտկուած է. Կերակուրը՝ քիւֆթելի եախնի, իսկ վրան՝ քիւնէֆէ:
Հիւրերը ներս չմտած, Յակոբ Աղայի տիկինը աչքաբացութիւն մը կ՛ընէ եւ քիւնէֆէյի ափսէն կը հրէ թոնիրի փորը, որ սակայն չի վրիպիր Շնորհօքեան եղբայրներու սրատես աչքէն: Յակոբ Աղայի հրաւէրին վրայ հիւրերը կը բազմին սոֆայի բոլորտիքը եւ կը ճաշակեն համով-հոտով պատրաստուած քիւֆթելի եախնին: Ընթրիքի աւարտին Շնորհօքեանները կը նստին թոնիրի շուրջ, մինչ միւս բանուորները կը բազմին սետիրներու վրայ: Խօսակցութիւն մը ծայր կու տայ, հետզհետէ կը տաքնայ ու կ՛երկարի: Ձանձրոյթի նշաններ կը սկսին Շնորհօքեաններու երեսը. Անոնց քիթը հոտ առած է եւ առիթ կ՛որոնեն քիւնէֆէյի իրենց բաժինը լափելու: Քիչ մըն ալ, եւ կու գայ այդ առիթը Յակոբ Աղա իր բանուորները արձակելէ առաջ կ՛ուզէ աղօթքի ու գոհաբանութեան խօսքեր ուղղել անոնց, ինչ որ կը կատարուի ի գոց աչքով, ըստ բողոքականաց սովորութեան: Շնորհօքեանները աղօթասացութեան կը մասնակցին բաց աչքերով եւ լայնաբաց բերաններով ու քիւնէֆէյի ափսէին դասը կու տան:
Աղօթքը կը լրանայ. Հիւրերը շնորհակալութեան տաք արտայայտութիւններով երբ կը մեկնին, Տիկին Մանուկեան կը վերցնէ թոնիրի վերմակը ու կը մնայ ապշահար. Ափսէն գրեթէ պարապ էր:
-Յակոբ, կ՛ըսէ, թոնիրի շուրջ նստող այդ եղբայրները ովքե՞ր էին…:


Գ.
Ե՛Ս ՈՒԶԵՑԻ ԴՈ՛ՒՆ ԱԼ ՏՈՒԻՐ

Շնորհօք Արմենակ գիտէր թէ ամէն գարուն, իշուն վրայ բազմած, Սափսըզեան Յակոբ շաբաթը քանի մը հեղ, իրիկուան դէմ Գարկա Սեքմեզ կ՛երթար իր այգիին այցելութիւն տալու եւ հոն առանձնութեան մէջ աղօթք մատուցանելու առ Աստուած: Կատակը սիրող մարդ, Արմենակ օր մը դրացի խանութպաններու հետ գրաւի կու գայ թէ Սափսըզեանի էշը պիտի առնէ ձեռքէն: Օր մը, Յակոբ Աղայէն առաջ կ՛երթայ այգի եւ զայն եզերող ցանկապատի թուփերուն մէջ կը թաքնուի: Սափսըզեան երբ կը հասնի եւ էշէն իջած՝ ծունկի կու գայ աղօթելու համար, խորհրդաւոր ձայն մը կը լսէ որ հանդիսաւոր շեշտով մը կ՛ըսէր.
-Յակո՛բ, զաւա՛կս:
Զարմանակար ու սարսափած, Սափսըզեան հոս ու հոն կը նայի: Ո՛չ ոք կար այգիին մէջ բացի իրմէ եւ ծառի մը կապուած աւանակէն: Կը պատրաստուէր վերստին սկսելու աղօթքին, երբ նոյն ձայնը կրկին լսելի կ՛ըլլայ.
-Յակո՛բ, զաւա՛կս:
Համոզուած որ այդ ձայնը կրնար երկնքէն ըլլալ, Սափսըզեան երկիւղածօրէն կը պատասխանէ:.
-Շնորհօքեան՝ իր թաքստոցէն.
-Աղօթքներդ լսելի եղան, զաւա՛կս, կ՛ըսէ. Ապա կ՛աւելցնէ. «Աւանակը հո՛ս ձգէ եւ դուն հետիոտն տունդ դարձիր»: Իր ստացած պատգամով երջանկացած, Սափսըզեան փառք կու տայ Աստուծոյ, «Օրհնեալ ըլլայ կամքդ» կ՛ըսէ եւ հետիոտն կ՛ուղղուի դէպի քաղաք:
Հազիւ ան կը մեկնի, Շնորհօքեան դուրս կու գայ թաքստոցէն, կը ցատկէ իշուն վրայ եւ Սափսըզեանէ առաջ կը հասնի Էպլահան, իր խանութիը, ափ ի բերան ձգելով անոնք որ հետը գրաւի մտած էին: Յաջորդ օր Յակոբ Աղա կ՛իմանայ Շնորհօքեանի լարած խաղը, երբ երեսին կու տայ՝
-Մի՛ նեղանար, Յակո՛բ Աղա, կ՛ըսէ ան. Ե՛ս ուզեցի դո՛ւն ալ տուիր…:

Դ.

Սափսըզեան մտերիմ բարեկամ մը ունէր, Պետրոս անուն, աստուածավախ ու բարեպաշտ մէկը՝ իրեն պէս, միամտութեան հասնող բարեպաշտութիւն մը: Օր մը երբ ժողովարանէն տուն կը դառնային խօսք կ՛անցնի անդենական կեանքի մասին եւ կ՛որոշեն միասին երթալ միւս աշխարհ:
Կը պատահի որ Պետրոս Աղան հիւանդանայ եւ անկողին իյնայ: Տոքթոր Շեփըրտ մէկ շաբթուան կեանք միայն կու տայ հիւանդին: Որպէսզի խոստումնադրուժ չհամարուի, հիւանդը լուր կը ճամբէ Սափսըզեանի որ պատրաստուի միասին մեկնելու: Սափսըզեան այդ անակնկալ հրաւէրէն ապշահար կը վազէ բարեկամին քով ու կ՛ըսէ.
-Պիրազ հոգի՛ս, քիչ մը յետաձգէ, ես չեմ կրնար մէկ շաբթուան մէջ գործերս ու հաշիւներս կարգի դնել…:

Ե.
ԱՅՍ ԳՈՅՆԸ Չ՛ԱՆՑՆԻՐ

Միամիտ յաճախորդներ երբ Սափսըզեանի կը հարցնեն եղեր թէ ծախած գօտիին գոյները կը թափի՞ն, Յակոբ Աղա, սուտ խօսած չըլլալու համար՝ մատը ճերմակի վրայ դրած կը պատասխանէ եղեր կատարեալ հաստատամտութեամբ եւ սրտի անդորութեամբ.
-Այս գոյնը չ՛անցնիր…:


ԱՅՆԻԼԻ ՊԱԼԸ

ԺԹ. Դարու երկրորդ կէսին Այնթապ ունեցած է ինքնուս ջութակահար մը, որուն համար կ՛ըսեն թէ մէկն էր առաջիններէն՝ որ ջութակը մտցուցած էին մեր քաղաքը: Ընտանեկան անունով՝ Պալը Այնիլեան կը կոչուէր, բայց շատ աւելի ծանօթ էր իր ժողովրդական անուանակոչութեամբ, Այնիլի Պալը: Ան նկատուած է իր ժամանակին թիւ մէկ ջութակահարը: Իրմով շէնցած են հարսանեկան հանդէսները եւ ընտանեկան խնճոյքները: Եղած է տաղանդաւոր նուագածու մը, ջութակահար Շատիկին պէս, որոնք դժբախտաբար միջավայր չեն ունեցած ազնուացնելու եւ փայլեցնելու իրենց արուեստը: Այնիլի Պալը երգ մը կամ եղանակ մը մէկ անգամ լսելով կը սորվի եւ ճշգրտօրէն կը նուագէ եղեր: Անոր նուագակից ընկերը եղած է Տիշոյեան Մանուկ, ժողովրդական անունովը՝ Տիշոյ Մանիկ, հռչակաւոր դափ (տէֆ) նուագող մը:
Կը պատմեն, թէ Պալը նուագէ զատ ամէն բանի մէջ միամիտին մէկը եղած է, տխմար կոչուելու չափ միամիտ: Մինչդեռ Մանիկ, թէեւ նուագի մէջ միջակ բայց սրամիտ ու չարամիտ եղած է. Ջափազանց կատակասէր, յաճախ խաղի բերելով իր վարպետը: Կու տամ անոնց կեանքէն քանի մը անեկդոտներ, որոնք բերնէ բերան հասած են մինչեւ մեր օրերը:


ԱՌՈՒԱԿԷՆ ԹԱՆ ԿԸ ՀՈՍԷՐ

Ամրան տաք օր մը, կէսօրուան մօտ, Տիշոյ Մանիկ կը հանդիպի Պալըյին որ ճամբու մը եզրը բազմած կը հանգստանար: Պալը բարեւ տալով իր ընկերոջ.
-Ուրկէ՞ կու գաս, Մանի՛կ, կը հարցնէ:
-Գարանլըգ Տէրէյէն, կը պատասխանէ Մանիկ, լուրջ սրամտութիւնով մը, եւ երբ ի|նչ կար հոն կը հարցնէ Այնիլին, Մանիկ երկար ա~խ մը քաշելով՝ «Երանի~ թէ հետս ըլլայիր՛, կ՛ըսէ. Թանը առուակի պէս կը հոսէր, իչլի ֆիւֆթէյով զիրար քարկոծեցինք»:
Պալը, որ շատակեր մը եղած է, նեղսրտած կը գոչէ.
-Չարագո՛րծ, անանկ տեղ մը առանձի|ն կ՛երթան, լուր չտայի|ր ինծի ալ…:
-Ընկե՛ր, կը պատասխանէ Մանիկ, եթէ ախորժակդ քաշեց՝ ուշ չէ, դուն ալ կրնաս հասնիլ, հօրս մալը չէր եա, եկո՛ւր երթանք միասին:
Ու երկուքով, կիզիչ արեւի տակ, ճամբայ կ՛ելլեն դէպի Գարանլըգ Տէրէ:
Երկու ժամէն կը հասնին հոն, քարքարոտ ձոր մը, պտըլիկ մէկ առուակով, շուրջը՝ այգիներ:
Պալը, գրգրուած ախորժակով՝
-Ո՞ւր է, Մանի՛կ, կ՛ըսէ. ո՞ւր են թանն ու քիւֆթէն:
Մանիկ, խնդուքը զսպած եւ վիզը քերելով.
-Թիւքէնմիշ, եօ՜րում, պախթընա՛ քիւս (Հատած է, ընկե՛ր, բախտիդ սրդողէ) կ՛ըսէ, յուսախաբութեան մատնելով Պալըն:

®

Պաթթալ Պէյի տունը գիշերային հաւաքոյթի մը ընթացքին ներկայ պէյէրն ու աղաները հարց կու տան Ապազայի.
-Անկեղծօրէն ըսէ՛ մեզի թէ մեր մէջէն ո՞վ է ամէնէն անուշ:
Ապազա պատասխան տալէ առաջ վայրկեանի մը թոյլտուութիւն կ՛ուզէ եւ խոհանոց երթալով ամէն ափին մէկ-մէկ սոխ պահած կը վերադառնայ.
-Աղա՛ներ, կ՛ըսէ, խնդրեմ դո՛ւք ըսէք թէ այս սոխերէն ո|ր մէկն աւելի անուշ է:
-Հա՜յ հա՛յ, կը գոչեն ներկաները, սոխին անո՞ւշը կ՛ըլլայ:
-Ե՛ս ալ, աղաներ, կ՛աւելցնէ Ապազան, ձեր մէջ տակաւին անուշ մէկը չգտայ, բոլորդ զիրար կ՛արժէք:

ՀՆԱՐԱՄԻՏ ՀՆԱԿԱՐԿԱՏԸ

Եօթանասուն տարիներու բեռը ուսին՝ վարպետ հնակարկատ մըն էր Յակոբ Ամմի, որ փոքրիկ կրպակ մը ունէր Գալա Ալթը շուկային մէջ: Քանի մը կտոր կաշի (կէօն), քչիկ մը գամ, խէյթ ու չիրիշ, մուրճ մը, աքցան մը եւ քանի մը ասեղ կը կազմէին իր ամբողջ դրամագլուխը:
Օրին մէկը աժանագին կէօնի կտոր մը կը գնէ, չար բախտէն, փտուկ կ՛ելլէ:
Գըգըլ Հիսարցի գիւղացի մը եկած էր սօլերուն (կօշիկ) նոր նրբան անցընել տալու: Էւել-պակաս չ՛ըսեր, Յակոբ Ամմի կը համաձայնի եւ նոր գնած կաշիէն բան մը կը յարմարցնէ ու գիւղացին կը ճամբէ :
Երկու օր չանցած գիւղացին կու գայ կը տնկուի Յակոբ Ամմիի առջեւ:
-Ծօ՛ վարպե՛տ, կ՛ըսէ, գիւղ չհասած ծակեցաւ կտրած ներբանդ: Հնակարկատը, զարմանքի արտայայտութեամբ մը կ՛առնէ կը քննէ սօլերը. Ներբանը քանի տեղէն ճաթած էր. Իրաւունք ունէր գիւղացին: Աջ կը դարձնէ, ձախ կը դարձնէ, աչքին կը մօտեցնէ, քթին կը բռնէ ու գլուխը ճոճելով.
-Մա՛րդ Աստուծոյ, կ՛ըսէ, դուն ո՞ր ճամբով գիւղ գացիր, Սինլէրէն* (Այնթապի հիւսիս-արեւելակողմը գերեզմանոց էր) անցա՞ր:
-Այո՛, կ՛ըսէ գիւղացին միամտաբար, ի՞նչ կայ:
-Ըհը, կ՛ըսէ Յակոբ Ամմի գիւտ մը ըրածի հպարտանքով, ի՛նչ պիտի ըլլայ, մեռելի կղկղանքին վրայ կոխած ես, ատոր կաշի՞ կը դիմանայ…:
-Իրա՞ւ կ՛ըսես, կը յարէ գիւղացին ապուշ կտրած:
-Անշուշտ թէ իրաւ կ՛ըսեմ, կ՛աւելցնէ հնակարկատը ձայնին տալով հաստատական շեշտ մը. Եթէ մինչեւ հիմա չէիր իմացած այսօր սորվէ՛: Ու նոր սակարկութիւնով ուրիշ ներբան մը անցընելով գիւղացին ճամբայ կը դնէ կրկնելով.
-Ասկէ յետոյ մեռելի կղկղանքին չըլլայ որ կոխես…:

ԱՍՏՈՒՐ ԷՏԷԻ ՓՉՈՑՆԵՐԸ

Սուտասաններ կամ փչող-փշրող մեծ խօսիկներ գտնուած են ու կը գտնուին ամեն տեղ:
Այնթապի փչողներուն մէջ անուն հանած էր ԱՍՏՈՒՐ ԷՏԷն, ծագումով մարաշցի բայց պզտիկ տարիքէն Այնթապ հաստատուած:
Ստորեւ երեք նմոյշ Աստուր Էտէի «փչոց»ներէն:
1.
Օրին մէկը երբ Քիլիսէ Այնթապ կը վերադառնայի ադամամութիւն Գարատաշ որ հասայ այգի մը մտայ: Ի՞նչ տեսնեմ. դէմս, որթատունկի տակ նստած հսկայ մարդ մը: Ձայն տուի, «Ո՞վ ես»: Պատասխան չտուաւ: Հրացանս իրեն ուղղելով կրկին ձայն տուի. «Ըսէ՛, ո՞վ ես, թէ չէ կը կրակեմ»: Երբ նորէն ձայն չտուաւ՝ կրակեցի: Զարմանալի բան, տեղէն չշարժեցաւ: Քովը գացի: Ի՞նչ տեսնեմ. Ողկոյզի մը սեւ խաղող … :
2.
Օր մը Պէյլիք որսի գացած էի: Օդը լեցուն էր ճնճղուկներով: Հրացանիս մէջ 40 կտոր կապարի գնդիկ դրի եւ պարպեցի ճնճղուկներու մէկ երամին վրայ: Երեսուն ինը ճնճղուկ գտայ գետին ինկած՝ որ քառասուներորդ գնդիկը վըզը՜ր-վըզը՜ր կը շրջէր օդի մէջ որս փնտռելով… :
3.
Ս. Զատիկի Մեռելոցին օրն էր: Կէսօրէ ետք լուսահոգի Քիֆսիզեան Մկրտիչ Կաթողիկոս զիս կանչեց. Նամակ մը տուաւ ու ապսպրեց յաջորդ օրը առաւօտ Մարաշ հասցնել զայն: Խոնարհութիւն մը ըրի եւ Ս. Աջը առնելով դուրս ելայ: Տուն որ հասայ քանի մը ճուտիկ բռնեցի, մորթեցի, փետեցի, խորովեցի եւ լաւաշ հացի մէջ փաթթած՝ աշխէտ ձիուս վրայ նետուեցայ: Հայտէ՜ … դէպի Մարաշ: Մութը որ կոխեց մեշլահս * ( տառատոկ, անթեւ վերարկու) վրաս առի որ չմսիմ: Կէս գիշեր էր: Յանկարծ դէմս չորս աւազակներ ելան ու ձայն տուին. Կեցի՛ր: Հրացանս ուսէս վար առնելս ու կրակելս մէկ եղաւ: Աւազակներէն մէկը գետին տապալեցաւ. Միւս երեքին հետ առինք-տուինք, մէկիկ մէկիկ զանոնք ալ գետին ձգեցի ու առանց ետեւ դառնալու ձիս քշեցի առաջ: Արշալոյսը չէր բացուած, հասայ Մարաշ եւ գացի ուղղակի Խրլագեաններու տունը: Ձիս ախոռը կապեցի. Նոր միայն նշմարեցի որ մեշլահս վրաս չէր եւ կախուած կը մնար ձիուս պոչէն: Ազնուազգի կենդանի …: Ո՛վ գիտէ քանի| ժամ մեշլահս պահած էր պոչին վրայ որ գետին չիյնայ: Երբ զայն թօթուեցի, օխա** ( ծանրութեան չափ՝ Թուրքիոյ յատուկ. Հաւանաբար 400 տիրհեմի , մօտ 1300 կրամ) մը կապար թափեցաւ վրայէն … :

Հալէպ
Գր. Յ. Պարսումեան

ՊԱՐԶԱՄԻՏՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԷՆ
Ա.-
ԾՈՒՆԿԻ ԵԿՈՒՐ ԵՒ ՎԿԱՅԷ

Բարեպաշտ քահանայի մը, Քիլիսեան Տէր Եղիշէի զաւակն էր Ղեւոնդ Պիրատէր. Գործօն մէկ անդամը Քրիստոսասիրաց Ընկերակցութեան եւ դրօշակիրներէն մէկը 1903-ի Այնթապի Մեծ Արթնութեան:
Օր մը հերթական հոգեւոր ժողովէ ելած, Ղեւոնդ Եղբայր ճամբու ընկեր կ՛ըլլայ խորամիտ մտաւորական, ընկերվարական գլուխով Թաթուլ Քիւփէլեանի, ու Գայաճըգ թաղէն մինչեւ Պալըգլը միադեղ կը քալեն խօսակցելով: Ղեւոնդ Եղբայրը, լսած հոգեւոր խօսքերուն ու երգուած կրօնաշունչ երգերուն թարմ ազդեցութեամբը գինով, մեղմանոյշ կը զրուցէ արթնութեան եւ հոգեւոր կեանքի մասին, զորս երեւութական հետաքրքրութեամբ մը մտիկ կ՛ընէ Պր. Թաթուլ, իրեն ուղղուած հարցումներուն՝ թէ ի|նչ է գաղափարը ըսուածներուն մասին, ատեն-ատեն պատասխանելով. -Լաւ գաղափար է, կրնայ ըլլալ, երանի՜ թէ, ճիշդ է, եւայլն – երկսայրի պատասխաններ՝ որոնք Ղեւոնդ Եղբօր կու տան այն կարծիքը թէ Թաթուլ Էֆ. Հոգեփոխութիւն մը ունենալու վրայ է: Երբ կը հասնին Պալըգլըյի հրապարակը, աղբիւրին մօտ, Ղեւոնդ Եղբայրը միամտութիւնը կ՛ունենայ առաջարկելու Պր. Թաթուլի որ արթնցող գոլէճականներու եւ մտաւորականներու փաղանգին մաս կազմէ, ու թեւէն բռնելով.
-Թաթուլ Էֆէնտի, կ՛ըսէ, ծունկի եկուր եւ վկայէ՛:
Քիւփէլեան, քմծիծաղ մը շրթներուն.
-Ղեւո՛նդ Պիրատէր, արագօրէն կատարուած գործերուն սատանայ կը խառնուի, կ՛ըսէ ու ճամբան կը շարունակէ դէպի Արասա:


Բ.-
ԽԵՆԹ ՎԱՆԷՍ ՍԵԽ ԾԱԽԵՑ

Խելքով աղքատ Յովհաննէս, ապրուստը հանելու ծրագիրով, ամառ եղանակին պազար կ՛իջնէ եւ քանի մը բեռ սեխ կը գնէ փոքրաքանակ վաճառելու համար թաղեցիներու եւ դուռ-դրացիներու:
Ունեցած ամբողջ դրամագլուխը՝ քանի մը մէճիտ: Ղրուշի եւ փարայի, մանկըրի եւ մէթալիկի նրբին հաշիւներու մէջ կաղ, կ՛ըլլայ որ չորսի գնածը 3.75-ի կամ երկու մեթալիկի գնածը տասը փարայի կը ծախէ:
Օրերը կ՛անցնին եւ ամառը չվերջացած կը պատահի անխուսափելին. Վանէսի դրամագլուխը կը հալի … :
®
Այսպիսի անճարակ վաճառորդներու համար է անշուշտ, որ այնթապցիներու բերանը կը մնայ ցարդ հետեւեալ ասացուածքը. Տէլի Վանէս ղավուն սաթտը,- ակնարկելով անոնց՝ որ ապրանք մը արժէգինէն պակասով կը վաճառեն եւ շահի տեղ վնաս կ՛արձանագրեն:

Գ.-
ԻՆՉՈ|Ւ ՄԵՐ ՏԷՐԸ ԽԱՉԵՑԻՔ …

Էր երբեմն, որ Աւագ Հինգշաբթի օր, կէս գիշերէն յետոյ, սրտայոյզ պաշտամունք կը կատարուէր Հայաստ. Առաքելական Եկեղեցիներուն մէջ: Ժողովրդական աղաւաղ անունը այդ պաշտամունքին՝ այնթապցիներու հայերէնով, Էկլաս էր – գրական հայերէնով՝ Եկլաց, որ կը ստուգաբանուի իբր եկո՛ւր եւ լա՛ց եղիր:
Եկեղեցին մութի մէջ թաղուած կ՛ըլլար: Կարդացուելիք Աւետարաններու թիւով մոմեր միայն կը պլպլային, սեւ վարագոյրով փակուած խորաններուն առջեւ, իսկ այդ մութը աւելի կը խորանար երբ կարդացուող ամէն Աւետարանի հետ մոմ մըն ալ կը շիջուցէր:
Ընթերցումները՝ տխուր:
Քաղուած Սաղմոսները՝ տխրօրօր:
Երգեցողութիւնը՝ աւելի՛ տխուր: Տխրամած այդ պաշտամունքին մաս կը կազմէր ԽԱՉԻ ՃԱՌ-ը – Յիսուսի չարչարանաց եւ խաչելութեան պատմութիւնը, զոր բուխսիրտ քահանաներ՝ արցունքով, եւ գեղաձայն դպիրներ՝ Ո՞ւր ես, մայր իմ տաղով կը դարձնէին սրտաճմլիկ:
®
Մեր մեծերը կը պատմէին թէ միամիտ մէկը Եկլացի պաշտամունքէն գերագրգիռ, երբ որպէս այգուց, ծագող արեւին հետ կ՛ուղղուի դէպի գերեզմանատուն, խեղճուկրակ հրեայի մը կը հանդիպի եւ անոր օձիքին փակած՝ կը սկսի բռունցքի հարուածներ թափել վրան, գոչելով.
-Ինչո՞ւ մեր Տէրը խաչեցիք … :
Գերեզմանատուն գացող այրերու եւ կիներու բազմութեան մէջէն մի քանի խելահասներ դժուարաւ կը յաջողին ազատել հրեան, որ գուցէ մահովը պիտի քաւէր իր նախապապերուն տասնինը դարեր առաջ կատարած ոճրային արարքը …:

ԱՅՍ ԱՆԳԱՄՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ ԶԻՍ ԱԼ ԱՆՈՆՑՄԷ ՀԱՄԱՐԵՑԷՔ …

Հրանդ էֆէնտի Սիւլահեանի եղբայրը Ենովք նախ քան Համաշ. Պատերազմը, 1910-ական թուականներուն, Այնթապէն ընտանիօք գաղթած էր Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս): Հոն հաստատումի առաջին շաբաթներուն սովորութիւն ունէր շրջիլ քաղաքը եւ ծանօթանալ անոր տեսարժան վայրերուն: Օր մը սովորութիւն դարձած այդ պտոյտի ընթացքին պէտքը կը զգայ միզելու, բայց չէր գիտեր թէ ո|ւր կը գտնուին հանրային միզարանները: Այնթապ (ինչպէս նաեւ հալէպ, մինչեւ օրս) շուկայի մարդիկ նման պարագաներուն կա՛մ կը դիմեն մօտակայ մզկիթ մը կա՛մ եկեղեցի մը, եւ կամ մենիկ անկիւն մը: Ենովք Սիւլահեան տեղական կանոններու անգիտակ, կ՛ունենայ նոյն փորձը Աղեքսանդրիոյ մէջ. բայց հազիւ դարձած՝ դէմը կը գտնէ ոստիկան մը որ զինք կ՛առաջնորդէ մօտակայ ոստիկանատունը եւ յանցանքը կը յայտնէ հերթապահ ոստիկանապետին: Ոստիկանապետը, խստադէմ մարդ մը, կը յայտարարէ թէ ենթակայ է տուգանքի եւ օրուան մը բանտարկութեան:
Համակ կատակախօս ու զուարթաբան Ենովք Սիւլահեանը սառ կը կտրի, բայց կ՛ունենայ պատրաստաբանութիւնը ըսելու թէ նորեկ մըն է եւ անգէտ քաղաքի կանոններուն ու կ՛աւելցնէ.
-Քիչ առաջ, Պր. Ոստիկանին հետ հոս գալու ատեն տեսայ թէ կառքի մը լծուած ձիերէն մին ճիշդ ճանապարհի կեդրոնը ո՛չ թէ միզեց այլ աղտոտեց:
-Անոնք չորքոտանի են եւ կանոնի չեն գար, բայց դուն երկոտանի մըն ես եւ կը տեսնեմ բաւական ուսեալ: Նոյն պատրաստաբանութեամբ Սիւլահեան կ՛ըսէ ոստիկանապետին, կարելի չէ| որպէս բացառիկ մէկ շնորհ զինք ալ այս անգամուան համար չորքոտանիներու դասը անցընել: Ոստիկանապետը դէմքին խստութիւնը փոխած ու ժպտախառն՝
-Շատ աղէկ, կ՛ըսէ, քանի որ նորեկ մըն ես, այս անգամուան համար կը ներեմ, քեզ նկատելով հանրային ճամբաները աղտոտող չորքոտանիներէն մին … :
Պատմող՝ Ենովքի քոյր Պապոյեան Զարուհիի դուստը Ալիս:

ԱՍԿԷ ՅԵՏՈՅ ԱՄԷՆ ԴԱՍ ԻՐ ՊԱՀՈՒՆ

Պալապանեան Սարգիս Կ.Թ. Գոլէճի ուսանողութեան շրջանին եւ գոլէճը աւարտելէ ետք ուսուցչական պաշտօնավարութիւն ունեցած է Քեսապ-Էքիզ Օլուգ շրջանին մէջ:
Օր մը, թուաբանութեան դասի ընթացքին երբ կռնակը աշակերտներուն տուած քարետախտակի վրայ խնդիր մը լուծելով էր զբաղած, տղայ մը թուղթ մատիտ հանած աւանակի սիրուն նկար մը գծէ: Խոճան երբ կը դառնայ եւ կը տեսնէ տղուն այդ անուշադիր եւ չարամիտ խաղը, քովը կը կանչէ, կը նայի տղուն, կը նայի յաջող գծագրութեան եւ զայրոյթի զսպումով մը որպէս պատիժ կը պահանջէ համանման բծախնդրութաեմբ գծուած 40 աւանակի պատկեր՝ մինչեւ յաջորդ առաւօտ: Օրը իրիկուն կ՛ըլլայ, տղաք կ՛արձակուին: Խոճան խղճահարութեամբ մը կարծես, կը վերյիշէ տուած պատիժը եւ զայն կը գտնէ չափազանց ծանր: Պատժապարտ տղան պիտի հարկադրուէր ինքզինք զրկելու խաղ ու զբօսանքէ, յաջորդ օրուան դասերը սերտելէ, գուցէ նաեւ քունէ: Պահ մը կը մտածէ երթալ տղուն տունը եւ պատիժը թեթեւցնել, ինչ որ ուսուցչի իր արժանապատուութեան վիրաւորանք մը պիտի ըլլար: Ու խնդիրը կը ձգէ եղածին պէս:
Տղան տուն հասած, պայուսակը ներս կը դնէ, ժամ մը կու տայ խաղ ու ժամանցի, ըկերներուն հետ. Ապա երբ սերտողութեան պիտի սկսէր թուղթ ու մատիտ հանած տասը վայրկեանի մէջ կը գծէ աւանակ մը, դասարանի մէջ գծածէն շատ աւելի յաջող: Աւանակը կարծես կ՛արածէր արօտավայրի մը մէջ: Յանկարծական յղացումով մը աւանակին մօտ տնակի մը պատկերն ալ կը գծէ, դռնակով մը եւ երկու պատուհաններով: Գծագրութիւնը կը զետեղէ պայուսակին մէջ, յաջորդ օրուան դասերուն արագ նայուածք մը կը նետէ եւ կը քնանայ անվրդով քունով:
Արեւածագին ըստ սովորականի դպրոց կ՛երթայ ուրախ ու խնդուն: Երբ դասազանգը կը հնչէ եւ կը մտնեն դասարան, Պալապանեանի առաջին հարցումը կ՛ըլլայ. Տղա՛ս, ո՞ւր է պատժատետրդ:
Տղան պայուսակէն դուրս կը հանէ գծագրութիւնը եւ կը փոխանցէ Խոճային, առանց եղծելու իր լրջութիւն:
-Բայց ասիկա մէկ աւանակ է, կ՛ըսէ Խոճան, ո՞ւր են 39 ընկերները:
-Պարո՛ն, կ՛ըսէ տղան, անայլայլ պահելով լրջութիւնը, անոնք կուշտ են եղեր եւ սա ախոռին մէջ պառկած են, եւ ցոյց կու տայ նկարին տնակը:
Պալապանեան տղուն ուշիմութենէն հիասթափ եւ վերյիշելով երեկոյեան խղճահարութիւնը թեթեւօրէն կը բռնէ տղուն ականջէն եւ միւս ձեռքով բռնած նկարը կրկին ու կրկին դիտելով հիացիկ նայուածքով մը:
-Գնա՛ տեղդ, ներեցի՛ քեզի կ՛ըսէ, բայց խրատ մը ունիմ, ասկէ յետոյ դաս մը ուրիշ դասի մի՛ զոհեր, ամէն դաս՝ իր պահուն:

Պատմող՝ Պալապանեանի երբեմնի պաշտօնակիցներէն Տիկ. Աննա Սեմերճեան
Մշակող՝ Գ. Պողարեան


ԽԱՒԱՃԱ ՄԱՆՈՒԿ ԵՒ ԻՊՐԱՀԻՄ ՓԱՇԱ

Եգիպտոսի փոխարքայ Մուհամէտ Ալի Փաշայի տղան Իպրահիմ Փաշա, 1831-1832-ի սուրիական արշաւանքին ատեն, Պաղեստինը, ապա Դամասկոսն ու Հալէպը գրաւած եւ դէպի Գոնիա յառաջխաղացքի ընթացքին տիրացած էր նաեւ Այնթապի: 1832-ի Յուլիսին Պէյլանի կիրճին մէջ մղուած թրքօ-եգիպտական վճռական ճակատամարտի օրերուն, Իպրահիմ փաշա երբ կը ստիպուի պակասեցնել Այնթապի պահակազօրքը, Այնթապի թուրքերը առիթէն կ՛օգտուին եւ ըմբոստութեամբ մը սուրէ կ՛անցընեն մնացած զինուորները: Իպրահիմ փաշա Գոնիայի գրաւումէն եւ ֆրանքօ-անգլիական միջամտութեամբ 1833 Ապրիլի հաշտութեան դաշնագրի կնքումէն յետոյ երբ կը վերադառնայ Սուրիա, առաջին գործերէն մէկը կը նկատէ հանդիպիլ Այնթապ եւ հուրով ու սուրով պատժել անոր ըմբոստութիւնը:
Երբ կ՛իմացուի փաշային գալուստը, քաղաքը կ՛իյնայ ահ ու դողի մէջ ու ամբողջ բնակչութիւնը կ՛ապրի համահայկական ջարդի մը արհաւիրքով:
Հայ երեւելիներ խորհրդակցութենէ մը յետոյ կ՛որոշեն անմեղ բնակչութեան անունով պատգամաւորութիւն մը ղրկել Իպրահիմ փաշային եւ հայցել գութն ու ներողամտութիւնը: Պատգամաւորութիւնը կը գլխաւորէ Խաւաճա Մանուկ (Յակոբ Գարամանուկեանի մեծ հայրը) որ ֆրանս. Փոխ-հիւպատոսի տիտղոսը ունէր, եւ ընդ առաջ կը փութան Իպրահիմ Փաշայի, որ ահարկու բանակովը կը մօտենար Այնթապ: Փաշան պաղարունով կ՛ունկնդրէ պատգամաւորութիւնը, երբ կ՛իմանայ թէ անոնք հայեր են ե՛ւ ոչ մէկ մասնակցութիւն ունեցած են Այնթապի ըմբոստութեան եւ եգիպտացի զինուորներու սրածումին, գոհ կը մնայ մանաւանդ իմանալով թէ պատգամաւորներու մէջ կը գտնուի իր բարեկամ ֆրանսացիներուն* (Ֆրանսա 1830-1841 թուականներուն – այն շրջանին՝ երբ կը տիրէր Ալճերիայի, ջատագովն էր Թուրքիոյ անդամատութեան քաղաքականութեան, որուն դէմ էին Անգլիա եւ Ռուսիա: Ֆրանսայի այդ քաղաքականութիւնն էր որ զինք կը մղէր պաշտպան կանգնելու Մուհամէտ Ալիի սուրիական արշաւանքին )(ԽՄԲԳ.) փոխ-հիւպատոսը:
Խաւաճա Մանուկ կ՛ըսէ Փաշային. «Փաշա՛, եթէ ուզես՝ մեզ պատժէ, փոխանակ հուրի ու սուրի ենթարկելու քաղաք մը՝ ուր մեղաւորներէ շատ անմեղներ կան»:
Իպրահիմ փաշա այդ ողոքանքէն յուզուած՝ կը հրամայէ բեկանել իր որոշումը եւ յաղթական բանակը մեծ հանդիսութեամբ կը մտնէ Այնթապ, հայ թէ թուրք ժողովուրդի հաւաքական խնդութեան մէջ:
Կ՛ըսեն թէ հայ ունեւորներ դրամ հանգանակած եւ եգիպտական զօրախումբին մէյ մէկ համազգեստ նուիրած են ի նշան երախտագիտութեան:

Լեւոն Յ. Գարամանուկեան


ԱՅՍՕՐ ՁԵԶ ՀԱՏ ՄԸ ԱՒԵԼՑԱԾ ԿԸ ԳՏՆԵՄ …

Ալեքսան Խոճա սովորութիւն ունէր կէսօրները վարի ճաշարանը իջնելու:
Օր մը, ճիշդ կէսօրին, քանի մը էշով փայտ եկած էր Գոլէճ: Էշերէն մէկը նորածին քուռակ մը ունէր: Ֆրեշմէնի չարաճճի տղաներէն մէկը քուռակը շալկած կը տանի Խոճային սենեակը երբ ան ճաշարանը կը գտնուէր տակաւին: Կէսօրուան զբօսանքէն ետք մեր կարգը դաս ունէր Ալեքսան Խոճայի քով: Ստուարաթիւ դասարան մըն էինք, մօտ 25 հոգի, եւ մեծաւ մասամբ այնթապցի.- Լութֆի Պապիկեան, Եիւսիֆ Պարսումեան, Նէճիպ Ճէպէճեան, Ներսէս Իշխանեան, Լութֆի Հալէպլեան եւայլն, եւայլն, կային նաեւ մի քանի ատանացի, մարաշցի, հաճընցի աշակերտներ: Երբ ներս մտանք՝ ո՛չ ոք փորձ ըրաւ քուռակը դուրս հանելու: Մեզմէ ետքը Խոճան ներս մտաւ եւ երբ գրաւեց իր տեղը:
-Օ՜, զարմանալի՜, այսօր ձեզ հատ մը աւելցած կը գտնեմ, ըսաւ: Խոճան ամէնքս էշ կ՛ընէր … :
Ու տղոց քահ-քահին մէջ երկու հոգի շալկեցին եւ դուրս տարին մեր «նոր ընկերը», յանձնելու համար իր մօր որ զայն կը փնտռէր:

ԵԿԷ՛Ք, ՏԱՐԷ՛Ք ԱՅՍ ՇՈՒՆԸ

Տոքթ. Աւետիս Նագգաշեան պատանի օրէն եղած է կատակասէր ու պատրաստաբան: Գոլէճի ուսանողութեան շրջանին քանի մը ընկեր օր մը կ՛որոշեն խաղ խաղալ Ալեքսան Խոճայի հետ: Զէյթճեան Ներսօն, որ յետոյ իր փեսան եղաւ, պարկի մը մէջ կը խօթեն եւ պարկին բերանը կապած՝ կը ձգեն այն ճամբուն վրայ ուրկէ քիչ յետոյ պիտի անցնէր փրոֆ. Պէզճեան: Ներսօ լուր չունէր թէ որո՞ւն համար կը պատրաստուի խաղը: Խոճան երբ կու գայ կը տեսնէ որ ճամբուն վրայ շարժտկող պարկ մը կայ. Պասթօնովը կը հրէ պարկը եւ թեթեւօրէն կը զարնէ. Յանկարծ հայհոյալից պոռչտուք մը կը բարձրանայ պարկէն.
-Տղա՛ք, բացէ՛ք չուալը, կը խեղդուիմ կոր … :
Ալեքսան Խոճա, անտեղեակ խաղցուած խաղէն, կը ծռի եւ կը քակէ պարկին բերանը: Ներսը սահմռկած եւ ամօթէն կասկարմիր կտրած փրոֆեսէօրէն ներողութիւն կը խնդրէ: Խոճան որ լսած էր պահուըտած տղոց քրքիչը՝ ձայն կու տայ ու կ՛ըսէ.
-Եկէ՛ք, տարէ՛ք ձեր այս շուն ընկերը եւ անգամ մըն ալ զինք պարկի մէջ մի՛ դնէք:
Նազար Կ. Նազարեան
Նորթհ-Հալիվուտ, Գալիֆ.

ՇՆՈՐՀՕՔ ԱՐՄԵՆԱԿԻ ԿԱՏԱԿՆԵՐԷՆ

Քէահկէճի Արմենակ Շնորհօքեան, Շնորհօք Ըսէփ Էմմիի տղաներէն, զուարթախօս, պատրաստաբան եւ կատակասէր մարդ էր. Էպլահան շուկայի վարդերէն մէկը, բայց փշոտ… : Ստորեւ երկու նմոյշ իր կատակներէն:

Ա.
ԿԱՐԻՃ ԿԱՐԾԵՐ ԵՄ …

Գիւղացիին մէկը օր մը բեռ մը փայտ կը բերէ փուռ: Քառասունը անց միամիտ գիւղացի մըն է իշապանը. Ունի երկար սեւ պեխեր, ոլորուն ծայրերով:
Հազիւ փայտը պարպած.
-Ամա՜ն, ամա՜ն, կարի՛ճ մը կայ ուսիդ վրայ, կը բացագանչէ Արմենակ անակնկալ շփոթի մատնելով իշապանը որ կը սկսի օձիք – վերարկու թոթուել կարիճը վար ձգելու համար: Շնորհօք Արմենակ, որուն երեսը փոխան ժպիտի սարսափի մը այլայլանքը ունի.
-Կերեւի հագուստէդ ներս սահեցաւ անպիտանը, կ՛ըսէ ու մի առ մի հանել կու տայ խեղճ մարդուն հագուստը – վերարկուն, ապա էնթարին, ապա շապիկը: Գիւղացին երբ կը մնայ կիսամերկ, վարտիքով միայն.
-Վա՜յ, կ՛ըսէ Շնորհօք , անշուշտ ե՛ս սխալած եմ. Պեխիդ շուքը կարիճ կարծած պիտի ըլլամ … :


Բ.
ՎԵՐՄԱԿԻՆ ՏԱԿԸ ԹԷ ՎՐԱՆ

Տէր Կարապետ Քհնյ. Կիւզելեան Շնորհօք Արմենակի խանութիւն դրացի էր եւ Էպլահանը Եկեղեցւոյ թաղին կապող փողոցի ամենօրեայ անցորդներէն: Այնթապի 8 քահանաներուն մէջ մօրուքով ամենաներկայանալին էր, լայնատարած երկար մօրուք մը որ յատուկ վեհութիւն կու տար անոր դէմքին:
Օր մը Տէր Հօր ճամբան կտրելով.
-Տէ՛ր Պապա, կ՛ըսէ Շնորհօք Արմենակ, քեզի հարցում մը ունիմ բայց ճիշդ պիտի պատասխանես. գիշերները մօրուքդ վերմակին տա՞կը կը դնես թէ վրան … :
Տէր հայրը, ծանօթ՝ Շնորհօքեանի զուարթաբան բնաւորութեան, խնդուքով մը կը բաժնուի եւ տուն կ՛երթայ:
Այդ գիշեր քուն չի մտներ Տէր Պապային աչքերը. Մօրուքը մէյ մը վերմակին տակ կը խոթէ, մէյ մը վրան կը հանէ, մոռցած թէ միւս գիշերներուն ի՛նչպէս կը քնանար:
Յաջորդ առաւօտ, եկեղեցի երթալու ատեն, կը մտնէ Շնորհօքեանի խանութը.
-Մա՛սխարա, կ՛ըսէ, այս գիշեր զիս անքուն ձգեցիր. Ե՛ս ալ չգիտցայ թէ ինչպէս կը քնանայի մինչեւ այսօր, մօրուքս վերմակին տակը թէ վրան … :
®
Շնորհօքեան Յովհաննէս Էմմի Իսկենտէրունի բանուկ շուկային մէկ անկիւնը իր տոպրակը բացած՝ սկսած էր ապրանքը դասաւորելու, ատեն – ատեն ֆան-ֆան ձայնովը կանչելով .
-Դանակ ունիմ, մկրատ ունիմ, շամփուր ունիմ:
Քաղաքապետական պաշտօնեայ մը (չաւուշ) որ այդ կողմերը կը շրջագայէր , երբ կը լսէ այդ ոչ-անուշ կանչը, մօտենալով՝ -Այստեղ պասթա բանալ ու այսպէս կանչել-պոռալ արգիլուած է, կ՛ըսէ:
Յովհաննէս Էմմի՝ գլխուն վրայ տնկուած չաւուշը վերէն վար մէյ մը կը չափչփէ, Հալէպէ մինչեւ Իսկենտէրուն կտրած ճամբան ու հաց սպասող կէս-երկվեցեակ ճուտիկները միտք կը բերէ եւ ոստումով մը ոտքի ելած՝
Ուլա՛ն, սէն պանա սո՛ւ վէրէճէք ատամսըն, կ՛ըսէ:
Վիճաբանութիւն մը ծայր կու տայ:
-Ծօ՛, ե՞ս:
-Այո՛, դո՛ւն:
Եւ Չաւուշը մոյկի մէկ հարուածով տակն ու վրայ կ՛ընէ
Յովհաննէս Էմմիի պասթան, գոչելով.-
-Քեզ անգամ մըն ալ հոս չտեսնեմ. Հաւաքէ՛ դանակներդ, մկրատներդ, շամփուրներդ եւ Հալէպի ճամբան բռնէ՛ … : Յովհաննէս Էմմի տոպրակը շալկած, քրթմնջելով պանդոկ կը դառնայ: Այդ անօրէնին պէտք է դաս մը տալ, բայց ի՛նչպէս … : Յաջորդ օր Գուրպան պայրամը էր. իմացած էր որ տեղւոյն մեծամեծները , հայ թէ թուրք , շնորհաւորութեան այցի կ՛երթան կառավարական յայտնի դէմքերու: Եմէնիին ականջը քաշած՝ շունչը կ՛առնէ Արամ Էֆէնտի Խաչատուրեանի տունը եւ իր պատկարելից ոճով եղելութիւնը կը պատմէ: Արամ էֆէնտի, կատակը սիրող մարդ, Շնորհօքեանի հետ գլուխ-գլխի տուած կը պատրաստեն վրէժի բրոժէն:
Պայրամի առաւօտը, հագուստ-կօշիկ-ֆէս նորոգած, հայ մեծամեծներու խումբին մաս կազմելով Յովհաննէս էմմի այցի կ՛երթայ քաղաքապետարան: Արամ էֆէնտի մի առ մի կը ներկայացնէ իր ընկերները պր. Քաղաքապետին. Կարգը եկած է Յովհաննէս էմմիի.-
-Պէյ էֆէնտի, Այնթապի երեւելիներէն Յովհաննէս էֆէնտի Շնորհօքեան … :
Կը յաջորդեն յարգանքի եւ ակնածանքի արտայայտութիւններ.
-Թէշրիֆ պույուրտունուզ, էֆէնտի՛մ:
-Միւշէրրէֆ օլտուգ, պէյ էֆէնտի:
Խօսակցութիւնը կ՛ընրմիջուի, երբ այցելուները կը հիւրասիրուին սուրճով. Սրճաբաշխը ուրիշ մէկը չէ եթէ ոչ Յովհաննէս էմմին պատուհասող չաւուշը: Շնորհօքեանի աչքերը ֆըլտըր-ֆըլտըր կ՛ընեն. Հասած է վրէժի ժամը. Կը ծռի, Արամ էֆէնտիի ականջին բաներ մը կը փսփսայ: Քաղաքապետը, հետաքրքիր, կը հարցնէ.
-Էֆէնտին արդեօք բա|ն մը կը փափաքի:
Արամ էֆէնտի կը պատասխանէ թէ Շնորհօքեան սովորութիւն ունի սուրճը ջուրով առնելու:
Զանգի հնչիւն մը՝ եւ չաւուշը կը մտնէ ներս:
-Յովհաննէս էֆէնտիին բաժակ մը ջուր բեր. Կը հրահանգէ քաղաքապետը:
Չաւուշը փայլուն ափսէով արծաթ բաժակով երբ ջուր կը մատուցանէ՝ Յովհաննէս էմմի, բաժակը ձեռքը եւ շեշտակի նայելով չաւուշի աչքերուն.
-Ուլան, պէն սանա տէ|մէտիմ մի սէն պանա սո՛ւ վէրէճէք ատամ սըն … :
(Ծօ՛, ես քեզի չըսի| թէ դուն ինծի ջուր մատուցանելիք մարդ ես): Հայ աղաները որ տեղեակ էին պատմութեան, խնդալէ կը մարին. Քաղաքապետը կը մնայ ապշահար ու կ՛ըսէ.
-Եա՛ հու, խնդալիք բան մը եթէ կայ ըսէ՛ք որ ես ալ խնդամ:
Արամ էֆէնտի իր կատակաբան ոճով երբ կը պատմէ խնդիրը, քաղաքապետը խնդալով ներս կը կանչէ չաւուշը եւ կ՛ազդարարէ.
-Այս էֆէնտին ազատ է ուզած տեղը պասթա բանալու, իմացա՞ր … :
Ասատուր Գազանճեան
Հալէպ


ՏԷՐ ԳԷՈՐԳ ՊԱՊԱՅԻ «ՔԱՋԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ»ՆԵՐԷՆ

1895-ի Նոյեմբերին, Այնթապի կոտորածէն քանի մը օր վերջ, տեղւոյն կառավարիչէն հրահանգ կու գայ Առաջնորդարան որպէսզի հայ առաքելական եւ հայ բողոքական համայնքներու կրօնապետերը ներկայանան կառավարչատուն:
Խորհրդակցական խառն ժողով մը կը կանչուի անմիջապէս եւ որոշում կ՛անցուի որ երկու ծերունիներ, հայ առաքելականներու կողմէ՝ Աւագերէց Տէր Գէորգ Ապաճեան եւ բողոքականներու կողմէ Վեր. Գարա Գրիգոր Յարութիւնեան ներկայանան կառավարչին: Կառավարիչը յարգալիր ընդունելութիւն մը կ՛ընէ եւ պատահած ցաւալի դէպքերուն համար ներողութիւն խնդրելով կ՛աւելցնէ. «Սուլթանին հրամանով խանութները անմիջապէս պէտք է վերաբացուին եւ ամէն մարդ իր գործին երթայ, քանի որ խաղաղութիւնը վերահաստատուած է»:
Երկու ծերունիները ուրախ տրամադրութեամբ դուրս կու գան կառավարչատունէն, բայց հազիւ Սուպուրճը հասած՝ կը շրջապատուին խումբ մը լակոտներէ, որոնք ծաղրական բացագանչութիւններով կը սկսին քարեր արձակել:
Վեր. Գարա Գրիգոր անուշ բառերով եւ աւետարանական խրատներով կը ջանայ հեռացնել չարագործները, բայց ի զուր: Տէր Գէորգ Պապա, համբերութիւնը հատած, կ՛ըսէ Պատուելիին.
-Պատուելի, դուն սա փակեղս բռնէ վայրկեան մը:
Եւ ճիւպպէյին փէշը հաւաքած, գետին կը ծռի, քանի մը քար կը վերցնէ, ու .
-Հիմա ձեր հօրը … կը գոչէ ու քանի մը քար կ՛արձակէ:
Վայրկեանի մը մէջ կը պարպուի հրապարակը:
Երբ եկեղեցի կը հասնին Վերապատուելին կ՛ըսէ Տէր Գէորգին.
-Տէ՛ր Պապա, մենք եկեղեցիի պաշտօնեաներ ենք, կը վայելէ|ր այդ լեզուագարութիւնը:
-Պատուելի՛, կը պատասխանէ Աւագերէց Տէր Պապան, դուն Ս. Գրքի լեզուով խօսեցար եւ տեսար թէ ի՛նչ ընդունելութիւն գտանք.
Այդ անիծեալներուն պէտք էր խօսիլ իրենց հասկցած լեզուով, իթինքի տէյնէկ … :

ՄԱՐԿՈՍ ԽԱԼՖԷԻ ՀԱՄԲԱՌՆԱԼԸ

Այնթապի Մարկոս Խալֆէն իր ժամանակի ուսումնական վարժապետներէն մէկն էր եւ քանի մը սերունդի Քերական, Սաղմոս, ժամագիրք, ՆԱրեկ, երգեցողութիւն ու գրել-կարդալ սորվեցուցած տիրացու:
Ան եկեղեցասէր, բարեպաշտ եւ աղօթասէր մարդ էր եւ միակ բաղձանքն էր երկինք բարձրանալ Ենովքի ու Եղիայի պէս: Առանձնութեան մէջ այդ էր իր սովորական աղօթքը: Մարկոս խալֆէի այս ցանկութեան տեղեակ եղող մի քանի նախկին աշակերտներ օր մը կ՛ուզեն ծերունիին տալ վերանալու հաճոյքը: Տունէն բացակայ եղած մէկ պահուն բուխերիկէն վար կ՛իջեցնեն չուան մը եւ ծայրը զամբիւղ մը կապած՝ կը քաշեն վեր ու կ՛ամրացնեն:
Իրիկունը երբ Մարկոս Խալֆէ տուն կու գայ եւ կը սկսի իր ամէնօրեայ աղօթք ու աղաչանքին. «Ո՛վ Աստուած, ա՛լ ծերացայ՛ օրերս համրուած են. կ՛աղաչեմ, զիս Ենովք եւ Եղիա մարգարէներու պէս երկինք առ»: Բուխերիկէն ձայն մը կը պատասխանէ. «Ո՛վ Մարկոս Խալֆէ, օ՛րհնած, խնդրանքդ լսելի եղաւ, ահա բուխերիկէն զամբիւղ մը կ՛իջնէ վար, նստի՛ր անոր մէջ եւ երկինք պիտի բաձրանաս»:
Մարկոս Խալֆէ, մանկական միամտութեամբ կը հրճուի եւ օրհնութիւնով,«Տէ՛ր, արժանի չեմ, արժանի չեմ» կը թօթովէ եւ կը նստի զամբիւղին մէջ ու կը սկսի վերանալ: Բուխերիկին լայն մասէն կը բարձրանայ հեշտիւ, բայց երբ կը մօտենայ նեղ մասին՝ «Տէ՛ր, աւելի չեմ կրնար ելլել, զի ծակը նեղ է, ծակը նեղ է» կը կանչէ:
Տանիքէն բարձրացող քահքահներ երեւան կը հանեն թէ խաղի էր եկած:
Կատակը սարքողները զամբիւղը վար կախելով խմբովին կը մտնեն Մարկոս Խալֆէի սենեակը որ խաթրը առնեն եւ ներողութիւն խնդրեն:
-Մարկոս Խալֆէ, հարցնելը ամօթ չըլլայ, արքայութեան մէջ ի՞նչ տեսար, կ՛ըսէ անոնցմէ մին.
-Ձեզ, խայտարակներդ տեսայ, կը պատասխանէ Մարկոս Խալֆէն յայտնի սրտնեղութեամբ մը:

ՕՇՆԵԱԼ ԱՍՏՈՒԱԾ

Այնթապի մէջ ատենօք անուն հանած է Թորոս Օղլու անուն կծծի մարդ մը, որուն տունը երբ մէկը ճաշի մնար անօթի կը մեկնէր, քանի որ հազիւ քանի մը պատառ առած՝ ինք կը դադրէր ուտելէ, եւ խաչակնքելով ու ձեռքերը շփելով Օշնեա~լ Աստուած կշտացանք մը կը կոխէր, որուն ի լուր հիւրը ամօթահար կէս կը ձգէր իր ճաշը:
Վարպետորդի մը լսելով Թորոս Օղլուի այս սովորութիւնը, կ՛որոշէ դաս մը տալ անոր: Օրին մէկը ուշ ատեն այցելութեան կու գայ: Թորոս Օղլու, թէեւ անքաղաքավար, բայց այցելու մը վռնտելու չափ անկիրթ չէր անշուշտ եւ ինքնակոչ այդ հիւրը վար կը դնէ ճաշի: Հինգ վայրկեան չանցած, ըստ սովորականի կը խաչակնքէ եւ կ՛արտասանէ իր յագեցումի աղօթքը:
— Օշնեա՜լ Աստուած կշտացանք … :
Երբ կը տեսնէ որ մարդը տեղէն շարժած չունի Թորոս Օղլու կը կրկնէ իր աղօթքը, ապա կ՛երեքնէ:
-Թորո՛ս Էմմի, ուզես ամբողջ պատարագն ալ ըրէ, չկշտացած պիտի չելլեմ սեղանէդ, կ՛ըսէ մարդը՝ շարունակելով իր ճաշը:

«ԿՆԻԿ ՄԸ Կ՛ՈՒԶԵՄ»

Կիլիկիոյ կոտորածէն յետոյ շատ մը հայեր օրինաւոր կամ ապօրէն ճամբաներով Թուրքիա կոչուած դժոխքէն խոյս տուին եւ գացին Միացեալ Նահանգներ: Ընդհանրապէս երիտասարդներ էին գացողները եւ շատ քիչեր տեղեակ էին անգլերէն լեզուի: Այդ տգիտութիւնը ի՛նչ զուարթաբանութիւններ առաջ բերած է Էլիս Այլենտի մուտքի քննութիւններուն առիթով … :
Նման պարագայ մը ունեցած է աշակերտներէս մէկը Պր. Նազար Սթամպուլեան օր 1911-ին Ամերիկա մեկնած էր Յակոբ եղբօրը մօտ:
Պր. Յակոբ օր մը դանակի պէտք կ՛ունենայ եւ տոլար մը տալով եղբօրը՝ կը ղրկէ զայն որ մօտակայ խանութէ մը հատ մը գնէ ու բերէ, չմոռնալով սորւվեցնել ըսելիքը. I want a knife (դանակ մը կ՛ուզեմ): Նազար՝ եղբօրը ըսած անգլերէն բառերը մտովի կրկնելով կ՛ելլէ ճամբայ: Ծանօթի մը կը հանդիպի, քանի մը վայրկեան խօսքի կը բռնուին եւ երբ խանութ կը հասնի մէկ գիրի տեղափոխութեամբ նայֆ բառը վայֆ եղած՝ կ՛ըսէ վաճառորդ օրիորդին.
-I want a wife ( կնիկ մը կ՛ուզեմ):
Օրիորդը կը կարմրի եւ շփոթահար ձայն կու տայ ընկերուհիին: Նազար կարծելով որ ան է դանակ վաճառողը, միամտօրէն կը կրկնէ խնդրանքը . Այ ուօնթ է վայֆ:
Աղջիկներուն միասնաբար արձակած խնդուքը միայն կը զգացնէ Նազարը թէ սխալանքի մէջ է եւ ցուցադարակէն դանակը ցոյց տալով .
-I want this (ասիկա կ՛ուզեմ) կ՛ըսէ ու դանակը գնած տուն կը դառնայ, պատմելով եղբօրը ինչ որ պատահած էր:
Երբ եղբօրը լուսաբանութիւնը կը լսէ, Նազար ինք ալ կը խնդայ անպատշաճ կաֆին վրայ, զոր ըրած էր տգիտաբար:

Յ.Ս.Նաշալեան

ՍԱՆԴՈՒԽԸ ՈՐ ԿԸ ԽՕՍԻ
ԳՈՂ, ՍԻՐՏԸ ԴՈՂ

Պաթթալ Պէյի գայմագամութեան օրերուն, կը պատմէին մեր մեծերը, իշխանաւորի մը տունը գող կը մտնէ եւ կարգ մը արժէքաւոր իրեր կը տանի: Քննութիւնը ցոյց կու տայ որ գողը շարժական սանդուխ մը գործածած է իր արարքը ի գլուխ հանելու համար . ուրիշ ո՛չ մէկ հետք մատնող՝ թէ ո՛վ էր գողը եւ ուրկէ՛ մտած էր ներս:
Պաթթալ Պէյ իշխանաւորին առջեւ նուաստ չմնալու եւ իր պատիւը փրկելու նախանձախնդրութեամբ անձնապէս ձեռք կ՛առնէ խնդրին քննութիւնը եւ մունետիկներու միջոցաւ որոշուած հրապարակ մը կը կանչէ քաղաքին բոլոր այր մարդիկը ցոյց տալու անոնց թէ՝ ի՛նչպէս սանդուխը վկայութիւն պիտի տայ գողին ինքնութիւնը որոշելու համար:
Գողը, հետաքրքիր, ինք ալ կը խառնուի դէպի հրապարակ խուժող խուռներամ բազմութեան:
Որոշեալ ժամուն Պաթթալ Պէյ կը բարձրանայ բեմ եւ ոստիկաններուն կը հրամայէ որ դուրս բերէն սանդուխը:
Ապա, խօսքը սանդուխին ուղղելով:
-Ըսէ՛, հիմա, թէ ո՞վ էր քեզ գործածող չարագործը:
Լուռ է սանդուխը:
Քանի մը վայրկեան յետոյ երկրորդ ազդարարութիւն մը.
-Եթէ չպատասխանես հրապարակային պատիժի պիտի ենթարկուիս. Ըսէ՛ ուրեմն, ո|վ էր այն չարագործը որ քեզ շալկեց եւ իշխանին տունը տարաւ:
Դարձեալ լուռ է սանդուխը: Եւ ահա Պէյին հրամանով կը սկսին գաւազանի հարուածները, պատժելու համար սանդուխը որ գիտէր զինք գործածող չարագործը բայց կը մնար լուռ: Դահճապետը որ ատեն-ատեն կը մօտենար սանդուխին կարծես անկէ խոստովանութիւն մը կորզելու համար, յիսուներորդ հարուածին յանկարծ կը հրամայէ.
-Կեցէ՛ք, կեցէ՛ք, սանդուխը խոստովանեցաւ, «Ան որ զիս շալկեց տակաւին իր ուսերուն վրայ կը կրէ իմ փոշիներս» ըսաւ: Պաթթալ Պէյ որ ուշի-ուշով կը դիտէր ներկայ բազմութիւնը յանկարծ ակնարկը ուղղեց մէկու մը որ գլուխը դէն առած ուսը կը քննէր: Գողը գտնուած էր. Անակնկալ այդ շարժումովը մատնած էր ինքզինք:
Տրուած հրամանի մը վրայ պահակները ձերբակալեցին զայն եւ առաջնորդեցին բանտ, քանի մը օր յետոյ կախաղանի վրայ քաւելու համար իր ապօրէն արարքին պատիժը:

«ԱԼԱՖՐԱՆԿԱ» ԺԱՄԱՑՈՅՑ

Մինչեւ Օսմանեան Սահմանադրութիւն (1908) Թուրքիա կը կիրարկէր արեւելեան ժամի դրութիւնը, որ ծանօթ է ալաթուրքա անունով, ըստ որում ժամը 12-ը ո՛չ թէ կէսօր է, այլ արեւամուտ: Այս դրութիւնը ունէր իր բարդութիւնները: Կէսօրուան ժամը անորոշ էր, կը տարուբերէր 4:30-էն մինչեւ 6, ըստ եղնակի: Դպրոցական, վարչական, դատաստանական աշխատանքներ կը կրէին նոյն շփոթն ու խառնակութիւնը:
1908-ին, Մէճլիսի Մէպուսանի (Օսմ. Երեսփոխանական Ժողով) անցուցած մէկ որոշման վրայ արեւմտեան կամ ալաֆրանկա ժամը մուտք գործեց պետական պաշտօնատուներու մէջ: Օրուան Այնթապի Գայմագամը երբ կը ստանայ այդ հրամանագիրը, վախնալով որ հրապարակի վրայ գտնուող ալաֆրանկա ժամացոյցները կրնան մէկ օրէն միւսը սպառիլ, լուր կը ղրկէ իր բարեկամներէն Կարուճ էֆէնտի Գարամանուկեանին որպէսզի լաւագոյն ալաֆրանկա ժամացոյցներէն հատ մը վերապահէ իրեն համար: Խե՜ղճը, կարծած էր թէ ալաթուրքա աշխատող իր ժամացոյցը որպէս «անպէտ» իր՝ դատապարտուած էր թափուելու: Յաջորդ օր Գայմագամը կը ներկայանայ Կարուճ էֆէնտիի վաճառատունը, ուրախ եւ հպարտ՝ որ պիտի ըլլայ առաջիներէն՝ ալաֆրանկա ժամացոյց ունեցող: Կարուճ էֆէնտի, իր լրջութեան մէջ աւելի շեշտուած, կը խնդրէ գայմագամ պէյէն որ հաճի իրեն տալ ալաթուրքա ժամացոյցը: Զուիցերական լաւագոյն վաճառանիշով ժամացոյց մըն էր «Պէյ»ին ունեցածը: Կարուճ էֆէնտի կ՛առնէ զայն, մատներու թեթեւ հպումով մը սլաքները կը տեղափոխէ եւ ժամացոյցը իր «մեծապատիւ» այցելուին երկարելով՝
-Հրամեցէ՛ք, Տէ՛ր իմ, ձեր ժամացոյցը արդէն ալաֆրանկա եղաւ, հարկ չկայ ուրիշ մը գնելու, կ՛ըսէ:
Բռնազբօսիկ ժպիտը Գայմագամ «պէյ»ին՝ հազիւ կը ծածկէ կարմրութիւնը իր ապշահար դէմքին:
Տեղին չէ՞ ըսել.
-Վա՛յ քեզ, երկի՛ր, որ ունէիր այսպիսի բանիմաց Գայմագամներ … :
Յ.Տէր Մելքոնեան
Պէյրութ


ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ ՓՐՈՖ. Ա. ՊԷԶՃԵԱՆԻ ՍՐԱՄՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

Մուտքի քննութիւն անցընելու ներկայացող աշակերտի մը՝ թուաբանութիւնը քննելու ատեն.
-Տղա՛ս, մեթրական դրութեան հասա՞ծ էիք:
-Այո, խոճա:
-Ըսէ՛, ուրեմն թէ ի՛նչ են տեսիմեթր, տեքամեթր եւ միլիմեթր:
Տղան երբ կը սկսի ափեղցփեղ պատասխան տալու, փրոֆեսէօրը՝ հարցումը փոխելով.
-Ըսէ՛ ինծի թէ քու հասակդ քիլոմեթրին քանի՞երորդ մասը կու գայ:
-Կէս քիլոմեթրի չափ կու գամ, կ՛ըսէ տղան ինքնավստահ շեշտով մը:
-Օ՜, տղա՛ս, կը յարէ խոճան, մենք, սովորական մարդիկս եթէ մեր ամբողջ կեանքն ալ տանք պիտի չկրնանք քեզի հաւասարիլ, ալ ինչո՞ւ եկած ես հոս … :
®
Բնագիտութեան դասի մէջ, տղու մը.
-Կրնա՞ս մեզի բացատրել պաղպաղակի սառելուն պատճառը կամ օրէնքը:
-Երկու տարբեր սեռի նիւթեր երբ իրարու քով գան կը սառին, կ՛ըսէ տղան:
-Ուրեմն, եթէ Աղջկանց Գոլէճէն դասարանի մը աղջիկները բերենք եւ իւրաքանչիւրիդ քով մէկ հատ դնենք, քանի որ տարբեր սեռի կը պատկանիք բոլորդ ալ պիտի սառի՞ք, կ՛ըսէ խոճան ժպիտով մը, խնդուքի մատնելով ամբողջ դասարանը:

ԱԼԵՔՍԱՆ ԽՈՃԱՅԻ ՇԱՐԱԴՐԱԿԱՆ ԴԱՍԻ ՄԷՋ

Աշակերտներ երբ շարադրութիւն կարդային կամ արտասանութիւն ընէին առանց վերնագիրը յիշելու՝ խոճան կը նեղսրտէր եւ ընթերցումն ու արտասանութիւնը ընդմիջելով կը պահանջէր որ նախ նիւթը յայտարարեն:
Օրին մէկը, հանած-վարած տղայ մը շարադրութիւն կը գրէ Շատ մի՛ խօսիր վերնագրով, բայց երբ կարդալու կը սկսի նիւթը չի յայտարարեր:
Ալեքսան Խոճա, ըստ սովորութեան կ՛ընդմիջէ ընթերցումը եւ կը հարցնէ թէ նիւթը ի՛նչ է:
Տղան, անտարբեր, հրամայական շեշտը պահելով եւ խոճայի երեսը նայելով՝
-Շատ մի՛ խօսիր, կ՛ըսէ , ու կը շարունակէ ընթերցումը:
Փրոֆեսէօրը, ի տես տղուն դերասանական ձեւերուն կը յարէ ժպտագին.
-Լա՛ւ, ուրեմն, նիւթիտ հաւատարի՛մ եղիր եւ կա՛րճ կապէ՛ … :

Պատմող՝ Ս. Լալէեան

«ՎԵՐՋԻՆ ՎԱԿՈՆԻՆ ՄԷՋ ՆԵՏԷ»

Դէպքը պատահած է Հալէպի մէջ, 1922-1923 թուականներուն երբ Հայկական հիւղաւաններու քաղաք մըն էր տակաւին: Րամատանիէ, Ճապրիէ, Սիւլէյմանիէ, Ահէտ Պազար, Ագապա, ամէն կողմ տախտակաշէն հիւղակներ՝ թիթեղներով ծածկուած: Ոմանք աւուր հացի համար սկսած սրճարաններու մէջ մաշեցնելով իրենց ժամանակը եւ ծխելու ու խմելու մէջ մխիթարանք փնտռելով: Սովորական երեւոյթ էր տեսնել գինովներ որ օրը իրիկուն ըրած տուն կը դառնային պատեր շտկելով եւ երգ կանչելով … :
Շրջուն ոստիկաններ գիշեր մը ձեռք կ՛անցընեն լոլիկ դարձած 5 խմաններ – Այնթապցի հինգն ալ, եւ զանոնք կ՛առաջնորդեն Պապ Էլ Ֆարաճի ոստիկանատունը որ հոն գիշերէն եւ առաւօտուն իրենց զգաստացուցիչ դասը առնեն:
Գիտակցութիւննին կորսնցուցած՝ հինգ խմանները պաղ քարին եւ մաշած խսիրներու վրայ գիշերը կ՛անցընեն մշիկ-մշիկ քնանալով: Պահակ ոստիկանը, իր կարգին, աթոռին վրայ բազմած՝ կը մրափէ ելքի դրան առջեւ:
Լուսադէմին, արեւածագի էզանին հետ երբ կը սթափին գինովները, վերահասու կ՛ըլլան թէ «բանը ինչումն է»: Խորհրդակցական կարճ ժողով մը կը գումարեն . խումբին ամէնէն հանած-վարածը կը նշանակեն խմբապետ եւ կ՛որոշեն խաղ մը լարել որ Գոմիսերը չեկած պրծին ոստիկանատունէ եւ ազատին անխուսափելի ծեծ ու խոշտանգումէ :
Ան որ «խմբապետ» նշանակուած էր, կ՛ըսէ ընկերներուն.
«Տղա՛ք, ի՛նչ որ հրամայեմ պիտի կատարէք, միշտ հետեւելով ինծի»: Ապա, կիսարթուն պահակին մօտենալով եւ սիկարէթ մը հրամցնելով.
-Բարեկա՛մ, կ՛ըսէ, դուն թրեն (շոգեկառք) տեսա՞ծ ես:
Պահակը, ո՞վ գիտէ ո՛ր անապատէն կամ մեկուսի գիւղէ մը եկած պարզամիտ մարդ, հարցումը լուրջի առնելով.
-Ո՛չ, կ՛ըսէ, թրեն ի՛նչ է չեմ գիտեր:
Խմբապետը, խօսքը ընկերներուն ուղղելով.
-Տղա՛ք, կ՛ըսէ, ես լոթոմոթիֆ պիտի ըլլամ դուք ալ մէկ մէկ վակոն: Ձեր ոտնամանները հանեցէ՛ք եւ ձեր անութին տակ առէք որ մեր գնացքին արգելք չըլլան, եւ իրարու ուսին կառչած շարուեցէ՛ք ետեւէս:
Հրամանները կը կատարուին եւ վայրաշարժի փա՜ֆ … փո՜ւֆին հետ թրենը կը սկսի շարժիլ: Մէկ, երկու, երեք, ինը անգամ շրջան կ՛ընեն ոստիկանատան մէջ, տասներորդին խոյանալով սենեակէն դուրս: Ոտնաման մը իրենց դարձդարձին մէջ գետին ինկած էր. Պահակը, ապուշ կտրած, կը պոռայ հեռացող խումբին ետեւէն.
-Բարեկամմնե՛ր, ձեզմէ մէկուն կօշիկը հոս մնաց.
«Վայրաշարժ» խմբապետը՝ անտարբերութեամբ մը.
-Արգա վակոնա ա՛թ (վերջին վակոնին մէջ նետէ՛) կը ձայնէ, թափ տալով իրենց վազքին որպէսզի օրը չլուսցած իրենց հետքը կորսնցնեն թաղերու զիկզակին մէջ:

ԷՇԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑԸ

Օր մը Ապազա երբ Իպն Էյուպի մզկիթին առջեւէն կ՛անցնէր, խօսքի կը բռնուի հայ իշապանի մը հետ, որուն քար բեռցած հինգ էշերը «համանուագ»ի կը սկսին լսելով մզկիթի աշտարակէն Ալլահու էքպէր ձայնող միւեզզինը: Քաղցրալուր պատճառ որ էշերը խմբական զռոցով կը ձայնակցէին իրեն: Մոլեկրօն խումբ մը իսլամներ այդ տգեղ երեւոյթէն գրգրուած, կը փութան քաղաքի կառավարիչին՝ Պաթթալ Պէյի մօտ, եւ գանգատ կը բառնան թէ՝ իշապանին եւ թէ՛ Ապազային հանդէպ, որ սրբապղծած էին իրենց աղօթքը եւ անարգած իսլամի կրօնքը: Իշապանն ու Ապազան յաջորդ առաւօտ կը կանչուին ատեան եւ կ՛ենթարկուին հարցաքննութեան:
-Մենք ո՞վ ենք որ համարձակինք նախատել ձեր սուրբ կրօնքը կամ պղծել ձեր աղօթքը, կ՛ըսէ Ապազա:
-Հապա ինչո՞ւ ձգեցիք որ էշերը խանգարեն միւեզզինին աղօթքը, հարց կու տայ կառավարիչը:
-Գայմագամ Պէյ, կը յարէ Ապազա, կ՛ընդունի՞ք թէ Աստուած Րապպ-իւլ-ալէմին (Հասարակաց Աստուած) է:
-Անշուշտ թէ, կը պատասխանէ Գայմագամը:
-Ապա ուրեմն, կ՛ըսէ Ապազա, պիտի ընդունիք թէ կենդանիներն ալ ունին իրենց լեզուն: Աստուած եթէ մարդուս ձայն ու խօսք տուած է որ երգով ու աղօթքով զինք փառաբանեն, մեղուին ալ բզզիւն տուած է, ձիուն՝ վրինջ, կովին՝ բառաչ, իսկ իշուն՝ զռինչ: Արդ, միթէ մե՞ղք է եթէ միւեզզինի մը «անուշիկ» ձայնէն հրապուրուած էշերը ձայնակից ըլլան իրեն … :
Պաթթալ Պէյ իր խիկարին այս սրամիտ պատասխանէն գոհացած, անպարտ կ՛արձակէ Ապազան եւ իշապանը, թելադրելով որ անգամ մըն ալ «նման յանցանքի» մէջ չգտնուին … :
Միհրան

Հոդվածը տրամադրեց  Մարի Պէշպուչաքլեան-Քահքէճեանը

Добавить комментарий