ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ՏԱՐԱԶ DIKRANAGERD COSTUME / TARAZ
ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ՏԱՐԱԶ
Պատմութիւնը մեզի կ’աւանդէ, որ հայոց թագաւոր Տիգրան Ա. կառուցած է Տիգրանակերտ քաղաքը, իր քրոջ՝ Տիգրանուհի իշխանուհիին համար: Տիգրանակերտը բերդաքաղաք մը եղած է Տիգրիս գետի եզերքը, բարձրաւանդակի մը վրայ: Թագաւորանիստ պալատը նշանաւոր եղած է իր հսկայ պարիսպներով եւ առեւտրական կարեւոր դիրքով: Տիգրանակերտի հայերը զբաղած են շերամաբուծութեամբ եւ արտադրած են ընտիր մետաքս: Քաղաքի կանայքը այդ մետաքսեայ կերպասներով գեղեցիկ հագուստներ պատրաստած են: Տիգրանակերտի կիները հագած են մետաքսէ զպուն (զգեստ) եւ թաւիշէ վերարկու, որ զարդարուած կ’ըլլար մուշտակներով: Գլուխը ծածկուած կ’ըլլար գլխարկով, որ յաճախ զարդարուած էր ոսկի դրամներով, մարգարիտներով եւ նոյնիսկ ադամանդներով: Տիգրանակերտի ընտանիքներու ունեցուածքին կարեւոր մէկ մասը կը ծախսուէր տան կնոջ հագուստին ու զարդարանքին վրայ: Քանի որ հայ տղամարդիկ կը վախնային թուրքերու կողմէ կողոպտուելէ, ընդհանրապէս աղքատիկ հագուստներ կը հագուէին, ուշադրութիւն չգըրաւելու համար: 1915-ի տեղահանութենէն ետք, թուրք կառավարութիւնը Տիգրանակերտը վերակոչած է Տիարպաքիր: Մեծահարուստ տիգրանակերտցի ընտանիքի կանացի տարազ:
DIKRANAGERD COSTUME
History tells us that King Dikran I built the city of Dikranagerd for his sister, Princess Dikranuhi. Dikranagerd was a fortress city on the shores of the Tigris River, built on a plateau. The royal palace was famous for its massive ramparts and being a commercial hub. The Armenians of Dikranagerd were expert silkworm-breeders and produced high-quality silk. The women of the city have used locally produced silk fabrics to make beautiful dresses. Costumes worn by Dikranagerd women included a long, straight dress and a velvet coat, which was adorned with furs. Their headgear consisted of a hat which was often adorned with gold coins, pearls, and even diamonds. An important portion of a family’s resources was spent on the wardrobe and finery of the woman of the house. Given the rampant threat of being robbed by Turks, the Armenian men of Dikranagerd usually wore extremely modest clothes, so as to avoid drawing attention. Following the deportations and Genocide of 1915, the Turkish government renamed Dikranagerd Diyarbakir.