ԶԷՆՔԻՆ ԱՂՕԹՔԸ
Ոլիմպոսի արգանդին մէջ դարբինն իր երկաթը կարմրցուց:
Վրէժին մէջ յարութիւն առած, աստուածներն երազեց:
Յուզեց, յուզեց մոխիրը, կայծեր վառ վառ ճարճատեցան, սալին առջեւ մուրճեր, դաշոյններ դիզուեցան:
Թակ թակ թակակոփ, դարբինը մուրճէն հրեղէն մազեր կայծակեց:
Հսկայ փքոցը հեւ ի հեւ շնչեց, արծարծեց խարոյկը դարբնոցին:
Քամին յորդառատ, հրեղէն փուրփուր մը ծփծփուն դէպ ի վեր հոսեցուց:
Դարբինը թակն իջեցուց, երգեց, երգեց, անոր խօսքերը կայծերուն հետ ցանուցիր եղան.
Հրեղէն ցոլքեր նման աստղերու արցունքներուն, մուրճին շուրջը փայլատակեցին:
— Մայրիկ – երգեց դարբինը – քեզ սին երկիւղով օտարներուն ծախեցինք:
Բաղդին դռները հաստաբեստ, մեր գերեզմանին փոսին մէջ թաղեցինք:
Դժոխքին հարիւր ծորակները բաց մնացին, կրակ ու արիւն յորդեցան ամէն կողմ:
Մեր գառնուկները մէկիկ մէկիկ թափթփեցան, մեր երկիրը սուգով լեցուեցաւ:
Մահն իր շրթունքը դրաւ մեր սափորին,
Խմեց, խմեց մեր հոգին, տաճարին խաչքարը իր գլխուն բարձ ըրաւ:
Մարտիրոսի պսակը մեր գլխուն վրայ ծաղկեցաւ:
Ծանրացաւ ցեղիս խաչը, մեր բաղդին անիւն անոր բեռին տակ խորտակեցաւ:
Մշակներ շարան շարան սալիս շուրջը շարուեցան,
Ցանքի տարի էր, դաշտն անոնց կը սպասէր:
Անոնք բահ ու գերանդի ուզեցին:
Ես անոնց իմ քարոզս կարդացի ու ըսի.
Հինգ դարեր ամբողջ մշակի գործիքներ դարբնեցինք,
Հայ հողին աշխատանքի խունկն անոյշ ծալծալ դէպ ի երկինք բարձրացաւ.
Օտար ձեռքեր քաղոցը մեր ձեռքէն խլեցին ժպտագին:
Հնձանին մէջ մեր ճմլած ողկոյզներն ուռճացուցին հեշտանքը դահիճներուն:
Հինգ դարեր ամբողջ բահը գործածեցինք,
Հողին ծոցէն ինչ որ դուրս հանեցինք,
Անով կերակրեցինք գազաններն որ փշրեցին հիմը մեր ցեղին:
Դահիճին շեմը լզեցինք, ան մեր դաշտերը գերեզմանի փոխեց:
Մշակի փառքը մեր բահերով փոսերուն մէջ թաղեցին:
Հինգ դարեր ամբողջ թշնամին ոսկի ուռկանը հիւսեց,
Գաղտնագողի մեր ետեւէն ինկաւ, ու մենք անոր դիւթիչ խօսքերով գինովցանք:
Անոր ծուղակն ինկանք, դանակն ալ ինկաւ մեր վզին:
Երգեցի այսպէս ես իմ աղօթքս, մշակները նիզակահար լռեցին:
Եռաց արիւնն անոնց երակներուն մէջ.
Հինգ դարերու ողբի ձայներն ըմբոստացան անոնց սրտին մէջ:
Յոյսի ճրագը դարձեալ անհունին մէջ, ադամանդ լուսով շողշողեցաւ,
Անցան օրեր, ես անպատում հմայքով
Թակ թակ կոփեցի սուրեր գերանդիներ հարիւրաւոր:
Սալին վրայ մուրճս կը բաբախէր,
Կրակարանին մէջ բոցը Գողթան հին գինիին նման կը փրփրար:
Ու ես տեսայ որ հայ ցեղին համբերութեան բաժակը կը փշրէր:
Հայաստանի մեծ խաչին տակ, ամէն մարդ փուշ պսակը ոտքին տակ կ՚առնէր:
Եւ այլեւս ամէն մշակ սուրը մէջքին կախած՝ արօրին մաճը դարձեալ ձեռքին կ՚առնէր:
Այգիներուն մէջ լռեցին հաչիւնները դահիճներուն:
Ցեղիս շունչով Հայաստանի հողն առոյգ առոյգ ծաղկեցաւ:
Մահը խածատեց շրթունքն երբ տեսաւ հայուն զէնքն յաղթական:
Խաչն որ հինգ դարեր մեր գերեզմանին վրայ հսկեց,
Ես զայն կոփեցի, գեղեցկացուցի, ազատ Հայաստանի վզէն կախեցի:
Հ. Սիմոն Երեմեան, 1921
ԶԷՆՔԻՆ ԱՂՕԹՔԸ Հ. Սիմոն Երեմեան